2 Յուլիս երեքշաբթի, գլխաւորութեամբ Սեբաստիոյ, երկրի զանազան քաղաքներու մէջ նշուեցաւ 1993 թուականին Սեբաստիոյ մէջ տեղի ունեցած վայրագութեան զոհերու յիշատակը։ Այս առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթներու ընթացքին հասարակաց ցանկութիւնը կը կեդրոնանար դէպքին պատահած վայրը, ամօթի թանգարանի մը վերածելու շուրջ։ Իրաւ ալ մարդկութեան առումով «ամօթ» մըն էր պատահածը, որ բազմահազար ժողովուրդ ժամեր շարունակ շրջապատեց «Մատըմաք» հիւրանոցը եւ մեծ ոգեւորութեամբ ուրախ ճիչերով վայելեց 35 անձերու բոցերու մէջ մահանալը։ Այս 35-էն երկուքը հիւրանոցի աշխատողներ էին, իսկ մնացեալները Փիր Սուլթան Ապտալի տօնակատարութիւններու մասնակցելու, ելոյթ ունենալու, երգելու կամ պարելու համար եկած ակադեմականներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ հասարակական գործիչներ։
Դէպքի ամօթ երեսակին մէջ կ՚արժէ յիշել օրուայ վարչապետին, Ներքին Գործոց Նախարարին, Կուսակալին եւ այլ քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւնները։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Ուղիղ 26 տարիներ անցան այն սարսափազդու դէպքի վրայէն, երբ Սեբաստիա քաղաքի կեդրոնին դաժանօրէն սպաննուեցան 33 մտաւորականներ։ Անոնք մէկտեղուած էին երկրի մշակոյթին մէջ շատ յատուկ նշանակութիւն ունեցող ալեւի բանաստեղծ Փիր Սուլթան Ապտալը յիշատակելու համար։ Նախապէս այս հողերու վրայ բազում օրինակները ապրուած վայրագութիւն մը կրկին բեմադրուեցաւ 1993 թուի 2 Յուլիսին եւ այդ վէրքը տակաւին չէ սպիացած ու կը կոտտայ միլիոնաւոր մարդկանց սրտերուն մէջ։
Եթէ խօսքը բացինք մշակութային արժէքէն, եկէք անվերապահօրէն խոստովանինք թէ մեր երկրին մէջ մարդասպանութիւնը եւս դարձած է մշակոյթ։ Այս երկրի հողերը արիւնաքամ եղած են պատմութեան բոլոր շրջաններուն։ Իսկ մեզ այս ժամանակներու ականատեսներուս կը վիճակի մարդասպանութեան կրօնաշունչ տարբերակը։ Դարձեալ առանց վարանելու ըսենք, թէ կրօնքը կամ ինչպէս պիտի սիրեն ըսել հաւատքը այս հողերուն վրայ բոյն դրած է բռնութեան միջոցաւ։ Մարդիկ կարծած են բռնութեան միջոցաւ դարձի բերել բոլոր անոնք, որոնք կը դաւանին տարբեր կրօնքի մը։ Նոյնիսկ այստեղ բացառութիւն չէ հայ ժողովուրդը, քանի որ Գրիգոր Լուսաւորիչ ալ նոյն դաժանութեամբ քրիստոնէութիւնը ներմուծած էր մեր նախնեաց։ Ան ալ իր կարգին չէր վարանած հեթանոսական տաճարները քարուքանդ ընելէ, յանուն իր նոր կրօնքի ծաւալման։ Իսկ այսօրուայ մեծագոյն փորձանքը կուտակուած է իսլամի քաղաքականացման մէջ։ Այդ իսկ պատճառաւ սկսելով Աֆղանիստանէ ամենուրէք կը տիրէ իսլամական բռնութիւն մը, որուն շահագործողն է համաշխարհային քաղաքականութիւնը։ Մէկ կողմէն կը տեսնենք տարբեր ժողովուրդներու իրարու հետ պատերազմելու երեւոյթը եւ շատ անգամ չենք անդրադառնար, թէ այդ չար պատերազմի ետին ինչ ազդակներ կը գործեն։ Այսօր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածները ոմանց համար միջդաւանանքային բախումներ են, բայց անդին գիտենք որ այդ իբրեւ թէ միջդաւանանքային տպաւորութիւնով գործուածներու ետին կայ բոլորովին անկախ քաղաքականութիւններու ոտնահետքերը։ Նոյնիսկ եկէք համարձակինք պնդելու թէ մերօրեայ բոլոր չարիքներու ետին կայ կրօնի գործօնը։ Իրականութեան մէջ այստեղ զարմանալի ոչինչ կայ, քանի որ կրօնքը ինք մարգարէի բերնէն յորդորած էր՝ «Տուէք զկայսր, կայսեր»։ Այս լսելով դեռ ինչ պիտի կրնանք ըսել, երբ կայսրի շահերը յորդառատ արիւն կը պահանջեն։
Այս էր որ տեղի ունեցաւ 26 տարիներ առաջ Սեբաստիոյ մէջ։ Մարդիկ, որոնք կը համարձակէին Աստուծոյ անունով խօսքելու կամ գործելու դիւրաւ համոզեցին ամբոխը թէ ալեւիները կոտորելով կարելի է հաճելի թուիլ «Ալլահ»ին։
Անգամ մը նման համոզում գոյացնելէ ետք, բոլոր դաւադրութիւնները կարելի են եւ միշտ ալ պիտի գտնուին, այդ կարելիութենէն օգտուիլ ուզողներ։ Ներկայ դրութեան մէջ Սեբաստիոյ մարդասպանութիւնը կ՚ապացուցէ թէ որքան հեռու կը գտնուինք հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնապէս ճանաչումի հաւանականութենէն։ Երկրի իշխանութիւնը դեռ այսօր կը փորձէ ուրանալ կամ ժխտել 26 տարի առաջ պատահածները, իսկ մենք յոյս պիտի ունենանք թէ ան ճանչնայ հայոց դէմ գործադրած անարդարութիւնը։
Որքան ալ պարզ տրամաբանութենէ հեռու ըլլայ թուի, մենք պահանջատէր պիտի ըլլանք ճշմարտութեան ճանաչման խնդրին մէջ, քանի որ պիտի գիտնանք թէ միայն այս եղանակով կարելի է պայքարիլ չարիքի դէմ։ Իսկ մեծագոյն սխալն է վար դնել դիմադրելու կամքը, համոզուելով թէ ան ի սպառ պայքար մըն է եւ երբեք պիտի չհասնի իր նպատակին։