Հրանդ Տինքի որդին Արատ Տինք նախորդ շաբաթ հինգշաբթի օր դատարան ներկայացաւ իր դէմ ուղղուած մեղադրանքներուն պատասխանելու համար։ Արատ Տինք եւ իր հետ միասին 18 անձեր նախապէս հրապարակաւ ելոյթ ունեցած եւ զօրակցութիւն յայտնած էին «Այս յանցանքին մերձակից չենք ըլլար» ըսող ակադեմականներուն։ Այս խորագիրով շրջաբերական մը հրատարակուած էր, ուր կը քննադատուէր Թուրքիոյ զինեալ ուժերու քրտաբնակ քաղաքներու մէջ ձեռնարկած զինուորական գործողութիւնները։ Այդ շրջանին Մարտինի Նուսայիպին, Շըրնաք եւ Տիյարպեքիրի Սուր թաղամասին մէջ զինուորական ծանր յարձակումներ տեղի ունեցած էին, այդ թաղերու խաղաղ բնակիչներուն դէմ։ Զինուորական գործողութիւնը կը բացատրուէր, իբրեւ թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարով։ Այս պայմաններու տակ բողոք ներկայացնողները կը պահանջէին որ վերջ տրուի այս մարդասպան գործողութեան։
Արատ Տինք եւ 18 անձեր լսելով որ այդ բողոքագիրը ստորագրող ակադեմականներու դէմ դատ յարուցուած է, իրենք եւս կրկնեցին նոյն յայտարարութիւնը, ըսելով որ եկէք մեզ ալ դատեցէք։
Այս շրջանակով կատարուած դատավարութեան խիստ յանդուգն ելոյթ մը ունեցաւ Արատ Տինք եւ ըսաւ, որ դոյզն իսկ չի զղջար իր արարքին համար։ «Եթէ զղջման արժանի կէտ մը կայ, այն է որ խոստացած էի այս ձայնը բարձրացնել ու լսելի դարձնել շատ աւելի լայն զանգուածներու եւ չեմ յաջողած այդ խոստումիս մէջ։ Արդարեւ միակ անոր է որ կը զղջամ»։ Դատարանը լսելով Արատ Տինքի պաշտպանութիւնը որոշեց սպասել մեղադրեալ ակադեմականներու Սահմանադրական ատեան կատարած դիմումը եւ վճիռ կայացնել այդ դիմումի պատասխանի յստակացումէն ետք։