Հրանդ Տինքի այս շաբաթ շարունակուող դատավարութեան ընթացքին զանազան մեղադրեալներու հայցերը լսելէ զատ խնդիրը կու գայ նաեւ Սահմանադրական ատեանի օրակարգին։ Այստեղ կը շարունակուի քննարկուիլ կարգ մը շատ կարեւոր անուններու դէմ յարուցուած մեղադրանքը։ Անոնց շարքին են Իսթանպուլի փոխ կուսակալ Էրկուն Կիւնկէօր, Ազգային լրաքաղութեան կազմակերպութեան Շրջանային պետ՝ Էօզել Եըլմազ եւ զօրավար Վելի Քիւչիւք։
Հրանդ Տինքի ընտանիքի իրաւապաշտպանները այս անուններու դէմ եւս հարցաքննութիւն պահանջած էին եւ սահմանադրական ատեանը որոշեց քննարկել այս թղթածրարը եւս։ Այս թղթածրարին մէջ ներգրաւուած են 50 անուններ որոնց դէմ զանազան մեղադրանքներ կը կատարուի փաստաբաններու կողմէ։
Ինչպէս ծանօթ է այս անունները նախապէս ալ ներկայացուած էին դատարանին, բայց դատարանը մերժած էր իրենց դէմ հարցաքննութիւն կատարել։ Սակայն, երբ այս ուղղութիւնով գործել սկսաւ նաեւ Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու ատեանի ճնշումները, դատարանը այժմ ընդունած է այս անուններուն ալ հարցաքննութիւնը։