Աթէշեանի եւ Մաշալեան փոխադարձ մեղադրանքները

Մեսրոպ Պատ­րիար­քի վախ­ճա­նու­մէն ետք մեկ­նարկած էր նոր պատ­րիար­քի ընտրու­թեան գոր­ծընթաց­քը։ Առա­ջին հեր­թին պի­տի ընտրո­ւէր ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը ղե­կավա­րող եւ Պատ­րիար­քա­րանի ղե­կը ստանձնող տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը։ Կրօ­նական ժո­ղովը այս մա­սին յայ­տա­րարած էր թէ 27 Յու­նի­սին պի­տի կա­յանայ տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն։ Սա­կայն ընտրու­թեան նա­խոր­դող օր Կու­սա­կալու­թե­նէ եկած հրա­հան­գով մը տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը յե­տաձ­գուեցաւ չորս Յու­լի­սին։ Պատ­րիար­քա­րանը տե­ղեկա­ցուց որ Կու­սա­կալու­թե­նէն եկած գրու­թեան մէջ որե­ւէ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն չէ նշո­ւած։ Սա­կայն այս զար­գա­ցու­մը Արամ եւ Սա­հակ սրբա­զան­նե­րու մի­ջեւ փո­խադարձ մե­ղադ­րանքնե­րու պատ­ճառ դար­ձաւ։ Այսպէս Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետ Սա­հակ Մա­շալեան իր դի­մատետ­րի գրա­ռու­մի մէջ նշեց որ խնդի­րը կրնայ ծա­գած ըլ­լալ Աթէ­շեանի գրած նա­մակի ոճա­կան թե­րու­թիւննե­րէն։ Իսկ Աթէ­շեան մեր­ժեց այս վար­կա­ծը, ըսե­լով որ եթէ թե­րու­թիւն կայ, այդ թե­րու­թիւնը կ՚ազ­դա­րարո­ւի եւ կ՚ուղղո­ւի։

Ընտրու­թեան թո­ւակա­նի փո­փոխու­թիւնը ի՞նչ տե­սակ կապ մը կրնայ ու­նե­նալ ոճային զանցառութեան հետ։ Աթէ­շեան ապա դի­մատետ­րի վրայ տե­ղադ­րեց իր ստո­րագ­րութեան ղրկո­ւած գրու­թեան պատ­ճէ­նը։

Մաշալեան սրբա­զան իր գրու­թեան մէջ քիչ մը աւե­լի ման­րակրկիտ նկա­րագ­րած էր զար­գա­ցումնե­րը, պնդե­լով թէ իրա­կանու­թեան մէջ եր­կու գրու­թիւններ եկած են Կու­սա­կալու­թե­նէ։ Առա­ջին գրու­թիւնը Պատ­րիար­քա­րան եկած է 25 Յու­նի­սին երե­կոյեան ժա­մերուն։ «Ես որ­պէս Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետ տե­ղեակ չեմ պա­հուած այդ գրու­թե­նէն։ Ես ալ ու­րիշնե­րու նման դէպ­քը լսած եմ սոց­ցանցե­րէն։ Արամ սրբա­զանին երբ հար­ցուցի այս մա­սին պա­տաս­խա­նեց ըսե­լով թէ չէ ըն­դունած պե­տու­թեան մի­ջամ­տութիւ­նը եւ գրու­թիւնը ետ ղրկած է։ Աւել­ցուց որ ինք կապ հաս­տա­տած էր Ան­գա­րայի իշ­խա­նու­թիւննե­րու հետ եւ ստա­ցած էր անոնց բա­նաւոր հա­ւանու­թիւնը տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը 27 Յու­նի­սին իրա­կանաց­նե­լու հա­մար։ Ինք նաեւ ան­ձամբ տե­ղեակ պա­հեց ընտրու­թեան մաս­նակցե­լիք հո­գեւո­րական­նե­րը։ Սա­կայն գրու­թիւնը 26 Յու­նի­սին կրկին ան­գամ ու­ղարկո­ւեցաւ Պատ­րիար­քա­րան»։ Սա­հակ սրբա­զան այս մա­սին իր մեկ­նա­բանու­թիւննե­րը շա­րու­նա­կելով յայտնեց թէ տե­ղապա­հի ընտրու­թեան շա­բաթ մը կա­նուխ կամ ուշ ըլ­լա­լը գործնա­կան հե­տեւանք մը չի կրնար ունե­նալ։ Ու­րեմն այստեղ աւե­լի նշա­նակու­թիւն ու­նի կա­տարո­ւածին խորհրդան­շա­կան իմաս­տը։

Աթէ­շեան սրբա­զանն ալ իր կար­գին 28 Յու­նի­սին երկրորդ գրա­ռու­մով մը պա­տաս­խա­նեց Սա­հակ սրբա­զանի պնդումնե­րուն։ Արամ սրբա­զան եւս յայտնեց այս յե­տաձգման հա­մայնքէ ներս տե­ղի տո­ւած ալե­կոծու­մին։ Ան յի­շեց որ այս հանգրուանին խիստ կա­րեւոր է Պատ­րիարքարանէ ներս գործող երկու եպիսկոպոսներու համերաշխութիւնը։

Յայտարարութիւն՝ օրինական եւ թափանցիկ ընտրութեան համար

Պատ­րիար­քի ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցի մէջ յա­ճախա­կի օրի­նական զան­ցա­ռու­թիւննե­րը տե­ղի տո­ւին հա­սարա­կական յայ­տա­րարու­թեան։ Աւե­լի քան 200 ստո­րագ­րեալ­ներ մա­մու­լի մի­ջոցաւ հրա­պարա­կեցին կոչ մը, ուր կը պա­հան­ջէին գոր­ծընթա­ցին թա­փան­ցիկ եւ օրի­նական ըն­դա­նալու մա­սին իրենց պա­հան­ջը։ Անոնք ափ­սո­սան­քով կ՚անդրա­դառ­նա­յին եպիս­կո­պոս­նե­րուն իրենց դիր­քե­րը ամ­րապնդե­լու հա­մար փո­խադարձ մե­ղադ­րանքնե­րը։ Կը մտա­հոգո­ւէին հո­գեւո­րական­նե­րու իրար անար­գող այդ ոճին հա­սարա­կու­թեան մօտ ալ տա­րածո­ւելու հա­ւանա­կանու­թեան դի­մաց։ Նաեւ կը նշո­ւէր որ այս ըն­թացքին մէջ կը վի­րաւո­րուի նաեւ եկե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ հա­ւատքն ու յար­գանքը։

Դժգո­հու­թիւն կը յայտնո­ւէր նաեւ նա­խապէս ընտրո­ւած տե­ղապահ Գա­րեգին Պէք­ճեանի այժմու տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէն հե­ռու կա­սեցո­ւելուն։ Մա­նաւանդ այս մա­սին օրի­նական ար­գելք մը չըլ­լա­լով հան­դերձ խնդի­րը «Պե­տու­թիւնը այսպէս ու­զեց» ըսե­լով պղտո­րելը իրաւ ալ լուրջ կաս­կածներ կը կա­սեց­նէ հա­սարա­կու­թեան խղճին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ