Մեծ Կղզիի մէջ ժողով գումարելու պահուն ոստիկաններու կողմէ գաղտնի ժողով գումարելու մեղադրանքով բերման ենթարկուած մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու դատավարութիւնը կայացաւ 16 Յուլիս երեքշաբթի օր Իսթանպուլի 35-րդ Եղեռնադատ ատեանի մէջ։ Նիստին ներկայ գտնուեցան Թաներ Քըլըչ, Նեժաթ Թաշտան եւ Կիւնալ Քուրշուն։ Դատական թղթածրարը վերջնական մեղադրանքը ձեւաւորելու համար ուղարկուած էր դատախազութեան։ Սակայն դատախազի փոփոխութենէ ետք թղթածրարը ետ վերադարձուեցաւ դատարան եւ այս պայմաններու տակ ալ նոր դատախազը կրկին վերջնական մեղադրանք պատրաստելու համար նիստը յետաձգեց 9 Հոկտեմբեր թուականին։ Իբրեւ վերյիշում նշենք, թէ առաջին անգամ 7 Յուլիս 2017-ին մարդու իրաւունքներու պաշտպան տասը անձեր Մեծ կղզիի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ գումարուած էին «Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու անվտանգութիւնը եւ թուայնացուած տուեալներու պահպանում» նիւթը քննարկելու համար։ 5 Յուլիս 2017-ին ոստիկանութիւնը պատճառաբանելով բողոքի մը առկայութիւնը բերման ենթարկեց Իտիլ Էսեր, Էօզլեմ Տալքըրան, Կիւնալ Քուրշուն, Վելի Աճու, Ալի Կարաւի եւ Փեթեր Շթոտները։