ՄԱԿ-ի հարցումները ուղղուած Թուրքիոյ

ՄԱԿ-ի ծիրէն ներս գործող «Բռնու­թեամբ եւ ակա­մայ զո­հերու վե­րաբե­րեալ աշ­խա­տակազ­մը» 1915-1923 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ տե­ղահան եղած հա­յերու մա­սին հար­ցա­թեր­թի­կով մը դի­մեց Թուրքիոյ։

ՄԱԿ-ի «Մար­դու իրա­ւունքնե­րու բարձրա­գոյն կո­միսա­րու­թեան» պաշ­տօ­նական կայ­քէ­ջի մէջ հրա­տարա­կուած հար­ցումնե­րը հե­տեւեալ­ներն են.

ա) 1915-1923 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ պար­տա­դիր ներ­քին աք­սո­րի են­թարկո­ւած, ձեր­բա­կալո­ւած, առանց դա­տուե­լու սպան­նո­ւած եւ բռնիօրէն կո­րուստի մատ­նո­ւած հա­յերու ճա­կատա­գիրը լու­սա­բանե­լու հա­մար ի՞նչ աշ­խա­տու­թիւն կա­տարո­ւած է։

բ) Տու­ժածնե­րուն եւ աւե­լի ընդհա­նուր առ­մամբ հա­սարա­կու­թեան այս մա­սին տե­ղեկու­թիւն քա­ղելուն, ար­դա­րու­թեան, ձեռք դրո­ւած ինչքե­րուն հա­տուցման առու­մով ո՞ր մի­ջոց­նե­րուն դի­մուած է։

գ) Այս դէպ­քե­րու ըն­թացքին մա­հացած հա­յոց դիակ­նե­րը յայտնա­բերե­լու հա­մար ի՞նչ աշ­խա­տու­թիւն կա­տարո­ւած է։

Փաս­տա­թուղթը բա­ցատ­րութիւն կը պա­հան­ջէ 2017-ին ըն­դունո­ւած եւ օրէնսդիր մարմնի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն կող­մէ կարգ մը բա­ռերուն գոր­ծա­ծու­թիւնը ար­գի­լուած բա­նաձե­ւի ըն­դունման պատ­ճառնե­րու մա­սին։ Յատ­կա­պէս կը հար­ցուի թէ ինչպէ՞ս կը կի­րար­կո­ւի հա­մաշ­խարհա­յին մար­դու եւ քա­ղաքա­կան իրա­ւունքնե­րու հա­մաձայ­նագրի 19-րդ յօ­դուա­ծը։

Ման­րա­մաս­նութիւններ կը պա­հան­ջո­ւի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւող­նե­րը պատ­ժե­լու հա­մար գոր­ծադրո­ւած Պատ­ժա­կան օրէն­քի 301-րդ յօ­դուա­ծի կի­րար­կումնե­րու մա­սին։

ՄԱԿ-ի հար­ցա­թեր­թի­կի կող­քին նշուած է, թէ սոյն հար­ցումնե­րը պա­տաս­խա­նելու հա­մար Թուրքիոյ դէմ սահ­մա­նուած է 60 օր։ Քա­ղուած տե­ղեկու­թեան հա­մաձայն Թուրքիա 17 Մա­յիսին յայ­տա­րարած է, որ բա­ցար­ձա­կապէս կը մեր­ժէ այս հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նել։

Լրա­տուու­թիւնը քա­ղուած է «Էր­մե­նի հա­պեր» կայ­քէ­ջէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ