Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, 17 Յուլիսի երեկոյեան ժամերուն Պատրիարքարանի մէջ գումարուած ժողովով մը կազմուեցաւ Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը։ Այս մասին Պատրիարքարանէն փոխանցուած 17 Յուլիս 2019 թուակիր եւ 11839 համարով պաշտօնական զեկոյցէն վերահասու կը դառնանք թէ նիստին ներկայ գտնուած են պատկառելի կրօնական ժողովի անդամներուն առընթեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչները եւս։
Նիստին նախագահած է Պատրիարքական Տեղապահ Սահակ Արք. Մաշալեան։ Հերման Պալեանի ատենապետութեամբ, Հրանդ Մոսկոֆեանի ատենադպրութեամբ, Նազարէթ Էօզսահակեանի եւ Կարօ Պաղտատի քուէախոյզութեամբ կազմուած է դիւանը։
Ներկաներու առաջարկով կազմուած թեկնածուներու անուանացանկին վրայէն գաղտնի քուէարկութեամբ եւ քուէներու առաւելութեամբ Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներ ընտրուած են՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք (35 քուէ), Սարօ Պէնկլեան (33 քուէ), Սարգիս Չավուշեան (32 քուէ), Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու (31 քուէ), Մինաս Ասլան (31 քուէ), Արէտ Քօրեան (31 քուէ), Թամար Քարասու (30 քուէ), Նազարէթ Էօզսահակեան (28 քուէ), Լենա Ենիեօրկան (28 քուէ), Գրիգոր Տէօշէմէճեան (27 քուէ), Սեդրակ Տավութհան (26 քուէ), Սելինա Տօղան (26 քուէ), Սեւան Սվաճըօղլու (25 քուէ), Կարպիս Տուրասլան (24 քուէ), Վալիա Հէճինօղլու (20 քուէ)։ Իսկ պահեստի անդամներ մնացին՝ Ղուկաս Արզուման (20 քուէ), Կարպիս Պալմումճու (16 քուէ) եւ Գէորգ Էրքան (15 քուէ)։ Այս կազմին վրայ աւելցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ ներկայացուած Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։
Այստեղ անգամ մը եւս կը հաստատենք թէ Պատրիարքական շրջանակները դիտումնաւոր կերպով զանց կ՚առնեն, բոլոր այն համայնքային գործիչները որոնք անցեալ տասը տարիներու ընթացքին լուրջ աշխատանք ծաւալած են պատրիարքական ընտրութեան իրականացման համար։ Անոնք բազում անգամներ ժողովներով հասարակութիւնը զգոն պահած են անցուդարձներու մասին միշտ օրակարգի վրայ պահելով խնդրի այժմէականութիւնը։