23Յունիս կիրակի օր պիտի կայանայ Իսթանպուլի քաղաքապետը ճշդող ընտրութիւնը։ Քաղաքապետութեան գլխաւոր երկու թեկնածուներ՝ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Էքրեմ Իմամօղլու պիտի ճակատին այս ընտրութեան միջոցաւ եւ հաւանաբար նոյն օրուայ գիշերուայ ժամերուն պիտի յստականայ արդիւնքը։ Սակայն այստեղ արդիւնքի յստականացումէն աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունի գոյացած արդիւնքին ինչպէս ընկալուելու խնդիրը։ Հասարակութիւնը որոշ մտահոգութիւն ունի նախագահ Էրտողանի այս ընտրութեան դէմ որդեգրելիք մերձեցումին նկատմամբ։
Այս դոհուբոհի մէջ է, որ քաղաքական ընտրութեան անմիջապէս յաջորդ օր 24 Յունիսին Սիլիվրիի արգելանոցի դատասրահին մէջ պիտի կայանայ «Կէզի» զբօսայգիի ապստամբութեան մեղադրեալներու դատավարութիւնը։ Այս ծիրէն ներս մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ հասարակական կազմակերպութեան վարիչ Օսման Քաւալա մօտ 20 ամիս է, որ բանտարկուած է Սիլիվրիի բանտին մէջ։ 16 մեղադրեալներու համար դատախազը կը պահանջէ ցկեանս բանտարկութիւն։