ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Թուրքիոյ մօտ անցեալի կարեւորագոյն անցուդարձներէն կը համարուի 2013-ի ամրան բնապահպաններու կողմէ մեկնարկած եւ ապա ամբողջ երկրին ընդլայնած բողոքի ցոյցերը։ Դէպքերը արագօրէն ծաւալեցան նախագահ Էրտողանի կառավարութեան կամայական որոշումով մը զբօսայգիի մէջ առեւտուրի կեդրոն կառուցելու որոշումով։ Ցուցարարներու բողոքը ճնշուած էր ոստիկաններու անհամեմատական բռնութիւնով, որմէ ետք դէպքերը ստացան զանգուածային բնոյթ։ Այժմ մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ հասարակական կազմակերպութեան վարիչ Օսման Քաւալայի գլխաւորութեամբ 16 գործիչներ կը մեղադրուին կառավարութիւնը տապալելու ամբաստանութեամբ։ Այս շրջանակի մէջ դատական առաջին նիստը կայացաւ 24 եւ 25 Յունիս թուականներուն Սիլիվրիի բանտին մէջ, ուր մեծ թիւով մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ հետեւեցան դատավարութեան։ Այսպէսով Օսման Քաւալա ձերբակալութեան 600-երորդ օրին առաջին անգամ դատարան ներկայանալով խօսեցաւ իրեն ուղղուած ամբաստանագրի փաստերէ զուրկ իրաւաբանական բոլոր հիմքերէ հեռու քաղաքական դրդումով շարադրուած ըլլալու մասին։
Դէպքերու պատահելէն վեց տարի անց կատարուած այս դատավարութիւնը ձեւով մը վրիժառութեան բնոյթ ունի, քանի որ անցեալին խնդիրը դարձեալ դատական քննութեան ենթարկուած եւ մեղադրեալները անպարտ հռչակուած էին։ Այս ուղղութեամբ կատարուած առարկութիւններու դէմ դատախազութիւնը կը պնդէ առկայ փաստերուն վերագնահատման մասին։ Այս պնդումով հանդերձ դատախազութիւնը իր ամբաստանագրին մէջ չէ յաջողած իրաւական բնոյթով փաստեր ներկայացնել։ Բոլոր տուեալները կը մատնանշեն դատավարութեան քաղաքական բնոյթը։
16 ամբաստանեալներէն միայն երկուքը Օսման Քաւալա եւ Եիղիթ Աքսաքօղլու բանտարկուած են, իսկ մնացեալները կը դատուին ազատութեան պայմաններու մէջ։ Օսման Քաւալա իր պաշտպանութիւնը հիմնեց ամբաստանագիրը յերիւրածոյ համարելով։ Ան շեշտեց, որ նախապէս այս ամբաստանագրի պնդումները ներկայացնող դատախազները այժմ կը մեղադրուին Ֆեթուլլահական ըլլալով եւ ջրուած է նախապէս իրենց կողմէ զանազան նիւթերու շուրջ յառաջ քշուած բոլոր մեղադրանքները։ Բանտարկեալ ամբաստանեալներէն Եիղիթ Աքսաքօղլու դատախազի ամբաստանագիրը նկարագրեց իր երեքամեայ դստեր պատմութեան գիրքով։ «Իմ բանտարկութեան շրջանին աղջիկս ունեցեր է պայուսակ մը, որուն մէջ կայ պատմութեան կլոր գիրք մը եւ հոն կայ առիւծի մը ոդիսականը։ Աղջիկս բոլոր այցելուներուն մեծ ոգեւորութեամբ կը պատմէ իր պայուսակի առիւծի արկածախնդրութիւնները։ Իրողութիւնը այն է որ, թէ այդ պայուսակը եւ թէ պայուսակի մէջ տեղադրուած կլոր գիրքը եւ թէ կլոր գիրքի առիւծը բոլորն ալ իմ աղջկանս երեւակայութեան արդիւնքն է։ Ո՛չ այդպէս պայուսակ մը, ոչ այդպէս գիրք մը, ոչ ալ այդ գիրքի պատմուած առիւծը»։ Դատախազի ամբաստանագիրն ալ հազիւ իմ դստեր կարծեցեալ պայուսակի կարծեցեալ կլոր գիրքին չափ նշանակութիւն ունի։
Դատակազմը նախ լսեց ձերբակալեալ մեղադրուածներուն պաշտպանութիւնը։ Ապա իրենց յայտերը ներկայացուցին ազատ արձակուած ամբաստանեալները։ Անոնք եւս կը ծանրանային ամբաստանագրի ծիծաղելի անճարակութեան։
Միւճելլա Եափըճը եղելութիւնը կը նմանցնէր Իսթանպուլի ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կրկնուէին մինչեւ որ գոյանայ նախագահ Էրտողանի ակնկալած արդիւնքը։ Ան դարձեալ հեգնանքով մերժեց Օսման Քաւալայի վերագրած «Կէզի»ն ֆինանսաւորելու պնդումները։ «Օսմանը հարուստ մարդ է, այստեղ կը պնդուի թէ երկու աթոռներ եւ հարիւր հատ թխուածքեղէն ղրկելով ֆինանսաւորած է միլիոնաւոր ժողովուրդի մասնակցած ապստամբութիւնը։ Ես 68 տարեկան եւ տակաւին աշխատող մէկն եմ։ Երանի ես ալ քիչ մը խնայողութիւն ըրած ըլլայի եւ երկու սեղան եւ հարիւր թխուածքեղէն ալ ես ղրկէի։ Ձեզ վստահեցնեմ թէ մեր թաղեցի Այշէ մօրքուրը անգամ իր փաթթած տոլմաներով աւելի մեծ նպաստ բերած է, քան Օսման Քաւալա»։
Ճան Աթալայ պաշտպանեց «Կէզի»ի ապստամբութիւնը, ըսելով թէ ան հիմնադիր կամք մըն է։ Կամք մը՝ որ կը թելադրէ ժողովրդավարութեան վերահաստատումը։ Ան առարկութիւն մըն է։
Թայֆուն Քահրամանի խօսքերուն մէջ ուշագրաւ էր. «10 միլիոն մարդը ոչ կրնաք ֆինանսաւորել եւ ոչ ալ կրնաք ուղղել։ Ամբաստանագիրը «Կէզի»ն հասկցած չըլլալու ապացոյցն է»։
Ալի Էքմեքճի եւ Հաքան Ալթընայ եւս քննադատեցին դատախազի ամբաստանագիրը, ըսելով թէ դատի հիմնական մեղադրանքը համատարած դէպքերու ֆինանսաւորումն է, բայց փաստացի ոչ մէկ տուեալ կայ այդ ֆինանսաւորումին ինչ միջոցներով կատարուելուն, ուր ծախսուած ըլլալուն համար։
Շարժանկարի գործիչ Չիղտեմ Մաթերի համաձայն այս համաձայնութիւնը եթէ ֆիլմի մը սցենարը ըլլար անպայման կը մերժուէր իր տրամաբանական թերութիւններուն պատճառաւ։ Բայց այսպէսով կը տեսնանք, որ կեանքը աւելի արուեստական է, քան ինքը շարժանկարը։
Երկօրեայ դատավարութեան այս առաջին նիստին կ՚ակնկալուէր, որ բանտարկեալ մեղադրեալները ազատ արձակուին։ Արդարեւ Եիղիթ Աքսաքօղլու արձակուեցաւ, իսկ Օսման Քաւալա կը շարունակէ բանտարկուած մնալ մինչեւ յաջորդ նիստը, որ պիտի կայանայ Յուլիս ամսուայ կէսերուն։