Ասորիներ ու Սէյֆօ մէկ հատորի մէջ

ՍՈՒԼԹԱՆ ԷՅԼԵՄ ՔԵԼԵՇ

Քեմալ Եալչըն Թուրքիոյ մէջ ազգային խտրականութեան նիւթերը գրական ոճով ուսումնասիրող հեղինակ մըն է։ Ան առաջին անգամ «Պահեստի օժիտը» (Էմանեթ չէյիզ) անուն գիրքով անդրադարձաւ Եգէականի շրջակայքի յոյներու բնակչութեան փոխանակումի ծրագիրով մը իրենց հայրէնի երկրէն պարտադրաբար հեռանալու տխուր պատմութեան։ Ապա գրեց «Սիրտս քեզմով կը խայտայ» անուն յուշագրական վէպը, որ աւելի ետք թրքերէնի թարգմանուեցաւ Գարեգին Արք. Պէքճեանի կողմէ։

Քեմալ Եալչըն աւելի վերջ իր ուշադրութիւնը սեւեռեց Թուրքիաբնակ ասորիներու տառապանքներուն, որու հետեւանքով լոյս տեսաւ երեք անջատ գիրքեր։ Հանրածանօթ հրատարակիչ Օսման Քէօքէր այդ երեք գիրքերը մէկտեղեց հատորի մը մէջ «Ասորիները եւ Սէյֆօ» ընդհանուր խորագիրով։

Նոր հրատարակութիւնը 20 Յուլիս շաբաթ օր հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցած շնորհանդէսով մը ծանօթացուեցաւ ընթերցասէր զանգուածի մը մասնակցութեամբ։ Շնորհանդէսին ներկայ էր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան կուսակցութեան ասորի պատգամաւոր Թումա Չելիք։ Չելիք ելոյթ ունենալով յայտնեց թէ Թուրքիոյ պատմութիւնը հասկնալու համար պէտք է գիտնանք 1915-ի իմաստը։ «1915 թուականը Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրութեան խորհրդանիշն է» ըսաւ Թումա Չելիք։

992 էջերէ բաղկացող «Ասորիները եւ Սէյֆօ» հատորին մէջ կը պատմուի ցեղասպանութեան նախորդող շրջանը, ցեղասպանութեան կիրարկումը եւ ապա հանրապետութեան շրջանը միշտ ականատեսներու վկայութեամբ։ Եալչընի մէկ հատորին մէջ հաւաքուած այս գիրքերը նախապէս լոյս տեսած էին «Կենաց ու մահի միջեւ», «Վերածնունդ» եւ «Սիրտս Թուրապտինն է» անուններով։

Եալչըն պատմեց թէ ուսանողութեան տարիներուն դոյզն իսկ պատկերացում չունէր «հայ» բառի նշանակութեան մասին։ Միայն գիտէր թէ ան ժխտական իմաստ մը կը պարունակ։ Իսկ ասորիներու, նաստորեաններու, քաղդէացիներու եւ էզտիներու անունը անգամ չէր լսած։ 2000 թուականէն սկսեալ ան շրջած է Մարտին, Միտյաթ, Նուսայպին, Հազաք, Հասանքէյֆ եւ Պաթմանի շրջակայքը։ Ուսումնասիրած է ասորերէնով թուր նշանակող Սէյֆոյի եղելութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ