Տինքի դատավարութիւնը կը մօտենայ աւարտին

Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը հետզհետէ կը մօտենայ իր աւարտին։ 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանը դատական քննարկումին ժամանակավրէպ դառնալուն արգելք ըլլալու համար ինը ամբաստանեալներու թղթածրարները անջատեց 85 մեղադրեալներու դատուած բուն թղթածրարէն։ Այդ իննին մէջ են Օկիւն Սամասթ, Էրհան Թունճել եւ Եասին Հայալ։ 27 Յունիսին կայացած նիստի ընթացքին դատախազը շարադրեց իր ամբաստանագիրը, որուն մէջ ի դէմ նախորդ պնդումներուն Եասին Հայալ կը մեղադրուի միայն ահաբեկչական խումբ կազմելու մեղադրանքով։ Նախապէս իրեն վերագրուած էր նաեւ ֆեթուլահական խմբակցութեան անդամակցութիւն։ Սակայն դատախազի այժմու մեղադրանքներու մէջ այդ նիւթի մասին որեւէ ակնարկութիւն չէ կատարուած։ «Իր քաղաքական կարծիքներուն զուգահեռ կամ ալ այդ կարծիքներուն հակառակ դասած մարդոց հանդէպ յանցանք գործելու նպատակաւ առկայ յանցագործ խմբակին մաս կազմող Էրհան Թունճել այդ ժամանակուայ կասկածելի արարքներուն պատճառաւ հետապնդուած է։ Արդարեւ յանցանք գործելու ուղղուած անչափահաս Օկիւն Սամասթ եւ ամբաստանեալներ՝ Զէյնել Ապիտին Եաւուզ, Էրսին Եոլճու, Թունճայ Ուզունտալ եւս յանցագործ խմբակի անդամակցութեան մեղադրանքով պատժի արժանի են» ըսած է դատախազը։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ