ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Կրաֆիքի մասնագէտ մըն է Արէն Սելվիօղլու, որ կարճ ժամանակ առաջ «Ինսթեկրամ»ի վրայ տեղադրեց «Արթ օֆ Նոճի» անուն նոր հաշիւ մը։ Այդ հաշուի մէջ Սելվիօղլու կը տեղադրէ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի ծիրէն ներս խորհրդանշական կարգ մը անուններ կամ Ղարաբաղի նշանաւոր «Տատիկ ու Պապիկ» արձանի տարբերակներ ու «Սիւփերմեն» կամ «Պեթմեն»ի նման կերպարներու գծագրութիւններ։ Այս բոլորի շուրջ զրուցեցինք երիտասարդ արուեստագէտի հետ։
Վարդան Էսդուգեան- Ինչպէ՞ս ծագեցաւ «Ինսթեկրամ»ի վրայ նման հաշիւ մը բանալու խորհուրդը։
Արէն Սելվիօղլու- Քանի մը տարի առաջ Յովհաննէս Թումանեանի, Կոմիտաս վարդապետի եւ Պարոյր Սեւակի դէմքերը նկարած էի։ Այդ ժամանակ չէի յաջողած անոնք «Ինսթեկրամ»ի վրայ տեղադրել։ Բաւական ժամանակ կը պահանջէր։ Հազիւ մէջը մտնելով հասկցայ թէ այնքան ալ դիւրին բան մը չէ «Ինսթեկրամ»ի վրայ գործ տեսնել։ Ամառնամուտին ուրիշ ծրագիրներ ունենալով հրաժարեցայ իմ աշխատանքէն եւ առիթը գտայ այս նիւթով աւելի շատ զբաղուելու։
Վ.Է.- Ինչպէ՞ս կը նկարաքրես «Արթ օֆ Նոճի»ն։ Ան հայ մշակոյթի յատուկ կերպարները կամ անուանի հայ դէմքերու գծագրութիւնները տեղադրելու համար պատրաստուած «Ինսթեկրամ»ի հաշի՞ւ մըն է։
Ա.Ս.- Իրականութեան մէջ չեմ սահմանափակած ֆիկիւրներ եւ անձեր ըլլալով։ Բուն նպատակս է այս արդի ժամանակներուն հայերէն արտադրութիւն ընել։ Մինչեւ որ ձեռնարկեցի տեղեակ չէի թէ ինծի նման բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կան։ Ապա տեսայ թէ Պէյրութէն Լոս Անճէլըս, Հայաստան կամ Իսթանպուլ նման բնոյթով ահագին աշխատութիւն կայ։ Անշուշտ այդպէս ըլլալով հանդերձ, երբ բաղդատենք աշխարհի չափանիշով կը տեսնենք որ այդքան ալ շատ չեն։ Իսկ ես որոշած էի յատկապէս արեւմտահայերէնով բաներ կը արտադրել։ Օրինակի համար գրառում մը ունէի «Բարի Ամառներ» ըսելով։ Անգլերէնի ասացուածքը հայացուցի «Փառք Աստուծոյ այսօր կիրակի է»։ Համացանցի վրայ յաճախ կը հանդիպէի առանց մտածելու ստեղծուած արտադրութիւններու։ Նոյնը հայերէնով ինչպէս կրնամ ընել խորհելով ճամբայ ելայ։
Վ.Է.- Գծելը որքա՞ն ժամանակ կը խլէ։
Ա.Ս.- Անցեալները սոցցանցերու վրայ յայտնուեցաւ նոր ֆենոմեն մը, որ կը նկարագրէր մարդկանց ծերութեան կերպարանքը։ Մէկ օր առաջ զանազան սիւփեր հերոսներ գծած էի եւ իրենց անունը հայատառ։ Այս վերջին օրինակը տեսնելով փորձեցի «Պեթմեն»ը ծերացնել։ Նախապէս գծածս այլակերպելը, եթէ համակարգչի դիմաց ամբողջ ուշադրութիւնս կեդրոնացուցած եմ, մէկ ժամուան մէջ կրնամ աւարտել։ Լոս Անճէլըսէն մէկը, որ «Նայիրի Տայիրի» անուն հաշիւ մը բացած էր եւ կոչ ըրած Ղարաբաղի խորհրդանշան «Տատիկ ու Պապիկը քու ոճով գծէ» ըսելով։ այդ երեկոյ երեք ժամ զբաղեցայ այդ նկարին վրայ։ Գծագրութիւնները ընդհանրապէս համակարգիչով կ՚ընեմ։ Մերթ ընդ մերթ բջիջայինն ալ կը գործածեմ, բայց ան աւելի ժամանակ կը խլէ։ «Ինսթեկրամ»ի հաշուիս մէջ ամէն շաբաթ երեք գծագրութիւն կը տեղադրեմ։
Վ.Է.- Ըսած էիք թէ աշխատանքի համար նոր ծրագիրներ ունիք։ Այդ ծրագիրները պիտի խանգարե՞ն այս արտադրութիւնը։
Ա.Ս.- Առաջին մղումն էր որ աւելի դժուար եղաւ, իսկ հիմա ամէն ինչ իր հունին մէջ է։ Օրական միայն երկու ժամ տրամադրելով կրնամ ահագին բան արտադրել։ Միայն մէկ խնդիր ունիմ, որ կը դժուարանամ այն ալ հայերէնի ուղղագրութիւնն է։
Վ.Է.- Հայերէն ուղղագրութիւնը առհասարակ լուրջ խնդիր է պոլսահայ երիտասարդութեան համար։ Այս մասին ո՞ր աղբիւրներէն կ՚օգտուիք։
Ա.Ս.- Նախ կինս Նարօտ Էրքոլը խորհրդատու մըն է ինծի համար։ Համացանցի վրայ երբ բառ մը որոնեմ, շատ անգամ կը հանդիպիմ անոր արեւելահայերէն ուղղագրութեան։ Կ՚օգտուիմ տունի բառարաններէն կամ «Նայիրի» բառարանէն։ Օրինակի համար սխալ գրած էի ջղջիկ բառը։ Յաջորդ օր Փայլինէ Թովմասեան իսկոյն զգուշացուց։ Երբեմն Գայուշ Չալըքման կ՚ուղղէ իմ սխալները։
Վ.Է.- «Ինսթեկրամ»ի վրայ արեւմտահայերէն կ՚օգտագործէք, բայց ձեր գծագրութիւնները Հայաստանի մէջ ալ արձագանգ կը գտնեն։
Ա.Ս.- Թէեւ իմ փրոֆիլի վրայ նշուած չէ, թէ արեւմտահայերէն կը գրեմ, բայց շատ յստակ է։ Ճիշդ էք «Արթ օֆ Նոճի»ն Պոլիսէն ետք ամենաշատ Հայաստանէն է, որ հետեւողներ ունի։ Նշեմ թէ արեւմտահայերէնը Հայաստանի համար ալ հետզհետէ բոլորովին օտար հասկացողութիւն մը չէ այլեւս։ Հոն ալ արեւմտահայերէնով գրական միջավայր մը կայ, նոյնիսկ հրատարակիչներ կան։
Վ.Է.- Ի՞նչ ակնկալութիւն ունիք ապագայի նկատմամբ։
Ա.Ս.- Մօտ ապագային մտադիր եմ այս ուղղութիւնով շարունակել։«Ինսթեկրամ»ի վրայ ընդհանրապէս շարքի հասկացողութիւն կայ։ Ես որ եկած եմ գովազդներու բնագաւառէն, ինծի համար ալ շատ օտար չէ այդ դրութիւնը։ Ես ալ ունիմ ենթախորագիրներ, ինչպիսին են «Սիւփեր հերոսներ»ը, «Տառատեսակներ»ը կամ «Անուանի հայ դէմքեր»ը։ Կ՚ուզեմ արեւմտահայերէնով գրուած պատմուածքներուն «Ինսթեկրամ»ի տարբերակները արտադրել։ Արդէն բաւական սակաւ է արեւմտահայերէնով գրական արտադրութիւնը։ Ուրեմն արտադրուածը սպառելու համար ստիպուած ենք նոր միջոցներ ձեռքբերելու։ Մօտ անցեալին ձեռնարկեցի Արշակ Չոպանեանի «Ես ի՞նչ ընեմ հոգիով»ի գծագրութեան։