Քոչարեան կրկին կալանաւորուած

Հայաստանի հան­րա­պետու­թեան երկրորդ նա­խագահ Ռո­պերտ Քո­չարեան կրկին ան­գամ բան­տարկո­ւեցաւ։ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան վե­րաքննիչ դա­տարա­նը դա­տաւոր Ար­մէն Դա­նիէլեանի նա­խագա­հու­թեամբ որո­շեց կրկին ան­գամ կա­լանա­ւորել Հա­յաս­տա­նի երկրորդ նա­խագահ Ռո­պերտ Քո­չարեանը։

Մա­յիսի 18-ին Ռո­պերտ Քո­չարեան ազատ ար­ձա­կուած էր Աւան եւ Նոր Նորք վար­չա­կան շրջան­նե­րու դա­տարա­նի դա­տաւոր Դա­ւիթ Գրի­գորեանի որո­շու­մով։ Այդ որո­շու­մին հիմք հան­դի­սացած են Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի հան­րա­պետու­թեան նախ­կին եւ այժմու նա­խագահ­ներ Ար­գա­տի Ղու­կա­սեանի եւ Բա­գօ Սա­հակեանի երաշ­խա­ւորու­թիւնը։ Սա­կայն դա­տարա­նի այս որո­շու­մը բա­ւական բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան տե­ղի տո­ւած էր հա­սարա­կու­թեան մօտ։ Քո­չարեանի հետ միասին կը դա­տուին այլ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ, որոնք կը մե­ղադ­րո­ւին Մար­տի մէ­կին արիւ­նա­լի դէպ­քե­րուն պատ­ճա­ռաւ։

Քո­չարեանի հետ միասին մե­ղադ­րո­ւած­նե­րէն են Պաշտպա­նու­թեան նախ­կին նա­խարար Սէյ­րան Օհա­նեան, Զի­նուած ու­ժե­րու գլխա­ւոր շտա­պի նախ­կին պետ Յու­րի Խա­չատու­րո­վ, նոյն տա­րեշրջա­նին նա­խագա­հի աշ­խա­տակազ­մի ղե­կավար անվտան­գութեան խորհրդի քար­տուղար Ար­մէն Գէոր­գեանը։

Դա­տարա­նի մուտքին փու­թա­ցած էին Քո­չարեանի հա­մակիր­նե­րը, որոնք իրենց զօ­րակ­ցութիւ­նը կը յայտնէին մե­ղադ­րեալ նա­խագա­հի հան­դէպ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ