Ոչ ոք գիտէ թէ ի՞նչ կ՚անցնի ու կը դառնայ փակ դռներու ետին

Յառաջընթացի ամէն փու­լին յու­սադրո­ւելու եւ ապա հիաս­թա­փուե­լու ո՞վ գի­տէ քա­նի եղա­նակ­ներ պի­տի պար­զո­ւին մեր դի­մաց։ Տա­կաւին երեկ կը կար­ծէինք թէ պի­տի կա­յանայ տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն եւ թէեւ շատ հա­ւատա­լիք բան չէ բայց, մի­գու­ցէ մեր հո­գեւո­րական­նե­րը ու­նե­նան որոշ ան­հա­տական հե­ղինա­կու­թիւն եւ թէ ժո­ղովուրդին եւ թէ իրենց սե­փական կամ­քով ընտրեն տե­ղապա­հը։ Այ­սօր հնչած ծա­նու­ցումով յայտնի եղաւ թէ փո­խուած է տե­ղապա­հի ընտրու­թեան թո­ւակա­նը։ Պատ­րիար­քա­րանէն եկած գրու­թեան մէջ գո­հացու­ցիչ ոչ մէկ բա­ցատ­րութիւն կար կա­տարո­ւածին մա­սին։

Այս նիւ­թով, թէ Արամ Արք. Աթէ­շեան եւ թէ Սա­հակ Եպս. Մա­շալեան լրու­թիւն կը պա­հեն մեր ուղղած հար­ցումնե­րու նկատ­մամբ։ Յայտնի չէ թէ ինչ պայ­մաննե­րու տակ կամ ի՞նչ գոր­ծընթա­ցի հե­տեւան­քով հե­տաձ­գո­ւած է տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը։

Այս մա­սին Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու կը կար­ծէ թէ նման որո­շու­մի մը մէջ դեր ու­նե­ցած է Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան առ ի տե­ղեկու­թիւն ղրկո­ւած գրու­թեան ոճը։ «Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լու պատ­րիար­քա­րան տո­ւած այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին ըսած էր թէ Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետա­կան ընտրու­թիւննե­րէն ան­մի­ջապէս ետք կա­րելի է կա­տարել տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը։ Իմ լսումնե­րուն հա­մաձայն Պատ­րիար­քա­րանի եւ նա­խարա­րու­թեան մի­ջեւ թղթակ­ցութիւննե­րու ըն­թացքին ոճա­բանա­կան խնդիր ծա­գած է։ Ար­դա­րեւ պէտք է զգուշ ըլ­լալ այս տե­սակ թղթակ­ցութիւննե­րու պա­հուն» ըսաւ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու։

Պատ­րիար­քա­րանէն ու­ղարկո­ւած գրու­թիւնով կ՚ըսո­ւի թէ տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը պի­տի կա­յանայ 4 Յու­լիս հինգշաբ­թի օր, դար­ձեալ առա­ւօտուն ժա­մը 10.00-ին։

Պէք­ճեանի ու­ղերձը

Միւս կող­մէ վեր­ջին պա­հուն գոր­ծադրուած խա­ղով մը տե­ղապա­հի թեկ­նա­ծու­թեան իրա­ւունքը յափշտա­կուած Պէք­ճեան սրբա­զան կա­տարո­ւելիք տե­ղապա­հի ընտրու­թիւննե­րուն իր զօ­րակ­ցութիւ­նը կը բե­րէ Մա­շալեան եպիս­կո­պոսին։ «Զիս չհրա­ւիրե­ցին Իս­թանպուլ։ Ար­գելք հան­դի­սացան ընտրու­թեան մաս­նակցե­լուս։ Ես ամե­նաճիշ­դը կը գնա­հատեմ Սա­հակ Մա­շալեանի տե­ղապահ ընտրո­ւիլը։ Այսպէ­սով աւե­լի թա­փան­ցիկ գոր­ծընթացք մը կրնանք ու­նե­նալ։ Հո­գեւո­րական­նե­րը իրենց ձայ­նե­րը պէտք է միաց­նեն Սա­հակ սրբա­զանին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ