Դարձեալ Մայիս է, երրորդ Հինգշաբթին։ Դպրոցի հանդիսասրահի մէջ ծնողներ անհամբեր են իրենց զաւակները բեմի վրայ տեսնելու։ Կիսամութ դահլիճը լուսաւորուած է կարմիր մոմերով։ Աւելի լուսաւոր է բեմը, որուն վրայ կահաւորուած է բանաստեղծի մը գրասենեակը, 19րդ դարու ճաշակով, տեղադրուած է բարձրախօս եւ կիթառ, աջ անկիւնը դաշնակ, անոր վրայ մութ կարմիր մետաքսեայ ծածկոց, արծաթ մոմակալ եւ վարդեր,- մեր յայտագրի ոգիին պատշաճ տեսարան՝ եթէ նկատի առնէք, թէ զայն կոչեր ենք «Մեր Սիրոյ Աշունը»։
Ու կը սկսին տողանցել Տէրեաններ, Վարուժաններ, Չարենցներ, Մեծարենցներ, միջնադարեան երկու տաղասաց եւ մերօրեայ սիրային երգ մը։ Ու այս գիշեր, երբ բեմն է զուարթուն, սկսեր են հնչել Մանսուրեանի եւ Պապաճանեանի քաղցրալուր մեղեդիներ ու հայատրոփ պատանիներու շրթունքներէն կը հոսին մեղրածորան քերթուածներ, կը նկատենք, թէ բեմ ելած է նաեւ «բեմ» բառը։
Թող աշակերտները շարունակեն իրենց արտասանութիւնները կատարելու, երբեմն յուզումով եւ մեղմաձայն, երբեմն ալ ջերմեռանդօրէն եւ բարձրավիզ, մենք ստուգենք «բեմ» բառի արմատները եւ պատմութեան մէջ առած քայլերը։ Նախ յիշեցնեմ, թէ «բեմ» միավանկը միշտ չէ, որ թատրոնի կամ հանդիսութիւններու հարթակ էր։ Ան նախապէս դատաւորական աթոռ էր եւ ատեան, դատարան էր եւ քարոզչական ամբիոն, ինչպէս նաեւ նստարան, տեսարան, ասպարէզ եւ բազմոց, բոլորը՝ գետինէն առնուազն աստիճան մը բարձր։ Չմոռնանք նաեւ հայկական ճարտարապետութեան մէջ ստացած իմաստը՝ եկեղեցւոյ մէջ խորանի տեղը, անշուշտ աղօթասրահէն աստիճան մը բարձր։ Եւ ան է, որ Գրիգոր Զոհրապը օգտագործեց, երբ «Փօստալ» պատմուածքը գրի կ՚առնէր. «Սուրբ ու առաքինի կին էր իր հանըմը, որուն գովեստը կ՚ընէր քարոզիչ Սրբազանը շատ անգամ եկեղեցւոյ բեմէն»։
«Բեմ» բառին արմատն է յունարէն βήμα գոյականը, դասական հնչումով «բիմա», իսկ ժամանակից յունարէնը «վիմա»։ Ան կը նշանակէ «քայլ, քայլաչափ, աստիճան, սանդուխի ոտք»։ Բառը դէպի արեւելք խոշոր քայլ մը առեր, անցեր է հայերէն, «բեմ», ասորերէն՝ «բիմ» եւ վրացերէն՝ «բեմի, բեմոնի»։ Հայկական լեզուաշխարհի մէջ ունեցեր ենք տեղական տարբերակներ. Թիֆլիսի մէջ՝ «բիմ» եւ Վանայ լիճի մօտ՝ Մոկքի բարբառով՝ «պիմ», երկուքն ալ «եկեղեցւոյ բեմ» իմաստով։ Այս յայտնութենէն ետք ականջ տանք Նարեկին, որ սկսեր էր Թէքէեան արտասանել. «Եկեղեցին Հայկական... իր լայն բեմով... կարծես նաւ մ՛է ծփուն»։
Իսկ ե՞րբ էր, որ առաջին անգամ վարագոյր բացուեցաւ, լուսարձակներ վառեցան եւ «բեմ» բառը բարձրացաւ հայոց լեզուի բեմը։ 6-րդ դարուն։ Սուրբ Գիրքի մէջ կայ «բեմ»ական մէկ արտայայտութիւն. «փայտեղէն բեմ»։ Այս համեստ միավանկը ամէն դար շարունակեց մեր գրական լեզուն հարստացնել։ 8-րդ դարուն ունեցեր ենք «բեմասացութիւն» կամ «բեմբասացութիւն», իսկ 10-րդ դարուն «բեմական» բառերը։ Գրիգոր Նարեկացին գրի է առեր «հատուցման բեմ» գրական պատկերը։ Ապա, եկեր են՝ բեմադրել, բեմահարթակ, բեմականացնել, բեմեզր, ներքնաբեմ եւ վերնաբեմ բառերը։ Իսկ, 19-րդ դարուն թատերաբեմը բաժներ են երեքի, այնուհետեւ գոյացեր են երեք նոր բառեր. նախաբեմ, միջնաբեմ եւ ետնաբեմ։ Բեմի վրայ նաեւ տեսանք երեք տաղանդաւոր անձեր՝ բեմադրիչ, բեմավար եւ բեմայարդար։ Բայց օր մը, ծանր դեր մը բաժին ինկաւ անոր ուսերուն վրայ։ 439 թուականին հայոց երկիրը դարձաւ բեմի ահաւոր մէկ տեսակը՝ ռազմաբեմ։ (Երբ մեր լեզուն դեռ չունէր այդ բառը) Հայ պատմաբանը գրեր է. «Երբ պարսից Յազկերտ Բ. արքան պատերազմ է յայտարարել Բիւզանդեային՝ ռազմաբեմ դարձնելով Հայաստանն ու Հայոց Միջագետքը...»։ Իսկ հայոց պատմութեան ամենէն ողբերգական օրերուն մեր լաւագոյն գրիչները, որոնց քերթուածները այժմ կը լսենք, կը գիտակցէին, թէ մեր երկիրը ամէն դար ռազմաբեմի կը վերածուէր։ Ականատեսներէն մէկը, Դանիէլ Վարուժանը, «Յաւերժութեան սեմին» քերթուածին մէջ, իր հայրենիքը նկարագրելու համար, նոյնիսկ հարկադրուեցաւ «մահաբեմ» բառը գործածելու։ Սա է, ընթերցող, «բեմ»-ով շինուած բառերու ամենէն սոսկալին։ Ահա անոր գործածութիւնը. «Գերեզման մ՛էր, լերան ոտքին, գետին մօտ... Մահաբեմերն, ուր... դանակներն յար կը սրուին»։ Մինչդեռ մեր լեռները, յատկապէս Գեղարդի սարերը, Լեւոն Շանթի համար ներշնչման անսպառ աղբիւր էին եւ կու տային այն համոզումը, թէ հայը կրնար անկարելին նուաճել։ Այս միտքով էր գրուած «Լերան աղջիկը» վիպերգը.
Սարը, որ դաշտին դիմաց
Բեմ մը կը կարծես կանանչով գորգած։
Դիւցազնի բեմ մը, որուն բարձունքէն
Ամէն առաւօտ վարդ արշալոյսին
Բիւրաւոր զուարթ ձայներ միասին
Բնութեան գեղը կը ճառեն կ՚երգեն։
«Բեմ» բառը, պերճախօս դերակատար մը իսկական, շատ ժամանակ չանցաւ, որ արտայայտէր պատկերաւոր խօսքեր, ինչպէս՝ «բեմ ելլել» դերասան դառնալ, «բեմէն հեռանալ» դերասանութենէ հրաժարիլ, «բեմ բարձրացնել» ներկայացնել, «բեմ բարձրանալ» բեմադրուիլ ու այն մէկը, որ Յակոբ Պարոնեանը նկատի է առեր. «Տասը տարիէ ի վեր, - ըսաւ պատանին, - թատերական բեմին վրայ կը քալեմ»։ Վերջիններու համար հնարեցինք մէկ այլ դարձուածք. «բեմին նուիրուած մարդ»։ Իսկ դուք չկարծէք, թէ «բեմադրութիւն» բառը միշտ արուեստ կը բուրէր։ Ան ալ ունեցեր է փոխաբերական իմաստ՝ «քաղաքական մեքենայութիւն, կեղծիք»։
Այս բառը երբեմն կ՚ըլլար շիկնոտ, երկչոտ։ Խօսքը հայկական գրատպութեան ասպարէզի մասին է, որմէ խուսափեցաւ մինչեւ 20րդ դար։ Տեսէ՛ք, 1512-էն, այսինքն հայկական առաջին գիրքի հրատարակութենէն մինչեւ 1900, ո՛չ մէկ գիրք, այո, ո՛չ մէկ հատոր գոյութիւն ունի «բեմ» բառով անուանուած։ Իսկ ե՞րբ էր, որ ան որպէս գիրքի տիտղոս, առաջին անգամ բեմ ելաւ։ Պատասխանը կը գտնենք Հայաստանի Ազգային Գրադարանի հրատարակութեան մը մէջ. «Մանկական բեմ պարսկահայերի կեանքից», 1901։ Եւ ո՞ւր։ Թիֆլիս, - արեւելահայ գրականութեան բեմը։ Իսկ, եթէ Պոլիսն էր արեւմտահայ գրատպութեան բեմը, անուն մըն ալ անկէ պէտք էր ակնկալել։ Սա իրականացաւ 1912 թուականին, երբ լոյս տեսաւ «Ազատ բեմի խօսքեր» ժողովածուն։
Բեմ վերադարձան աշակերտները։ Ծափահարութիւններ, լոյս, լուսանկար, վարագոյր։ Ապա, ամայութիւն։ Չկայ բեմբասաց, բեմայարդար, բեմադրիչ... Մնաց «բեմ» բառը, ետնաբեմի կիսամութի մէջ, մեկուսի։ Այժմ, ընթերցող, ըլլանք երախտագէտ։ Կ՚առաջարկեմ յոտնկայս ծափահարել այս բառը իր 1500-ամեայ ծառայութեան համար եւ գնահատենք որպէս բազմավաստակ միավանկ, որ մէկ քայլ վեր հանեց մեր մայրենին։