Մեսրոպ Պատրիարքի անողոք հիւանդութեան բերմամբ անգործունակութեան մատնուելը եւ պոլսահայ համայնքի նոր պատրիարք ընտրելու մասին աշխատութիւններուն պետութեան կողմէ արգիլուելը Սահմանադրական ատեանի կողմէ դիտուած էր որպէս «Կրօնական ազատութեանց ոտնակոխում»։ Ատեանը հրատարակեց այս որոշումին պատճառաբանութիւնը։ Պատճառաբանութեան մէջ կը նշուի թէ «Հայ համայնքի համար շատ էական պաշտօններ ստանձնած պատրիարքի ընտրութիւնը, աւելի քան տասը տարիներ չէ կատարուած հայ ժողովուրդի կամքի համաձայն ձեւով»։ Դատարանը բացի այս նշած է նաեւ թէ կրօնքի մը կարիքները միայն այդ կրօնքի դաւանողներու կողմէ կը ճշդուի։
Պատճառաբանութեան հիմնական գիծերը հետեւեալն են՝ «Սահմանադրական դատարանը 22.5.2019 թուականին օրակարգի առած է Լեւոն Պերճ Քուզիքօղլու եւ Յովհաննէս Կարպիս Պալմումճեանի դիմումները եւ որոշած է թէ ոտնակոխուած է սահմանադրութեան 24-րդ յօդուածով երաշխաւորուած կրօնական ազատութիւնները։ Նկատի ունենալով պատրիարքին իր պաշտօնը կատարելու կարողութիւնը կորսնցուցած ըլլալը երկու անջատ դիմումներ կատարուած են Իսթանպուլի կուսակալութեան պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու համար։ Առաջին դիմումը կատարուած է հոգեւորականներու, իսկ երկրորդը աշխարհականներու կողմէ, որոնց մէջ են նաեւ ատեանիս դիմողները։ Կուսակալութիւնը աշխարհականներու դիմումին չէ պատասխանած եւ այսպէսով ալ մերժած նկատուած է։ Իսկ հոգեւորականներու դիմումը մերժած է, պատճառաբանելով թէ պատրիարքը դեռ կենդանի է եւ առաջարկած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի ընտրութիւն կատարել։ Այս զարգացումէն ետք Պատրիարքարանի հոգեւորականներու միջեւ փոխանորդի ընտրութիւն տեղի ունեցած է։ Աշխարհականներու դիմումին կուսակալութեան կողմէ մերժուելէն ետք անոնք դիմում կատարած են վարչական ատեան։ Աշխարհականները պնդած են, որ տուեալ ընտրութիւն մը պէտք է կատարուէր ո՛չ թէ կրօնական ժողովի, այլ Պատգամաւորներու խորհուրդի կողմէ։ Սակայն Վարչական ատեանն ալ մերժած է այս դիմումը։ Աւելի ետք խնդիրը ուսումնասիրող Վճռաբեկ ատեանը եւս մերժած է աշխարհականներու պահանջը։ Դիմում ներկայացնողները կը յայտնեն, թէ կառավարութեան համայնքի իր կարգադրութիւններով լուծելիք խնդիրներուն պետութեան միջամտութիւնը եւ աւանդութեան մէջ գոյութիւն չունեցող պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդի նման կոչում մը պարտադրելը կրօնական իրաւունքներու ոտնակոխում մըն է։
Պատրիարքական աթոռի թեկնածուներուն ընտրութեան կանոնները նշուած են 1863 թուակիր Հայոց ազգային սահմանադրութեան մէջ։ Սոյն փաստաթուղթը մինչեւ օրս տեղի ունեցած բոլոր ընտրութիւններու հիմքը կը կազմէ։ Կանոնագրի մէջ պատրիարքական աթոռի թափուռ մնալու պատճառները թուարկուելէ բացի աւելցուած է «…եւ այլ պատճառներ» եզրը։ Մինչդեռ կառավարութիւնը նոր պատրիարքի ընտրութեան պատճառները սահմանափակած է հրաժարում եւ մահ եզրերով։ Չէ մեկնաբանած «եւ այլ պատճառներ» եզրը։ Նոյնպէս Վարչական ատեանն ալ անտեսած է եւ այլ պատճառները։
Պատրիարքական աթոռը թէեւ ընդհանրապէս պատրիարքի մահով է որ թափուր կը մնայ, բայց անցեալին պատահած են օրինակներ, ուր ընտրեալ պատրիարքը նոյնիսկ առանց հրաժարելու լքած է իր աթոռը։ Քանի որ օրէնքի յօդուածը եւ այլ պատճառներ եզրով աւելի ազատ գործելու հնարաւորութիւն ընդձեռած է իշխանութիւններուն, անընդունելի է Վարչական ատեանի որոշումին օրինականութեան մասին խօսիլ։ Միւս կողմէ կը տեսնուի թէ պատրիարքներու ընտրութեան ընթացքին աշխարհականները կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենան։ Հետեւաբար Կրօնական ժողովին իր կամքով փոխանորդ նշանակելը եւ այդ փոխանորդին ալ բաւական երկար ժամանակաշրջան մը պատրիարքի լիազօրութիւններով գործելը կ՚ապացուցէ հոգեւորականներու կամքին նախապատուութիւն տալ եւ աշխարհականներու կամքը անտեսել։ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կարգն ու կանոնը բացայայտ կերպով Նախարարութիւնը ճշդած է։ Մինչդեռ արտակարգ հասարակական անհրաժեշտութեան մը բացակայութեան ժամանակ նոր հոգեւոր առաջնորդի ընտրելու եղանակները պետութեան լիազօրութենէն դուրս են։ Արդարեւ Սահմանադրական ատեանը նախապէս ալ նշած է թէ կրօնքի մը կարիքները կը ճշդուին, այդ կրօնքին դաւանողներուն կողմէ։
Կառավարութիւնը խնդրին երկխօսութեան եղանակով լուծուելուն համար չէ աշխատած, նիւթին հայկական աւանդութիւններու, սովորութիւններու եւ կանոններու շրջագծի մէջ լուծուելուն համար ռազմավարութիւն մը չէ ունեցած։ Կառավարութիւնը հայոց աւանդութեան ոգիին կամ հայ հասարակութեան կամքին դէմ ճնշում բանեցնելու համար արտակարգ պատճառ մըն ալ չէ ներկայացուցած։ Հետեւաբար Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան մասին պահանջին մերժումը կը գնահատուի կրօնքի ազատութեան ոտնակոխում»։