Սուրիոյ ճահիճը անգամ մը եւս մարդասպանութեան բեմ կը դառնայ «Էրմենիհապեր» կայքէջի փոխանցած լրատուութեամբ։ Կայքէջը իր լրատուութիւնը կը հիմնէ Ճումա Ապպասի լրատուութեան վրայ, ուր կ՚ըսուի թէ հայազգի 60-ամեայ Սիւզան Տէր Կարկուր անհետացած էր իր բնակած Իտլիպ քաղաքի մէջ։ Տեղւոյն եկեղեցին կոչ ըրած է կորսուած կինը փնտռելու համար։ Արդարեւ անոր անշնչացած մարմինը յայտնաբերուած է ամայի դաշտի մը վրայ։ Դիահերցման արդիւնքով պարզուած է թէ ան աւելի քան ինը ժամ տանջանքներու ենթարկուած եւ քարկոծելով սպաննուած է։ Արաբագէտ Արմէն Պետրոսեանը եւս հաստատած է տեղեկութեան իրողութիւնը եւ ներկայացուցած է որոշ պարզաբանումներ։ Պետրոսեանի համաձայն Սիւզան Տէր Կարկուրի մահուան լուրը տարածուած է Յուլիսի 12-ին։ Ան կը բնակէր Իտլիպ նահանգի Չիստ Ալ Շուղուր բնակավայրին մէջ, երբեմնի հայաբնակ Եաքուպէ գիւղաքաղաքի մերձակայութեամբ։ Եաքուպէ 2 հազար քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող գիւղաքաղաք է, որ կը վերահսկուէր տարաբնոյթ ընդդիմադիր խմբաւորումներու կողմէ։ 2011-2012 թուականներուն քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ տեղափոխուած էին Քէսապ եւ Հալէպ։ Խուսափելով Թուրքիոյ կողմէ զինուած որոշ հրոսախումբերու հաւանական յարձակումներէն։ Սիւզան Տէր Կարկուրը այդտեղ մնացող վերջին հայն էր, որ կը մերժէր տեղափոխուել Հալէպ։