Յուլիսի 2-ի առաւօտեան Մեծի Տան Կիլիկիոյ Արամ Առաջին կաթողիկոսի նախագահութեամբ Անթիլիասի մայրավանքի մէջ մեկնարկեց Հայ Մամուլին նուիրուած եռօրեայ գիտաժողովը։ Կաթողիկոսի գրասենեակը հրաւէրներ ուղղած էր աշխարհի զանազան անկիւններուն գործող հայկական թերթերուն, այս թիւով նաեւ «Ակօս»ին։
Համագումարին մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն հայ մամուլի աւելի քան 100 խմբագիրներ, լրագրողներ, աշխատակիցներ։ Զեկուցողները եռօրեայ նիստերու ընթացքին առիթը կ՚ունենան իրենց միտքերը փոխանակելու ժամանակակից հայ մամուլի զանազան խնդիրներու շուրջ։
Յիշեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինը 2019-ը հռչակած էր «Հայ մամուլի տարի»։
Ինչպէս ծանօթ է ներկայ պայմաններու մէջ գրաւոր մամուլը մատնուած է ճգնաժամի։ Ընկերային ցանցերը յատկապէս ալ իրենց արագութեան հնարաւորութիւններով կը գերազանցեն տպագրեալ մամուլի կարողութիւնները։ Այս ոչ հաւասար մրցակցութեան մէջ թերթերը կը դժուարանան իրենց գոյութիւնը պահելու։ Բացի այն կատարուած աստղաբաշխային ներդրումներով հասարակութեան կարծիքը ձեւաւորելու կարողութիւն ունեցող թերթերը երկար ատենէ ի վեր կորսնցուցած են իրենց հեղինակային անկախութիւնը եւ գործիքը դարձած այս կամ այն ֆինանսական խմբակի։ Այս երեւոյթէն անմասն չէ մնացած նաեւ հայերէն թերթերը, որոնք մէկ կողէն ալ կը պայքարին հայերէնախօսութեան նահանջի դէմ։ Այս առումով կենսական նշանակութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նախաձեռնութիւնը, քանի որ ան գետին պատրաստած կ՚ըլլայ այս տարաբնոյթ խնդիրներուն միասնական քննարկման։