ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԿԱԹԻԼ

Հայոց լեզուն, եթէ ուզէք զայն անուանե­­­ցէք «մայ­­­րե­­­­­­­նի», «մե­­­ծաս­­­քանչ» կամ «մրգաս­­­տան», չստեղ­­­ծո­­­­­­­ւեցաւ մէկ օրէն։ Ան գո­­­յացաւ, ինչպէս կ՚ըսեն, «կա­­­թիլ առ կա­­­թիլ», մին­­­չեւ որ դառ­­­նար ան­­­ծայրա­­­ծիր ով­­­կիանոս։ Իսկ դուք, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, այդ մե­­­ծու­­­թեան մա­­­կերե­­­սը եւ խո­­­րու­­­թիւնը մի՚ չա­­­փէք խօ­­­սող­­­նե­­­­­­­րու թի­­­ւով, անոնք ձու­­­կեր են սա­­­կաւա­­­թիւ, ան­­­կէ սնունդ եւ թթո­­­ւածին ստա­­­ցող։

Այս միտ­­­քե­­­­­­­րը կը յա­­­ծին, երբ ամառ­­­նա­­­­­­­յին անձրե­­­ւի անսպա­­­սելի կա­­­թիլ մը, ճեղ­­­քե­­­­­­­լով շոգ եր­­­կինքը, կ՚իջ­­­նէ Երե­­­ւանի Արամ փո­­­ղոցի վրայ, հո­­­վանո­­­ցի մը տակ իրա­­­րու մօ­­­տենալ ստի­­­պելով այն երի­­­տասարդ զոյ­­­գին, որ Նա­­­րեկա­­­ցի Արուես­­­տի Միու­­­թե­­­­­­­նէն դուրս ելած, կը փոր­­­ձէ որո­­­շել, թէ հի­­­մա ո՛ւր եր­­­թայ...։ Կա­­­թիլ­­­նե­­­­­­­րը կ՚արա­­­գանան, կը խտա­­­նան։ Աղ­­­ջիկն ու տղան կը դառ­­­նան աջ... Սի­­­րահար­­­նե­­­­­­­րը պահ մը առան­­­ձին մնան ու մենք խօ­­­սինք «կա­­­թիլ» բա­­­ռի մա­­­սին։ Տես­­­նենք նաեւ, թէ հայ­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­կանու­­­թեան էջե­­­րը միայն անձրե­­­ւի շի­­­թերով չէ որ թրջո­­­ւած են, այլ կան կա­­­թիլի տե­­­սակ­­­ներ- ինքնամ­­­փոփ աշ­­­խարհներ, իսկ ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս տրտմու­­­թիւն։ Ար­­­դէն հասկցաք. «կա­­­թիլ»ն ալ ու­­­նե­­­­­­­ցեր է ինքնու­­­րոյն պատ­­­մութիւն, որ գո­­­յացեր է փոքր, բայց հաս­­­տատ քայ­­­լե­­­­­­­րով, ինչպէս կ՚ըսեն՝ «կա­­­թիլ առ կա­­­թիլ»։

«Կա­­­թիլ»ը նա­­­խամաշ­­­տո­­­­­­­ցեան է եւ նա­­­խաք­­­րիստո­­­նէական։ Իսկ ո՞ր ամպն էր, որ առա­­­ջին կա­­­թիլը իջե­­­ցուց հա­­­յոց լե­­­զուի վրայ։ Չենք գի­­­տեր։ Ստու­­­գա­­­­­­­բան­­­ներ առա­­­ջար­­­կած են վար­­­կածներ, թէ ան լա­­­տինա­­­կան է, իրա­­­նական է, յա­­­բէթա­­­կան է...։ Մէկ բան յստակ է, թէ «կա­­­թ» ար­­­մա­­­­­­­տը ստա­­­ցեր է «իլ» մաս­­­նի­­­­­­­կը, ու դար­­­ձեր է «կա­­­թիլ», ապա որ­­­պէս վա­­­ղոր­­­դեան ցօղ, սկսեր է նստիլ մա­­­տեան­­­նե­­­­­­­րու վրայ։ Այդ էջե­­­րը քիչ վերջ պի­­­տի թեր­­­թենք, սա­­­կայն նախ կար­­­դանք Ստե­­­փանոս անուն գրի­­­չի մը խրատ-յանձնա­­­րարա­­­կանը, ու տես­­­նենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մօ­­­տենալ հնա­­­մեայ մա­­­տեան­­­նե­­­­­­­րուն. «Գիրքս ամա­­­նաթ ձեզ պա­­­հեցէք, գէջ եւ ի կա­­­թիլ տեղ մի դրէք»։ Աչ­­­քի լոյ­­­սի կա­­­թիլ­­­նե­­­­­­­րով գրո­­­ւած խօս­­­քեր են, ան­­­սանք ու ակ­­­նա­­­­­­­ծան­­­քով մօ­­­տենանք մա­­­գաղաթ­­­նե­­­­­­­րուն։

«Կա­­­թիլ» բա­­­ռը նախ իջեր է Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի էջե­­­րուն վրայ։ Ամե­­­նէն պատ­­­կե­­­­­­­րալից գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թիւնը նմա­­­նար­­­կութիւն մըն է, ուր բա­­­ռը մար­­­դա­­­­­­­ցեր՝ նոյ­­­նա­­­­­­­ցեր է Յա­­­կոբի սե­­­րունդին հետ. «Եւ եղի­­­ցի մնա­­­ցորդն Յա­­­կոբայ... իբ­­­րեւ զցօղ ան­­­կեալ ի Տեառ­­­նէ, եւ իբ­­­րեւ կա­­­թիլ»։ «Կա­­­թիլ»ը բեր­­­րիու­­­թիւն բե­­­րաւ։ Անոր սնունդով աճե­­­ցան բարդ եւ ածանց բա­­­ռեր, նոր ու հին. կա­­­թիլա­­­ձեւ, կա­­­թիլան­­­ման, կա­­­թիլա­­­ջուր, ինչպէս նաեւ ան, որ ու­­­նի առող­­­ջա­­­­­­­պահա­­­կան նշա­­­նակու­­­թիւն- «օդա­­­կաթի­­­լային ճա­­­նապարհ»։ Ապա եկան փո­­­խաբե­­­րական իմաստներ, պատ­­­կե­­­­­­­րալից էին անոնք, հռե­­­տորա­­­կան շատ ան­­­գամ, ինչպէս՝ «Բա­­­ժակի վեր­­­ջին կա­­­թիլը» կամ «Մին­­­չեւ վեր­­­ջին կա­­­թիլը»։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս սուրբեր եւ բա­­­նաս­­­տեղծներ եկան ու բա­­­ռը յար­­­մար գտան հո­­­գիի խո­­­րու­­­թիւննե­­­րը եւ յու­­­զումնե­­­րը հա­­­ռաչե­­­լու հա­­­մար։ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին իր աղօթքնե­­­րուն մէջ գոր­­­ծա­­­­­­­ծեց «աչ­­­քի կա­­­թիլ», «ծո­­­վու կա­­­թիլ», «պղտոր կա­­­թիլ» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Ապա իր յայտնի խօս­­­քը ուղղեց Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նին. «Ահա՛ կա­­­թիլ մի կա­­­թին՝ քումդ կու­­­սութեան, յանձն իմ անձրեւեալ՝ կե­­­նաց ինձ զօ­­­րէ»։

Տղան ու աղ­­­ջի­­­­­­­կը քա­­­նի մը քայլ հե­­­ռացան, դան­­­դաղ, ան­­­խօս, ապա վե­­­րադար­­­ձան ու նստե­­­ցան դեռ չթրջո­­­ւած նստա­­­րանի մը վրայ։ Ամ­­­րան կա­­­թիլ­­­նե­­­­­­­րը հա­­­տիկ-հա­­­տիկ իջան։ Տխուր խօս­­­քե՞ր էին անոնք։ Չլսե­­­ցինք։ Սեւ հո­­­վանոց մը բա­­­րեկամ, ծած­­­կեց անոնց զրոյ­­­ցը։

«Կա­­­թիլ» բա­­­ռը գաղտնիք­­­ներ չու­­­նի, թա­­­փան­­­ցիկ է։ Մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քի թեր­­­թե­­­­­­­րու մէջ տե­­­սեր էինք խո­­­րագիր­­­ներ, որոնք խո­­­հական փայ­­­լա­­­­­­­տակումներ ըլ­­­լա­­­­­­­յին, ըն­­­կե­­­­­­­րաբա­­­նի կամ քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծի­­­­­­­չի միտ­­­քէն ծո­­­րած. «Կա­­­թիլ առ կա­­­թիլ դժգո­­­հու­­­թիւնը մե­­­ծանում է», «Այսպէս կա­­­թիլ առ կա­­­թիլ է պէտք աշ­­­խա­­­­­­­տել, որ ծով դառ­­­նանք», «Մեր արա­­­ծը պար­­­զա­­­­­­­պէս մի կա­­­թիլ ջուր է ով­­­կիանո­­­սում։ Բայց եթէ այդ կա­­­թիլը չլի­­­ներ, կար­­­ծում եմ՝ ով­­­կիանո­­­սը կը զգար դրա պա­­­կասը»։ Պարզ է հասկնալ, թէ բա­­­ռը յա­­­ճախ նշա­­­նակեր է «որե­­­ւէ բա­­­նի ամե­­­նէն նո­ւազա­­­գոյն մաս­­­նի­­­­­­­կը»։ Այդ միտ­­­քը նկա­­­տի ու­­­նէր Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցը երբ կը գրէր՝ «Կ՚անցնենք մենք էլ այս աշ­­­խարհում, ինչպէս ծո­­­վում ջրի կա­­­թիլ»։ Յե­­­տոյ, մեծ ոս­­­տում կա­­­թիլ մը բա­­­ռի հա­­­մար, ան դար­­­ձաւ գիր­­­քի տիտ­­­ղոս ու իջաւ հա­­­յոց բնաշ­­­խարհի վրայ ծայ­­­րէ ծայր։ Առա­­­ջինը 1879-ին էր, «Մի կա­­­թիլ ար­­­տօսր զոր կը հե­­­ղու հայ մո­­­խիրին վրայ», Պո­­­լիս, ապա, «Մի կա­­­թիլ արիւն», Պա­­­քու, 1885, «Կա­­­թիլ­­­ներ- տպո­­­ւած եւ ան­­­տիպ քեր­­­թո­­­­­­­ւած­­­ներ», Մար­­­զո­­­­­­­ւան, 1911, «Կա­­­թիլ­­­ներ», Շու­­­շի, 1914։ Ինչպէ՞ս չյի­­­շել նաեւ Թու­­­մա­­­­­­­նեանի «Մի կա­­­թիլ մեղր» հէ­­­քիաթը։ Այժմ ամպ ըլ­­­լանք, սա­­­ւառ­­­նինք հա­­­յոց շէ­­­ներու վրայ ու ականջ տանք «կա­­­թիլ» բա­­­ռի երանգնե­­­րուն. Ագու­­­լիս «կօթ», Հա­­­ճըն «գօթ», Մու­­­սա լեռ «գութ», Ախալցխա «կա­­­թիլք», Համ­­­շէն, Ռո­­­դոս­­­տօ, Սե­­­բաս­­­տիա «գա­­­թիլք», Զէյ­­­թուն «գա­­­թըլ», Մուշ եւ Ալաշ­­­կերտ «կա­­­տիլք»։ Սա Հա­­­յաս­­­տանն էր, հիւ­­­րա­­­­­­­սէր եւ խա­­­ղաղա­­­սէր ժո­­­ղովուրդի եր­­­կիր, ուր, Գէորգ Էմի­­­նի խօս­­­քով՝ «... Եւ այստեղ, այս հո­­­ղի վրայ, անար­­­դար ձե­­­ւով օտա­­­րի ո՜չ մի կա­­­թիլ արիւն չի թա­­­փուել»։ Արիւ­­­նի՜ կա­­­թիլ... Սիաման­­­թօն էր վեր­­­ջին ան­­­ցամ այդ եր­­­կու բա­­­ռերը քով քո­­­վի դրած, այն օրե­­­րուն, երբ ամ­­­բողջ ազգ մը արիւ­­­նա­­­­­­­հոս կ՚ըլ­­­լար կա­­­թիլ առ կա­­­թիլ։ «Խեղ­­­դա­­­­­­­մահը» քեր­­­թո­­­­­­­ւածին մէջ հայ մայ­­­րը հե­­­տեւեալ խօս­­­քե­­­­­­­րով իր նո­­­րածի­­­նը կը յանձնէր օտար­­­նե­­­­­­­րու ձեռ­­­քին. «Ա՚լ կա­­­թիլ մը կաթ չու­­­նիմ. մին­­­չեւ արիւնս ծծել տո­­­ւի...։ Ա՛լ կա­­­թիլ մը կաթ չու­­­նիմ»։ Իսկ 1991 թո­­­ւակա­­­նին ամ­­­բողջ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը դար­­­ձաւ... «կա­­­թիլ», Յով­­­հաննէս Գրի­­­գորեանի մտայ­­­ղա­­­­­­­ցումն էր.

Սա իմ եր­­­կիրն է...

Փոք­­­րիկ՝ ինչպէս ծե­­­րացած մայր,

փոք­­­րիկ՝ ինչպէս նո­­­րածին զա­­­ւակ,

իսկ քար­­­տէ­­­­­­­զի վրայ

ըն­­­դա­­­­­­­մէնը ար­­­ցունքի մի կա­­­թիլ…

Նոյն միտ­­­քե­­­­­­­րը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցին Հա­­­մօ Սա­­­հեանի տո­­­ղերը. «Ար­­­տա­­­­­­­սուքներ իմ վճիտ... Ձեր ամէն մի կա­­­թիլում՝ կար մի կա­­­թիլ Հա­­­յաս­­­տան»։

Սաստկա­­­ցաւ անձրե­­­ւը Արա­­­մի փո­­­ղոցի վրայ։ Աղ­­­ջիկն ու տղան դար­­­ձան եր­­­կու ստո­­­ւեր։ Ար­­­դեօք ի՞նչ գաղտնիք պա­­­հեցին կա­­­թիլ­­­նե­­­­­­­րը իրենց մէջ։ Չէ՞, որ այս բա­­­ռը իր փոք­­­րիկ տիեզեր­­­քի մէջ կրնար մարդկա­­­յին բո­­­լոր յու­­­զումնե­­­րը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կել...։ Հարցնենք քնա­­­րեր­­­գակնե­­­րուն։ Անոնք են միայն լսած լուռ ցա­­­ւերը. «Կա­­­թիլ արիւ­­­նիկ թէ ու­­­նեմ՝ քո սի­­­րուց այն ցա­­­մաքեց», Նա­­­հապետ Քու­­­չակ, «Ո՜հ, տո­­­ւէ՛ք հոգ­­­ւոյս կրա­­­կի մի կա­­­թիլ», Պետ­­­րոս Դու­­­րեան, «Դու եկել էիր նշա­­­նիդ շո­­­րում, մի կա­­­թիլ ար­­­ցունք մա­­­տանուդ քա­­­րին», Հա­­­մօ Սա­­­հեան, «Իմ ծա­­­ղիկ­­­նե­­­­­­­րը... ան­­­ջու՚ր են մնում։ Ու կա­­­թիլ-կա­­­թիլ՝ թօշ­­­նած թեր­­­թե­­­­­­­րը, ար­­­ցունքնե­­­րիս պէս ընկնում են», Սիլ­­­վա Կա­­­պու­­­տի­­­­­­­կեան, «Եր­­­կու կա­­­թիլ ջուր շուրթե­­­րուն իր կէզ», Մի­­­սաք Մե­­­ծարենց։ Հի­­­մա պայ­­­ծառ արեւ է։ Հե­­­ռացաւ հո­­­վանին, յայտնո­­­ւեցաւ եր­­­կու դէմք, ժպտուն։ Հայ­­­րե­­­­­­­նի բա­­­նաս­­­տեղծ Աշոտ Գաբ­­­րիէլեանի խօս­­­քեր կը փայ­­­լին աչ­­­քե­­­­­­­րու մէջ.

Աչ­­­քերդ կա­­­թիլ-կա­­­թիլ

Լու­­­սա­­­­­­­ւոր­­­ւում են։

Եւ ան­­­կասկած, նման վեր­­­ջա­­­­­­­բանի հա­­­մար էր, որ Ռո­­­պէրթ Ամիր­­­խա­­­­­­­նեանը յօ­­­րինած էր «Գար­­­նան կա­­­թիլ­­­ներ» մե­­­ղեդին եւ Զա­­­րեհ Խրա­­­խու­­­նին ալ՝ «Կա­­­թիլ­­­ներ» քեր­­­թո­­­­­­­ւածը.

...Ջու­­­րի կա­­­թիլ մը կը սա­­­հի

կը հան­­­դի­­­­­­­պի ու­­­րի­­­­­­­շի մը ու կ՚ըսէ -

Գի­­­տե՞ս ինչ բան

Քու մէջդ ինչ բան ամե­­­նէն շատ

Ամե­­­նէն շատ կը սի­­­րեմ -

Դուն ոչ մէ­­­կուն եւ ոչ մէ­­­կուն 
կը նմա­­­նիս...