ԱՄՆ շարժման կ՚անցնի քրիստոնեայ հոգեւորականներու համար

ԱՄՆ-ի պետ նախարարութիւն շարժման անցաւ առեւանգուած հինգ հոգեւորականներու համար։ Նախարարութիւնը առեւանգուած հոգեւորականներու մասին տեղեկութիւն փոխանցողներուն խոստացաւ 5 միլիոն տոլարի պարգեւ։

«5 քրիստոնեայ վարդապետներ 6 տարիէ ի վեր ձերբակալուած են ՏԱԷՇ-ի կողմէ։ 9 Փետրուար 2013-ին յոյն ուղղափառ քահանայ Մահէր Մահֆուզ եւս հայ կաթողիկէ քահանայ Միշէլ Քայյալ Քաֆրունի վանք երթալու ճամբուն Հալէպէն 30 քմ. հեռաւորութեամբ հանրաշարժի կանգառէ մը առեւանգուեցան։ 22 Ապրիլ 2013-ին Սուրիոյ ուղղափառ արքեպիսկոպոս Եուհաննա եւ յոյն ուղղափառ արքեպիսկոպոս Փաւլուս Եազըճը եւ առեւանգուեցան զինեալ խմբակի մը կողմէ։ Խիստ հաւանական է, որ արքեպիսկոպոսները ձերբակալուած են ՏԱԷՇ-ի մօտ։ Հայր Փաոլօ Տալլ՛ Օկլիօ 29 Յուլիս 2013-ին ՏԱԷՇ-ի կողմէ ձերբակալուեցաւ Ռաքքայի մէջ։ Հայր Տալլ՛ Օկլիօ կը փորձէր առեւանգուած քրիստոնեայ հոգեւորականներու փրկութեան համար բանակցիլ ՏԱԷՇ-ի հետ։ Նախարարութիւնս կ՚ուզէ հոգեւորականներու ապահով կերպով փրկութիւնը հայթայթել։ Այս մասին տեղեկութիւն ունեցողներ պարտին կապ հաստատել ԱՄՆ դեսպանատուներու հետ» ըսուած է պետ նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ