Կը շարունակուի Սեւակ Պալըքճըի դատավարութիւնը

Շարքային զինծառա­­յող Սե­­­ւակ Պա­­­լըք­­­ճըի 24 Ապ­­­րիլ 2011-ին իր ծա­­­ռայած զօ­­­րագունդի մէջ սպա­­­նու­­­թեան դա­­­տավա­­­րու­­­թիւնը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի։ 18 Յու­­­նի­­­­­­­սին Պաթ­­­մա­­­­­­­նի Առա­­­ջին եղեռ­­­նա­­­­­­­դատ ատեանի մէջ կա­­­յացած դա­­­տավա­­­րու­­­թեան ներ­­­կայ գտնո­­­ւեցան ոճ­­­րա­­­­­­­գործ Քվանչ Աղաօղ­­­լու, այդ շրջա­­­նի զին­­­ծա­­­­­­­ռայող Մե­­­թին Էօզ­­­թիւրք։ Դէպ­­­քի ժա­­­մանակ ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծը պնդած էր թէ իր զէն­­­քը ինքնի­­­րեն կրա­­­կած էր, ինք դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով չէր կրա­­­կած Սե­­­ւակին։ Սա­­­կայն կա­­­տարո­­­ւած թեխ­­­նի­­­­­­­քական ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րը ջրե­­­ցին Աղաօղ­­­լո­­­­­­­ւի պնդումնե­­­րը՝ յայտնե­­­լով թէ զէն­­­քին ինքնի­­­րեն աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան պատ­­­ճառ դար­­­ձող խան­­­գա­­­­­­­րում մը չէ նկա­­­տուած։

Այսպէ­­­սով դա­­­տախա­­­զու­­­թիւնը գի­­­տակ­­­ցա­­­­­­­բար մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան մե­­­ղադ­­­րանքով մին­­­չեւ 9 տա­­­րի բան­­­տարկու­­­թեան պա­­­տիժ պա­­­հան­­­ջած էր։ Դա­­­տավա­­­րու­­­թեան առա­­­ջին փու­­­լը աւար­­­տած էր 26 Մարտ 2013 թո­­­ւակա­­­նին եւ դա­­­տարա­­­նը գի­­­տակ­­­ցա­­­­­­­բար մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան մե­­­ղադ­­­րանքով 4 տա­­­րի 5 ամիս եւ 10 օրո­­­ւայ բան­­­տարկու­­­թեան վճիռ ար­­­ձա­­­­­­­կած։ Սա­­­կայն Զի­­­նուո­­­րական վճռա­­­բեկ ատեանը մեր­­­ժած էր դա­­­տարա­­­նի այս որո­­­շու­­­մը եւ պա­­­հան­­­ջած էր որ դա­­­տավա­­­րու­­­թիւնը վերսկսի ի սկզբա­­­նէ։

Դա­­­տավա­­­րու­­­թիւնը պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի 19 Սեպ­­­տեմբեր 2019-ին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ