«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը յայտարարէ #Ararat Challenge շարժման մեկնարկը։ Այս նոր շարժում- հանգանակութիւնը նպատակ ունի օգնութեան ձեռք մեկնելու բոլոր անոնց, որոնք մարդասիրական աջակցութեամբ խիստ կարիք ունին ամբողջ աշխարհի վրայ։ Այս նոր շարժումը կ՚ընդլայնէ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ազդեցութիւնը ու հասանելիութիւնը, որու նախագիծերը ուղղուած են աղքատութեան կրճատման, առողջապահութեան բարելաւման եւ կարիքաւորներու կրթութիւնը ապահովելու։
Շարժման հիմքը Արարատ սարն է, որ կ՚ընդունուի իբրեւ փրկութեան եւ վերածնունդի համամարդկային խորհրդանիշ։ Ինչպէս անցեալին ցեղասպանութենէ փրկուած 100 հազար հայ որբեր հնարաւորութիւն ունեցան նոր կեանքի մը սկսելու, նոյնպէս այս նախաձեռնութիւնն ալ կը փորձէ երկրորդ հնարաւորութիւն տալ բոլոր անոնց, որոնք կ՚ապրին այդ աջակցութեան կարիքը։
«Արարատը այն լեռն է, որու վրայ ըստ առասպելի իջեւանեց Նոյան Տապանը եւ այս առասպելը կը խորհրդանշէ մարդկութեան ընձեռուած երկրորդ հնարաւորութեան մասին։ Ինչպէս գիտենք մէկ դար առաջ երկրորդ հնարաւորութիւն տրուեցաւ մեր նախնիներուն, որու միջոցաւ անոնք յաջողեցան փրկուիլ ցեղասպանութեան արհաւիրքէն։ Բազմաթիւ մարդիկ, որոնց կարգին նաեւ իմ պապը իրենց կեանքը պարտական են այլոց մեծահոգութեան։ 100 տարի անց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունին մենք հիմնեցինք «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ մրցանակը, որպէս երախտագիտութիւն անոնք փրկողներուն»։ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեանը այս խօսքերով եզրակացուց այս նոր աշխատանքի տեղի տուող միտքը, յաւելելով թէ իրենց յանձնարարութիւնն է երկրորդ հնարաւորութիւն տալ անոնց, որոնք այսօր ատոր կարիքը ունին։
2019-ի Յուլիսի 19-ին սկսաւ #Ararat Challenge շարժումը՝ համայն մարդկութիւնը հրաւիրելով միանալու այդ շարժման, նուիրաբերելու որեւէ գումար, թէկուզ ամիսը 1 ԱՄՆ տոլար, ապրելու նոր՝ երկրորդ հնարաւորութիւն տալով խոցելի եւ չքաւորութեան մէջ գտնուող մարդկանց։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանն ալ շեշտեց թէ, «Իւրաքանչիւր անձ արժանի է երկրորդ հնարաւորութեան եւ #Ararat Challenge կոչ է մարդկանց՝ օգնելու մեզ այդ հնարաւորութիւնը տալով ծայրայեղ կարիքի մէջ յայտնուածներուն ամբողջ աշխարհի երեսին։ Եթէ 100 տարի առաջ մենք էինք օգնութիւն խնդրողները, այժմ կարող ենք օգնութեան ձեռք մեկնել։ Այսօր մեզի բախդ վիճակուած է եկող սերունդներու համար աշխարհը աւելի ապահով վայր դարձնելու»։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը Վարդան Գրիգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի ձեռնարկումն է, որոնց արդէն միացած են 440 նոր աջակիցներ եւ գործընկերներ։