Հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մէջ ուրոյն հատուած մը կը կազմէ Կիլիկեան թագաւորութիւնը, որու երեք դարերու ծաւալող փառահեղ անցեալը մինչեւ օրս կը շարունակէ հայկական հայրենաբաղձութեան կարեւոր խորհրդանշաններէն մէկը մնալ։ Կիլիկեան թագաւորութեան այս պանծալի պատմութիւնը առաջին անգամ նիւթ կը դառնայ խաղարկային ժապաւէնի մը, որ կոչուած է «Առիւծներու երկիր Կիլիկիա»։
Այս մասին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնով վերահասու կը դառնանք, թէ երեք հատուածներէ բաղկացող ֆիլմի առաջին փակ ներկայացումը տեղի ունեցած է Լիբանանի մէջ 17 Յուլիս թուականին։ Ֆիլմի գաղափարը յղացած է «Գոհար» սինֆոնիկ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր Խաչատուրեան ընտանիքը յատկապէս ալ հանրածանօթ բարերար Յարութ Խաչատուրեանը։ Այս մասին Յարութ Խաչատուրեան արտայայտուեցաւ ըսելով թէ՝ «Նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի սերունդներու մէջ վառ պահել երբեմնի հզօր եւ հպարտ թագաւորութեան ժառանգները ըլլալու գաղափարը։
Կիլիկիայի պատմութիւնը ներկայացնող ժապաւէնը մեծ արձագանգ կը գտնէ յատկապէս լիբանանահայերու ու աշխարհասփիւռ հայերու մօտ, քանի որ անոնց մեծամասնութիւնը իր արմատներով այստեղէն սեռած են։ Կիլիկիոյ դրօշները, որոնք բազմիցս ծածանած են Գոհարի համերգներու ժամանակ բազմահազար հանդիսատեսի կողմէ այժմ պիտի ծածանուեն էգրանէն այն կողմ՝ պատմական հերոսներու ձեռքերուն»։
Նշենք թէ ֆիլմը նկարահանուած է Հայաստանեան «Տոմինօ» արտադրական ընկերութեան կողմէ։ Ֆիլմ ակնարկներու ռեժիսոր Աշոտ Առաքելեանը բացատրութիւններ տուաւ կատարուած աշխատութեան մասին։ «Արտադրական ընթացքը, թէ ժամանակացոյցի եւ թէ ծաւալի տեսանկիւնով կը համապատասխանէ լիամեթրաժ ֆիլմ ստեղծելու գործընթացին։ Նպատակադրած ենք ստեղծել բարձր որակային չափանիշներու համապատասխանող կինօ ժապաւէն, յաւակնութիւն ունի իր խօսքը ըսել ժամանակակից պատմական համաշխարհային ֆիլմ արտադրութեան ասպարէզէն ներս։ Հայաստանը ճանաչելի կը դարձնէ իբրեւ այս ոլորտէ ներս զարգացման մեծ ներուժ ունեցող երկիր։ Բոլոր նկարահանումները կատարուած են Հայաստան ներառեալ բազմամարդ մարտի տեսարանները եւ յատկապէս ալ ծովամարտի նկարահանումները։ Այդ նկարահանումները կատարուած են Կիլիկիա նաւու վրայ» ըսաւ Աշոտ Առաքելեան։
Ֆիլմ ակնարկը յատուկ ուշադրութիւն սեւեռած է պատմական հաւաստիութիւնը պահպանելու առումով։ Սակայն միւս կողմէ թեմայի մատուցման գեղարուեստական յատկութիւնը ապահովելու նպատակով կան պատմական դրուակներ, որոնք նկարահանուած են ռեժիսորի իւրայատուկ ստեղծագործ մօտեցումով։ Դերասանական կազմը ընտրելու պահուն դիտումնաւոր կերպով նախընտրութիւն տրուած է փոխանակ յայտնի դերասաններու, արհեստավարժ եւ հեղինակային կերպարներով։ Նաեւ պարտինք նշել թէ ֆիլմի արտադրութեան ժամանակ ստեղծագործող խումբը օգտուած է արխիւային պատմական աղբիւրներէ։ Մեծ ջանք վատնուած է հանդիսատեսին փոխանցելու համար ժամանակահատուածի շունչը։ Ֆիլմի իւրայատուկ զգացականութիւն կու տայ յատուկ գրուած երաժշտութիւնը, որ կը կատարէ Գոհար սինֆոնիկ նուագախումբ եւ երգչախումբը։ Կիլիկիոյ պատմութեան ձօնուած ֆիլմը ինքնին կը բաղկանայ երեք հատուածներէ, որոնցմէ առաջինը կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ պատմութիւնը հիմնադրութեան օրերէն սկսելով մինչեւ Ռուբինեաններու տոհմի Լեւոն Մեծագործ թագաւորի գահակալութիւնը։ Երկրորդ ֆիլմը կ՚արտացոլէ ԺԳ. դարու իրադարձութիւնները, երբ Լեւոն թագաւորի դուստր Զապէլի, անոր խնամակալ Կոնստանդին Պայլի եւ Զապէլի ամուսին Հեթումեաններու հիմնադիր Հեթումի կերպարները տիրող պալատական բարքերը ու խարդաւանքները։
Երրորդ ֆիլմը կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումի շրջանը։ Այստեղ կը հետեւինք 1219-1375 թուականներու անցուդարձներուն, Լեւոն Գ. թագաւորի գահակալման տարիներուն, չորս կողմերէ կեղեքուող Կիլիկիոյ վերջին թագաւոր Լեւոն Ե. Լուսինեանի պատմութեան, որուն յուղարկաւորութեամբ կ՚աւարտի ֆիլմը։
Մօտ ապագային ֆիլմ ակնարկներու առաջին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։