Արգելքներ Պէքճեան Սրբազանի տեղապահի թեկնածութեան դէմ

Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանի կող­­մէ հրա­­տարա­­կուած զե­­կոյ­­ցով մը յայտնի կը դառ­­նայ թէ 27 Յու­­նիս Հինգշաբ­­թի առա­­ւօտ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի դահ­­լի­­­ճին մէջ կա­­յանա­­լիք ժո­­ղովով տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թիւն։ Զե­­կոյ­­ցի մէջ կը շեշ­­տո­­­ւի թէ ընտրու­­թիւնը պի­­տի ըլ­­լայ սահ­­մա­­­նադ­­րութեան կա­­նոն­­նե­­­րու եւ նախ­­կին աւան­­դութեան հա­­մաձայն։ Սա­­կայն ի տար­­բե­­­րու­­թիւն նախ­­կին տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թե­­­նէն այս ան­­գամ ընտրու­­թիւնը տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ միայն Պոլ­­սոյ մէջ գոր­­ծող եր­­կու եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րու՝ Արամ Աթէ­­շեանի եւ Սա­­հակ Մա­­շալեանի մի­­ջեւ։ Այս պար­­տադրան­­քին դէմ նա­­խապէս տե­­ղապահ ընտրուած Գա­­րեգին Արք. Պէք­­ճեան «Ակօս»ին յայտնեց թէ սխալ է տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թիւնը միայն Պո­­լիս գոր­­ծող հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րով սահ­­մա­­­նելու որո­­շու­­մը։ Պեք­­ճեան սրբա­­զան իր առար­­կութիւննե­­րը պար­­զեց հե­­տեւեալ կեր­­պով. «Նախ եւ առաջ մեր կա­­նոնադ­­րութեան մէջ պատ­­րիար­­քի փո­­խանորդ ըսո­­ւած կո­­չում մը գո­­յու­­թիւն չու­­նի։ Մնաց որ պատ­­րիար­­քի վախ­­ճա­­­նու­­մէն ետք ամ­­բողջո­­վին անի­­մաստ է փո­­խանոր­­դի մա­­սին խօ­­սիլ։ Զե­­կոյ­­ցին մէջ նշո­­ւած նախ­­կին գոր­­ծադրու­­թիւննե­­րը ինքնին սխալ էին եւ սխա­­լը չի կրնար օրի­­նակ հան­­դի­­­սանալ։ Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քի հի­­ւան­­դութե­­նէն ետք հնա­­րուած ընդհա­­նուր փո­­խանոր­­դի աթո­­ռը պատ­­րիար­­քա­­­կան աթո­­ռի ան­­պատշաճ կեր­­պով գրա­­ւումն է։ Այն ատենն ալ կա­­տարո­­ւած ընտրու­­թիւնը օրի­­նական չէր, քա­­նի որ ոչ ես եւ ոչ ալ Սա­­հակ սրբա­­զան հրա­­ւիրո­­ւած էինք այդ ժո­­ղովին։ 2017-ի տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թեան պե­­տու­­թեան կող­­մէ ան­­վա­­­ւեր մնա­­լու պատ­­ճա­­­ռը պատ­­րիար­­քին կեն­­դա­­­նի ըլալն էր։ Այդ օրո­­ւայ պայ­­մաննե­­րու մէջ դիւ­­րի­­­մացու­­թիւննե­­րը վե­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար ու­­զե­­­ցի պե­­տական իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու հետ խօ­­սիլ, բայց Արամ սրբա­­զան եւ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու չգոր­­ծադրե­­ցին իմ խնդրան­­քը։ Ափ­­սոս որ Արամ սրբա­­զան կը ոտ­­նա­­­կոխէ եկե­­ղեցա­­կան վե­­րի իշ­­խա­­­նու­­թիւնը եւ կ՚ան­­տե­­­սէ Կա­­թողի­­կոսին իմ ընտրու­­թիւնը վա­­ւերաց­­նե­­­լու կամ­­քը։ Տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թիւնը պատ­­րիար­­քա­­­րանի եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րով սահ­­մա­­­նելու մա­­սին ո՛չ մէկ նշում կայ սահ­­մա­­­նադ­­րութեան մէջ։ Ընդ հա­­կառա­­կը Երու­­սա­­­ղէմի Պատ­­րիար­­քա­­­րանը նման հան­­գա­­­ման­­քը նշած է։

Արամ սրբա­­զան իմ տա­­րիքիս եւ առող­­ջութեանս մա­­սին մեկ­­նա­­­բանու­­թիւններ կ՚ընէ։ Այս ըրա­­ծը ամօթ է։ Արամ սրբա­­զան կը պնդէ թէ պոլ­­սա­­­հայու­­թեան մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը իր կող­­քին է։ Տե­­ղին կ՚ըլ­­լայ այս մա­­սին կար­­ծիք յայտնե­­լէ առաջ լուրջ քննար­­կում մը ու­­նե­­­նալ։ Կ՚ար­­ժէ հարցնել ար­­դեօք կեղծ ու­­րա­­­խու­­թիւննե­­րը իրա­­կան ար­­դիւնքներ կրնա՞ն տալ։

Կրօ­­նական ժո­­ղովի որո­­շու­­մը բո­­լորո­­վին սխալ է։ Պէտք էր զիս հրա­­ւիրէին։ Պէտք էր բո­­լորը հրա­­ւիրէին։ Ընդհա­­նուր փո­­խանոր­­դի ընտրու­­թիւնը աճ­­պա­­­րարու­­թեամբ կա­­տարող­­նե­­­րը հի­­մա ալ նոյն ձե­­ւով որո­­շումներ կը կա­­յաց­­նեն։ Իմ Պո­­լիս գտնո­­ւած ժա­­մանակ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած ժո­­ղով­­նե­­­րուն ալ ո՛չ մէ­­կը կը հա­­մար­­ձա­­­կէր առար­­կութիւն մը ընե­­լու։ Յայտնի է որ նոյն խար­­դա­­­խու­­թիւնը կը շա­­րու­­նա­­­կուի» ըսաւ Պէքճեան սրբազան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ