«Եէնի Աքիթ» կը շարունակէ յարձակիլ

Տիարպէքիրի Էյիլ գաւառի մահմետականացած հայերու պատմութիւնը նիւթ առնող վաւերագրական ժապաւէնը կը հալածուի ֆաշիստական «Եէնի Աքիթ» թերթի կողմէ։ Ինչպէս նախապէս ալ նշած էինք «Պահուած Խաչ»ի առաջին ցուցադրութիւնը կայացաւ Տիարպէքիր քաղաքապետարանի դահլիճին մէջ 16 Յունիսին։ «Եէնի Աքիթ» իր «Թուիթեր»եան էջի վրայ լուրը հաղորդեց ըսելով. «Իբրեւ թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը նկարեցին։ Ներքին դաւաճաններէն խաչակիր վաւերագրական»։ Այս մասին ֆիլմի նկարահաններէն Ալթան Սանճար «Ակօս»ին յայտնեց թէ իրաւական պայքար պիտի տանին թերթի այս լրատուութեան դէմ։ ««Եէնի Աքիթ» թերթը ծանօթ է իր հետադիմնական, կինատեաց եւ այլամերժ վարքագիծով։ Իր հաւատացած եւ ուրիշներուն ալ պարտադրած պատմութեան տեսութեան հակասող ամէն խօսքի դէմ կը դիմէ նոյն յարձակողական եղանակի։ Մենք ֆիլմին մէջ ցոյց տուինք թէ տեղւոյն հայերը ո՛չ թէ իրենց կամքով, այլ բռնութեան դիմաց ակամայ ընդունած են իսլամ կրօնքը։ Արդէն երկրի մէջ համատարած ախտ մըն է հայատեացութիւնը եւ մենք ալ որոշած ենք այդ ախտի դէմ պայքարիլ։ Հայ ազգին դէմ պարտական ենք եւ պիտի շարունակենք այդ պարտքը հատուցելու տարբեր միջոցներ գտնելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ