Պոլսոյ Յունիս ամսուայ բարեշուք ալպոմներէն մին հայերէնով լոյս տեսաւ։ «Քալան» Երաժշտանոցէն լոյս տեսած Մարալի առաջին ձայնասկաւառակը՝ «Մարալի Պէս» կը պարունակէ ութը հայերէն երգեր։ Ալպոմի երաժշտական ղեկավարը՝ «Ոմանք» խումբի յաջող երաժիշտ Արի Հերկելն է։
Երկու երաժիշտներու այս աշխատութենէ մեկնելով կրնամ երգչախումբերու Պոլսոյ մէջ կատարած առաքելութեան անդրադառնալ։ Ինչպէս անցեալին, այս օր ալ Պոլսոյ երաժշտական դաշտին ամենաաչքառու հայ երաժիշտները իրենց հմտութիւնը կուտակած են նախ եկեղեցիներու մէջ, ծառայելով դպրաց դասերուն եւ բազմաձայն երգչախումբերուն։ Մենք երախտիքով կ՚ողջունենք, այն բոլոր վաստակաշատ դպրապետերուն, որոնք գերազանց ճիգ վատնելով մեր փոքրիկ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն կը ներածեն երաժշտական ճաշակ ու իմացութիւն։
Մարալ եւ Արի իրենց մանուկ տարիքէն սկսեալ հայ եկեղեցւոյ դպրաց դասու աշխատութեանց մասնակցելով քայլ նետած են երաժշտութեան կեանքէն ներս, բազմաթիւ համերգներու եւ համայնքային զանազան ձեռնարկներու միջոցին բեմ բարձրացած եւ այժմ միասին կը ներկայանան ունկնդիրներուն։
Այս նոր ձայնասկաւառակի առիթով Մարալ Այվազի հետ «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ հանդիպեցանք եւ ջերմ զրոյց մը կատարեցինք։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
«Գիշերն Անուշ է» սիրերգը Միսաք Մեծարենցի բանաստեղծութեան վրայ հիմնուած է։ Ինչպէս ընտրեցի՞ք այս երգը։
Այս երգը իմ մանկութենէս գիտցած եւ շատ սիրած երգն էր։ Ատեն ատեն կ՚երգէի զանազան համայնքային ձեռնարկներու առիթով։ Ուզեցի որ ալպոմին մէջ ալ տեղ գրաւէ եւ յետոյ երաժշտական ղեկավար Արի Հերկելին դիմեցի, ան ալ սիրով, ինչպէս միւս երգերը այս երգն ալ բնօրինակին հարազատ ձեւով մշակեց։
«Մախմուր Աղջիկ» երգը կրկին տաղանդաւոր բանաստեղծի մը՝ Սիլվա Կապուտիկեանի քառեակներուն վրայ հիմնուած է։ Այս երգի երաժշտութիւնը կը պատկանի Խաչատուր Աւետիսեանի։ Դուք այս երգը մինակ երգեցի՞ք, թէ ոչ վրան այլ փոփոխութիւններ կատարուեցաւ։
Ինչպէս իւրաքանչիւր երգիչ կամ երգչուհի իր կատարումներուն մէջ կ՚ունենայ սեփական, անհատական մեկնաբանութիւնը, ես ալ Խաչատուր Աւետիսեանի այս շատ սիրուած եւ շատ ժողովրդականացած յօրինումը մեկնաբանեցի իմ զգացումներով, բայց նաեւ աշխատեցայ հարազատ մնալ երգահանի դաշնաւորումին։
«Էսոր Ուրբաթ է» երգը, որ Կոմիտասի կը պատկանի, կրկին դաշնաւորուած է Արիի կողմէ։ Արի Հերկելը այս ալպոմի համարեա բոլոր երգերը դաշնաւորած է։ Ե՞րբ Արիի հետ աշխատիլ սկսաք։
Սա Արիին հետ մեր առաջին լուրջ աշխատութիւնն է։ Թէեւ անցեալին զանազան համերգներու ընթացքին իր հետ նոյն բեմը բաժնած ենք եւ ունինք վաղեմի բարեկամութիւն մը։ Իսկ այս ալպոմը առիթ ընծայեց որ այդ բարեկամութեան վրայ աւելնայ նաեւ միասնաբար ստեղծագործելու փորձ մը, որ կը կարծեմ թէ բաւական դրական արդիւնք ունեցաւ։
Ալպոմին մէջ կայ երգ մը, որ խօսքերը դուք գրած էք։ «Անվերջ Խաւար»ը, յօրինուած է մեր շատ սիրած թրքերէն երաժշտութեան մը վրայ։ Երաժշտութիւնը յօրինուած էր Արա Տինքչեանի կողմէ «Աղլատըքչա» երգը լուսահոգի Ահմետ Քայան կը յիշեցնէ մեզ։ Դուք ինչպէ՞ս կրկին խօսքեր գրեցի՞ք այս երաժշտութեան վրայ։
Այս հրաշալի երգին բուն անունը «Փիքչըր»էր։ Արա Տինքչեանը առաջին անգամ երգը առանց խօսքերու յօրինած է միայն երաժշտութեամբ։ Յետոյ Ահմետ Քայան իր կնոջ Կիւլթեն Քայայի խօսքերով երգը ծանօթացուց լայն զանգուածներուն։ Այս երգին յունարէն, եփրայերէն խօսքեր ալ գրուեցաւ եւ մեկնաբանուեցաւ այլ լեզուներով։
Հայ երգահանի յօրինումը, որ այսքան լայն ընդունելութիւն գտած էր աշխարհի զանազան լեզուներով, կարելի չէր որ չհնչեր հայերէնով։ Արդարեւ իմ այս խօսքերով երգը հայացաւ նաեւ։
Գալով խօսքերու տեղի տուող ներշնչումին, մեր ժամանակներու դառն իրողութիւնն է Միջին Արեւելեան ժողովուրդներու մատնուած ճգնաժամը։ Ամէն օր ականատես կը դառնանք իրենց երկրէն հեռանալու հարկադրուած մարդոց գաղթականութեան դաժան պայմաններուն։ Կը լսենք աւելի ապահով վայրեր հասնելու ձգտումով Միջերկրականի ջուերուն մէջ հեղդամահ եղողներուն պատճառած սարսափը եւ մանաւանդ մայր մը ըլլալով չէի կրնար անտարբեր մնալ այս ողբերգութեան։ Համոզուած եմ որ սէրն է բոլոր չարիքներու բուժման բալասանը։ Սէր՝ մարդու հանդէպ, սէր՝ բնութեան հանդէպ եւ այդ բոլորին վրայ յոյս՝ վառ յոյսը, չարիքը յաղթահարելու եւ բարիքին տիրանալու համար։ Այս զգացումներով ինքնաբերաբար շարադրուեցան երգին բառերը, որոնք կը ցոլացնեն որդեկորոյս մօր մը ճիչն ու աղաղակը։
«Վայրի Ծաղիկ» երգը, որ Վահան Թեքէեանի բանաստեղծութեան եւ Արէն Էմիրզէի երաժշտութիւնն է։ Այս աշխատութիւնը ձեզի համար պատրաստուեցաւ, թէ ոչ այլ տեղ մը երգուած էր։
Արէն Էմիրզէն իր այս յօրինումը քանի մը տարի առաջ իր յատուկ ալպոմին մէջ զետեղած էր արդէն։
Անցեալ տարի Գերմանիոյ քանի մը քաղաքներու մէջ իրեն հետ ունեցանք համերգաշարք մը։ Այդ օրերու միջոցին Արէնին հետ փորձեր կ՚ունենայինք, իբր համերգներու պատրաստութիւն։ Պահ մը Արէնը կանգ առաւ եւ ինձմէ խնդրեց, որ իր յօրինումը մրնջամ ու ինք իմանայ։ Լսելով իմ ձայնը սիրով յանձնարարեց, որ այս գեղեցիկ յօրինումը մեկնաբանեմ իմ ալպոմին մէջ։ Ապա շուտով ձայնագրումը կատարեցինք Ֆրանկֆուրթի ձայնագրութեան աշխատանոցի մը մէջ։
«Բարով եկար սիրուն կռունկ» երգը Աշուղ Միջազի կը պատկանի եւ դուք երգած էք այս ալպոմին մէջ։ Յայտնի է որ կը սիրէք աշուղները։ Ձեր ամենասիրած աշուղը ո՞վ է։
Հայ երաժշտութեան մէջ աշուղական աւանդութիւնը շատ գունագեղ է եւ բազմերանգ։ Ունինք հսկաներ։ Ինչպէս կարելի է անտեսել Սայաթ Նովայի կամ Աշուղ Ճիվանիի վաստակը։ Անդին Կիւմրի քաղաքը ինքնին աշուղներու օրրան մըն է։ Գուսան Հաւասի, Գուսան Շահեն, Շերամ, Աշոտ հրաշալի երգացանկ մը թողած են մեզի եւ կը կարծեմ թէ ոչ միայն ես, այլ իւրաքանչիւր հայ երգիչ կամ երգչուհի պիտի սիրեն այդ երգերը մեկնաբանել։ Ուրեմն ես չեմ ուզեր այս աւանդութեան մէջ այդ կամ այս անունը առաջ առնել։
Բայց առաջին հերթին կրնամ ըսել իմ հաճոյքով երգած երգերէն, քանի մը հատի անունները՝ Գուսան Աշոտի «Սիւնեաց Սառեր» երգը։ Այս երգը խորապէս տպաւորած է զիս իր խանդավառ երաժշտութեամբ եւ այդ տպաւորութեան բերմամբ երգը կատարելուս ինքնաբերաբար կը պարեմ նաեւ։
Իսկ միւս երգը՝ Գուսան Շերամին «Պարտէզում վարդ էր բացուած»։
«Հովիւ» ժողովրդական երգը ինպէ՞ս ալպոմին ընտրեցիք։
Այս երգին առաջին անգամ հանդիպեցայ «Եութուպ»ի մէջ։ Երգին մեներգիչն էր Ժորժիկ Սուրէնեանը։ Իսկապէս ինծի բաւական տպաւորեց իր հրաշալի մեկնաբանութեամբ եւ երգի մասնաւոր մշակումով։ Փափաքեցի որ երգը նոր շունչով մը վերամշակուի եւ ես ալ երգեմ։
Սկսայ պրպտել երգիչը եւ ի վերջոյ հասայ իր դստեր՝ Ալինա Սուրէնեանին։ Իրեն հետ ջերմ յարաբերութեամբ զրոյց մը կատարեցինք։ Զրոյցի ընթացքին վերահասու եղայ թէ Սուրէնեանները Իրանահայ են եւ աւելի ուշ գաղթած են ԱՄՆ։
Իր լուսահոգի հայրը՝ Ժորժիկ Սուրէնեան ձայնագրած էր բազմաթիւ երգերով ալպոմ մը, որուն մէջ կար այս գեղեցիկ երգը։ Իսկ Ալինան հօր այս ձայնագրութիւնը վերածած էր տեսահոլովակի մը, օգտուելով անուանի բեմադրիչ Փառաճանովի Սայաթ Նովայի կեանքին ձօնուած «Նռան Գոյնը» ֆիլմէն դրուակներով։
«Գուշակին Երգը», որ ալպոմի ամենաեռանդուն երգն է։ Սուրէն Մուրատեանի խօսքերը պարունակող երգի տեսահոլովակը կը դառնայ «Եութուպ»ի կայքէջի վրայ։ Բաւականին յաջող տեսահոլովակը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս նկարահանուեցաւ»։
Երբ «Գուշակի Երգ»ը ալպոմի երգացանկին մէջ զետեղեցինք, միեւնոյն ատեն որոշեցինք ալպոմի առաջին երգը ըլլայ։ Այս երգը թէ եռանդով եւ թէ իր երգիծական խօսքերով արդէն իմ մտքիս մէջ տեսահոլովակ մը ըլլալով պատկերացած էր։ Անմիջապէս սկսայ այս տեսահոլովակի սցենարը գրի առնել։ Երազաշխարհիս մէջ պարզուած էր ամէն ինչ, փողոցի ամենօրեայ տեսարանները, տան մէջ մարդկանց վարուելակերպը, նուագախումբը եւ այլ բազմազան դրուակներ։
Ապա դիմեցի իմ մտերիմ դերասան բարեկամներուն, որ դեր առնեն իմ տեսահոլովակի մէջ։ Սիրով ընդունեցին իմ առաջարկը եւ տեսակցութիւնները սկսան մեր միջեւ։ Այս տեսահոլովակի դերասաններուն թիւը օրըստօրէ բազմացաւ եւ հասաւ 30 հոգիի։
Տեսահոլովակի նկարահանումը երկու զատ օրերէ բաղկացան։ Առաջին օրուայ նկարահանումները տեղի ունեցան մեր հարազատ բարեկամ Տիկին Նաժտա Թոքաթլըի տանը մէջ, ուր կը գտնուէր Ենիւգիւղ։
Իսկ երկրորդ օր ամբողջովին փողոցի նկարահանումը կատարեցինք Գուզկունճուք թաղի մէջ։
Կ՚ուզեմ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնել, բոլոր այն դերասաններուն, որոնք սիրայօժար մասնակցեցան այս ծրագրին։ Երախտապարտ եմ նաեւ Տիկին Նաժտա Թոքաթլըին, ան մեծ սիրով բացաւ իր տան դռները մեզ։
Ձեր երաժշտական ուսման մասին մեզ կրնաք քիչ մը տեղեկութիւն տալ։
Ես երաժշտանոց չեմ աւարտած։ Մանուկ տարիքէս սկսեալ Լուսաւորիչ Երգչախումբին հոգեւոր եւ աշխարհիկ բազմաձայն երաժշտութեան աշխատութեանց յաճախած եմ, ինչպէս ներկայիս։ Առած եմ ձայնակրթման մասնաւոր դասեր։ Զանազան լեզուներու, շատ մը տեսակ երաժշտութեամբ հետաքրքիր եղած եմ միշտ։ Իմ հանգիստ ժամանակներուն կ՚ունկնդրեմ ալթօ եւ սոփրանօ ձայներու կատարումներ։ Բոլոր ասոնք դրական զարգացում պատճառած են եւ կը պատճառեն իմ ձայնին վրայ։
Դուք «Քուլիս» պարբերաթերթի խմբագրապետ պարոն Յակոբ Այվազի թոռն էք։ Մեզ քիչ մը կրնաք պատմել իրեն հետ ունեցած ձեր յարաբերութիւնը։ Ինք ինչպէ՞ս մեծ հայր մըն էր։
Դժբախտաբար ընտանեկան տխուր պարագաներու պատճառաւ բաւական երկար տարիներ չտեսնուեցանք իրմով։ Բայց իմ մանկութեան աչքերով եւ յիշողութեամբ քանի մը դրուակներ կրնամ բաժնել ձեզ մեր հանդիպումներուն մասին։ Ինք իր ասպարէզին պատճառաւ բաւականաչափ զբաղած մէկն էր։ Միեւնոյն ատեն կարեւորութիւն կու տար ժամանակ տրամադրել ընկերային հանդիպումներուն։ Մեծ հօրս տան մէջ անուան օրերը ամէն տարի ճաշկերոյթներով կը տօնուէր։ Գալով նշանաւոր աշխատասենեակին. չարաճճի տղաք չըլլալով հանդերձ՝ սենեակին մտնելը արգիլուած էր ինծի եւ եղբօրս։ Մենք միշտ հոգածութեամբ կ՚անցնէինք այդ սենեակին առջեւէն։ Իսկ Գընալը Կղզիին տան մէջ հեռադիտակ մը ունէր որով ծովուն վրայ նայելէ շատ կ՚ախորժէր։ Շատ կատակասէր էր, ամէն առիթին կը կատակէր մեզ հետ։ Էօզտէմիր Էրտողանին լաւ ունկնդիրն էր։ Ան իսկապէս լեկենտ դարձած արուեստագէտ մըն էր՝ քանի որ զօրաւոր նպաստ բերաւ Պոլսահայ Թատրոնի աշխարհէ ներս մինչեւ մահը ու նաեւ քաջ հերոս մըն էր՝ իր երկարամեայ պարբերաթերթին տարածման եւ շարունակման համար ցոյց տուած ջանքերովը։ Թող Աստուած հոգին լուսաւորէ։