Բոլորս ալ գիտենք, թէ աղը եթէ չափաւոր գործածուի համ կու տայ կերակուրին, իսկ չափէն աւելին կրնայ այր ու կնոջ ամուսնական կեանքի «համը փախցնել»։ Առտնին այս պատկերը կը բաւէ ցոյց տալու համար թէ, ինչքան անհրաժեշտ է աղը։ Ան ո՚չ թէ միայն ամոլներու, այլ նաեւ ազգերու կեանքի ճակատագիրն է փոխած եւ ըստ գործածութեան, դարձեր է անոնց համը, կամ՝ անհամութիւնը։ Այսօր կ՚ուզենք մեր յօդուածաշարքը համեմել պտղունց մը «աղ»ով, որ հակառակ իր սպիտակ, կամ բաց վարդագոյն տեսքին, ունեցեր է գունաւոր պատմութիւն։
Կասկած չկայ, թէ Հայկական լեռնաշխարհը հարուստ է եղած աղով ու ան միշտ ալ համեմած է մեր ճաշերը։ Իսկ, ե՞րբ էր, որ առաջին անգամ ան մեր մայրենիի ապուրին մէջ ինկաւ ու համ տուաւ անոր. գրաւոր հայերէն առաջին օրէն, Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ... Լերան քարոզն է։ Կը խօսի Յիսուս Քրիստոսը։ Բազմութիւնը խաղաղութեամբ կը լսէ։ Աստուծոյ որդին կ՚ըսէ, թէ աղը կենսական է մարդու համար, աշխարհին համար- «Դուք էք աղ երկրի. ապա թէ աղն անհամի, ի՞ւ յաղիցի»։ Սուրբ Գիրքը համեմուած է տասնեակ մը «աղի» եւ «աղու» արտայայտութիւններով։ Ահա քաղուածք մը. «Ընդ ամենայն պատարագս աղ մատուցանիցէք», «Նուիրին կնդրուկ սուրբ եւ աղ եւ եղիցին ի հաց յիշատակի», «Բարւոք է աղ. ապա թէ աղն անհամեսցի, ի՞ւ համեմեսցի»։ Իսկ ամենէն սարսափելին ան էր, երբ Ղովտի անհնազանդ կինը «աղ» դարձաւ. «Եւ դարձաւ կինն Ղովտայ յետս, եւ եղեւ արձան աղի»։
Մեր լեզուն եւ գրականութիւնը յաջորդ 1500 տարիներուն, Նարեկացիէն մինչեւ Յովհաննէս Շիրազ, պիտի շարունակէ աղակալուիլ։ Սակայն, պահ մը կանգ առնենք, եւ տեսնենք, թէ մեր «աղ»ը ուրկէ՞ կու գայ։
Հնդեւրոպական աշխարհագրութեան մէջ շատ տարածուած բառ է «աղ»ը, լատիներէն sal (*), լատինածին լեզուներու մէջ sal, sel, saal, sale, sali, դասական յունարէնը «ալս», կամ «հալս», ժամանակակից յունարէնը «ալատի»։ Յիշենք, թէ լատիններու «L» տառը մեր մօտ կը դառնայ «ղ», ուստի «al» եւ «աղ» բառերը գոյակից են։ Վաղը, յարգելի ընթերցող, ձեր թաղի հայկական ճաշարանի մէջ փոխանակ salad (sal+ad, աղ ցանուած) պատուիրելու, ապսպրեցէք «աղցան» եւ դուք անկասկած կը ստանաք նոյն կերակուրը։
Գրաբար հայերէնը ունեցեր է երեք գեղեցիկ դարձուածք. «Աղ ուխտի, կամ՝ աղ կնքեալ» բարեկամութեան, հաւատարմութեան նշան, «Աղ եւ հաց» սէր, «Աղ առնուլ» ընկերանալ։ Մերօրեայ զրոյցները, նոյնպէս, համեմուած են բազմաթիւ դարձուածքներով- «Աղ ու հաց չճանաչնալ», «Աղ ու հաց, սիրտը բաց», «Աղ ու հացով դիմաւորել», «Աղ ու փոշի ընել», «Աղը չոր, բեռը թեթեւ» «Աղի արցունք»։ Ան ունեցաւ նաեւ իմաստներու եւ բարդ բառերու փաղանգ մը։ Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի «Արմատական բառարան»ի, «աղ» բառի ինը իմաստէն երկրորդն է «կծու», որմէ սեռած են «աղութիւն» եւ «աղիողորմ» բառերը։ Չորրորդ իմաստն է՝ բարեկամութիւն, ուրկէ՝ «աղ ուխտի» կամ «ուխտ աղի» արտայայտութիւնը եւ «աղ առնուլ» դարձուածքը։ Եօթներորդ իմաստը «սիրունութիւն, փափկութիւն» է, որ մեզի տուեր է «աղու», «աղուոր», «աղածրի» ածականները։ Բայց, միշտ չէ, որ ան քաղցր համ կու տայ մեր առօրեայ լեզուին։ «Աղու» ածականը ունի, անհաւատալի է, չէ՞, «կեղծաւոր, նենգամիտ, քծնող» իմաստը։ Հռետորութեան մէջ «ատտիկական աղ» է սրախօսութիւնը, այն խօսքը, որ ունի նուրբ սրամտութիւն։ Աշխարհաբար լեզուն ստեղծեր է մէկ այլ դարձուածք՝ տհաճ եւ անհամ անհատներու համար- «աղը պակաս»։ Յարգելի ընթերցող, դուք նաեւ հեռու պէտք է, որ մնաք «աղուալեզու» կոչուած մարդէ, քանզի «կեղծաւոր քաղցրախօսէ է ան։
11-րդ դար։ «Աղ»ը, որպէս գրական բառ, աւելի ծաղկեցաւ։ Վան քաղաքէն ո՛չ շատ հեռու, վանական բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացին, Աղթամարի չքնաղ պատկերին առջեւ ստեղծեց տաղեր ու աղօթեց։ Ահա մէկ այլ քաղուածք. «Աղի արտասուս ողորմ հառաչմամբ ընդ հեծութիւնս իմ յարմարեցէք», «Աղի ցօղով արտասուացս այրիմ», «Աղիողորմ հեծեծանաց՝ ի բարձունս աղաղակելոյ»։
Ապա եկան աշուղներ ու յօրինեցին աղի արցունքով երգեր։ Մէկը Գուսան Հաւասին էր։ Օր մը, դժգոհած կեանքէն եւ մարդոցմէ՝ աղաղակեց. «Անգութ աշխարհ, ինձ դարդ տուիր անփարատ... Դաղեցիր ու վէրքերիս աղ շաղեցիր»։ Հոգեկան այդ տրամադրութիւնը, ըստ երեւոյթին, վարակիչ էր... «Երգեցէ՛ք միշտ ընկճուածի երգերն աղու»։ Միսաք Մեծարենցին կը պատկանի այս վշտագին բանատողը։ Մէկ այլ օր յիշատակներ եկան այցելեցին բանաստեղծին. «Սենեակս է լեցուն յուշերովն աղի, երէկի հովին վայրագ տարփանքին»։ Թումանեանը յիշեց իր մանկութիւնը աղով ու արցունք թափեց. «Երազի տեսիլք անհետ չքացած։ Ահա հառաչանք, արտասուք աղի»։ Մեր օրերուն, արձակագիր եւ բանաստեղծ Արմէն Մարտիրոսեանի աչքերն էին աղի. «Աղջիկ, դուրս արի տնից, եթէ դու դուրս գաս, ես կը մոռանամ եօթ անգամ աղի իմ արցունքները»։ Բայց, չէ՞ որ աղը բարի էր ու երջանկութիւն պէտք է որ բերեր կեանքին։ Չարենցը վերյիշեց այդ խօսքը հին, Վենետիկի մէջ, ու ակնարկելով հայ բանաստեղծներուն՝ ըսաւ. «Նրանք են աղը, աղը կեանքի»։ Պարոյր Սեւակը համոզուած էր, թէ եթէ երկու սիրտ առանձնանան... «լուծւում են բոլոր հարցերն՝ աղի՛ նման»։ Իսկ Հրանդ Ալեքսանեանի բաղձանքն էր, որ երբ հասնի երկրորդ կեանք, դիմաւորեն այսպէս. «Սիրելիներդ դիմաւորում են քեզ աղ ու հացով»։ «Աղ» բառը, օր մը հայրենիքի մէջ դարձաւ քաղաքական բառ ու մեծ աղմուկ հանեց, երբ Յովհաննէս Շիրազը գրի առաւ «Կիւմրի-Լենինական» քերթուածը. «Հայաստանի աղն ես, Կիւմրի... Ճշմարտութեան մաղն ես, Կիւմրի»։ Աղը քաղաքականացա՞ծ։ Ինչո՞ւ զարմանալ։ Համաշխարհային պատմութիւնը դառնացած չէ՞ աղի պատերազմներով (բառացի իմաստով)։ «... Քաղաքականացուածութիւնը բանաստեղծութեան աղն է», բանաստեղծ Դաւիթ Յովհաննէսի համոզումն է սա։ Իսկ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան ծայրամասին, Նոյեմբերեան քաղաքի բնակիչ, հայրենի պաշտպան, գրող եւ հրապարակախօս Սամվել Բեգլարեանը մամուլին խօսեր է այսպէս. «Եթէ մի օր մեր վրայ չեն կրակում, ասում ենք՝ ճաշի աղը պակաս է»։
Յարգելի ընթերցող, մաղթենք, թէ ձեր կեանքը մնայ միշտ համով ու մինչեւ մեր յաջորդ զրոյցը, աղը ձեր սեղանէն անպակաս թող ըլլայ։
(*) Կարգ մը աղեր, ինչպէս մալաքիտը, լազուրիտը եւ կերակուրի աղը, յունական եւ ալքիմիական ձեռագիրներու մէջ անուանուած են «Sal armenicum» (Հայկական աղ)», քանզի անոնք Հայաստանէն արտածուած կ՚ըլլային։