Ձաբռտուքը սահման չունի

Լոկ յա­տուկ ար­ժէք մը չվե­րագ­րե­լու նպա­տակաւ եւ դի­տումնա­ւոր կեր­պով կ՚ան­տե­սենք վարձկան հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան մը բնոյ­թը ու­նե­ցող ԱՍԻՄ­ՏԷՐ-ի հրա­պարա­կումնե­րը։ Այս կազ­մա­կեր­պութիւ­նը այժմ գտած է գոր­ծընկեր մը յան­ձին Ատրպէյ­ճա­նի «Պէյ­նելհալք» սփիւռքի կեդ­րո­նին։

Եր­կու միու­թիւննե­րու նա­խագահ­ներ Կէօք­սել Կիւլպէյ եւ Իս­մա­յիլ Աղա­յեւ մէկ­տե­ղուած են Աղ­թա­մար կղզու Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ ու պնդած են որ տա­ճարը թրքա­կան շի­նու­թիւն մըն է եւ հա­յեր զայն գող­ցած են իր բուն տէ­րերէն։ Պնդու­մը որ­քան ալ ծի­ծաղե­լի եւ ան­հիմն ըլ­լայ որոշ է, թէ եր­կու հաս­տա­տու­թիւններն ալ կը ֆի­նան­սա­ւորո­ւին որոշ կեդ­րոննե­րէ։ Այս ու նման ձաբռտուքներու համար յատուկ գնահատութիւն ստանալով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ