Մահ՝ Հայկ Նշանի


Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի նախկին բազմամեայ տնօրէն Հայկ Նշան, 15 Յունիս շաբաթ օր յետ երկարատեւ հիւանդութեան կնքեց իր մահկանացուն։

Հայկ Նշանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Գումգաբուի Աթոռանիս Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Թերթիս էջերուն վրայ իր յիշատակը յարգող դասընկերներ եւ պաշտօնակիցներ իրենց վիշտը արտայայտեցին տխուր տողերով։ Այս առթիւ կը ցաւակցինք Հայկ Նշանի այրիին բազմամեայ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշանին, դստեր Սէլին Նշանի եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի

Թրքերէնով լոյս տեսած մահազդներու մէջ կը յարգուի բարի սովորութիւն մը։ Մահկանացուն կը ծանօթացուի իր արմատներով։ «Այսինչ քաղաքի, այնինչ գաւառի բնակիչ երջանկայիշատակ մահտեսի այսինչ այսինչեանի որդին կնքեց իր մահկանացուն …»։ Մենք անտեսած ենք պատկանելութեամբ արմատները բնութագրող այդ ծանօթագրութիւնները։ Ձեւով մը խզած ենք կապը անցեալի հետ։ Կարծես ենթական լոկ ինք իր ջանքերով եկած ըլլար այս աշխարհ։ Վերահասու ըլլալով պոլսահայ կրթական կեանքի վաստակաւոր մշակներէն Հայկ Նշանի մահուան բօթին ակամայ յիշեցինք իր հայրը ողորմած հոգի Տիգրան Նշանը եւ աւելի ծանօթ անունով Պիլուրճի Նիշօ Ուստան։ Այդ փոքրիկ նշումը ինքնին մեզի կը ներկայացնէ մանկավարժ Հայկ Նշանի կերպարի ետին կանգնած հսկայ աւանդը։

Հայկ Նշան այդ աւանդի վրայ յաջողեցաւ քար առ քար, աղիւս առ աղիւս հիւսել ամրոց մը, որուն շաղաղը կը կազմեն Գարակէօզեան որբանոցի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի նման հաստատութիւններ, Գարեգին Խաչատուրեանի, Շնորհք Գալուստեանի նման հսկայացած առաջնորդներ, Սիրանոյշ Ֆերուխանի եւ անհամար կրթական մշակներու նուիրումն ու վաստակը։

Հայկ Նշանի մանկավարժական առաքելութեան բաւականին երկար մէկ ժամանակահատուածը անցաւ իր ղեկավարած հաստատութեան ճգնաժամային տարիներու պայմաններուն մէջ։ Բնաւ դիւրին պիտի չըլլար պետութեան կողմէ մերժուած անգոյ համարուած վարչականներ ընտրելու իրաւունքէն զրկուած հաստատութիւն մը կարելի պիտի չըլլար ղեկավարել, այն ծանր պայմաններու տակ եւ կարծես թէ ամէն ինչ հունին մէջն է կարծեցեալ տպաւորութիւնը առթելով։

Արդարեւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի աշակերտութիւն չանդրադարձան անգամ իրենց դպրոցին ուղղուած ծանր հալածանքը, քանի որ Հայկ Նշան այդ բեռը առած էր իր ուսերուն եւ աշակերտներուն կը մնար միայն ու միայն զբաղուիլ իրենց գիտելիքները զարգացնելու համար։

Պատահական չէ որ Հայկ Նշանի կորուստը անդարմանելի վէրք մը գոյացուցած է ո՛չ միայն իր ընտանեկան շրջանակին մէջ, ո՛չ միայն Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի կազմով սահմանուած, այլ դարձած համազգային եւ համայնքային մեծ կորուստ։ Այս առթիւ կը կիսենք ինք եւս վաստակաւոր մանկավարժ Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի վիշտն ու կսկիծը։ Կը ձայնակցինք եւ կը սգակցինք ընտանիքի բոլոր անդամներուն։

«ԱԿՕՍ»

Ամենադժուարը հարազատներու հրաժեշտը

Սիրելի Հայկ,

Դասընկեր­­­նե­­­­­­­րուդ անու­­­նով ին­­­ծի վի­­­ճակո­­­ւեցաւ այս ու­­­ղերձը։ 1960-ի Հոկ­­­տեմբե­­­րեան առա­­­ւօտ մը երկրի չորս ծա­­­գերէն Իս­­­թանպուլ եկած 26 ծռեր։ Դպրե­­­վան­­­քի միջ­­­նա­­­­­­­կար­­­գի առա­­­ջին դա­­­սարա­­­նին մէկ­­­տե­­­­­­­ղուե­­­ցանք։ Դուն Տիգ­­­րա­­­­­­­նակեր­­­տէն եկած էիր եւ Պո­­­լիսէն, ու­­­րիշ մը Ատըեամա­­­նէն եւ այսպէս ամէն մէկս մէկ գա­­­ւառէն։ Մեր այդ օրո­­­ւայ վի­­­ճակը ծուռ ըլ­­­լա­­­­­­­լով նկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լուս պատ­­­ճա­­­­­­­ռը աւե­­­լի վերջ միշտ պայ­­­քա­­­­­­­րելով ան­­­ցած մեր կեան­­­քը բնու­­­թագրե­­­լու հա­­­մար է։ Այո՛, ծռեր էինք մենք եւ մեր այդ աննկուն կամ­­­քով գո­­­յատե­­­ւեցինք ամ­­­բողջ 60 տա­­­րիներ։ Գի­­­շերօ­­­դիկի պայ­­­մաննե­­­րը միայն այդ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւնը ապ­­­րողներն են որ կը գիտ­­­նան։ Գաղտնա­­­գողի կը ծխէինք։ Դրամ չէինք ու­­­նե­­­­­­­նար որ ծխա­­­խոտ գնենք, բայց մե­­­զէ մէ­­­կը եթէ երեք ծխա­­­խոտ ու­­­նէր ար­­­դէն մի­­­նակ մէ­­­կը իրեն կը պատ­­­կա­­­­­­­ներ, մնա­­­ցեալը կը կի­­­սուէինք։ Իսկ սի­­­րելի Հայ­­­կը իր ապ­­­րած կեան­­­քի ոչ թէ մէկ եր­­­րորդը, այլ հա­­­մարեա բո­­­լորը զո­­­հաբե­­­րեց Դպրե­­­վան­­­քին։ Հա­­­զիւ շա­­­բաթա­­­վեր­­­ջի քա­­­նի մը ժա­­­մերը պի­­­տի կրնար տրա­­­մադ­­­րել իր սի­­­րելի դստեր ու տիկ­­­նոջ։ Ան երեք տա­­­րուայ երա­­­խայի հետ երեք րո­­­պէի մէջ կրնար ըն­­­կե­­­­­­­րանալ, թաք­­­սիի վա­­­րոր­­­դին հետ կրնար հա­­­մաքա­­­ղաքա­­­ցի դառ­­­նալ եւ իր հա­­­մերաշխ բնա­­­ւորու­­­թեամբ կրնար բո­­­լորին հա­­­մոզել։

Կեան­­­քի վեր­­­ջին եր­­­կու տա­­­րինե­­­րը ան­­­ցուց դա­­­ժան հի­­­ւան­­­դութեան դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րելով։ Ես այս պա­­­հուն կը տխրիմ ամե­­­նաշատ յի­­­շելով այն երե­­­ւոյ­­­թը, ըստ որու Հայկ շատ բծախնդիր էր մեռ­­­նողնե­­­րու յի­­­շատա­­­կը յար­­­գե­­­­­­­լու մէջ։ Ան­­­պայման կը մաս­­­նակցէր դաղ­­­ման արա­­­րողու­­­թիւննե­­­րուն եւ այ­­­սօր որ­­­քան ցա­­­ւալի էր որ այդ պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւնը կը վի­­­ճակի մե­­­զի իր հան­­­դէպ նոյն պար­­­տա­­­­­­­ճանա­­­չու­­­թեամբ վա­­­րուե­­­լու հա­­­մար։

Արկնա­­­յին հան­­­գիստ կը հայ­­­ցեմ քեզ մեր սի­­­րելի դա­­­սըն­­­կեր։

Տոքթ. Թա­­­քուոր Անան

 

*

Հնա­­­գոյն դա­­­րերէն սկսեալ ու­­­սումը, ու­­­սուցու­­­մը մարդկու­­­թեան գլխա­­­ւոր հո­­­գերէն եղած են։ Փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւննե­­­րը յա­­­ջորդ սե­­­րունդնե­­­րու փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը զար­­­գա­­­­­­­ցան տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին եւ այդ զար­­­գացման ամե­­­նայա­­­ջող օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը ձե­­­ւաւո­­­րուե­­­ցաւ հայ ժո­­­ղովուրդի զար­­­թօնքի շրջա­­­նին։ Նա­­­խորդ դա­­­րաս­­­կիզբի աւե­­­լի քան 2000 ուսման օճախ­­­նե­­­­­­­րէն մե­­­զի մնա­­­ցածը միայն քա­­­ղաքիս քա­­­նի մը վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը եղան։ Մեզ՝ վե­­­րապ­­­րողնե­­­րուս հա­­­մար լու­­­սա­­­­­­­ւորող, գի­­­տու­­­թիւն ջամ­­­բող արե­­­ւը ոչ թէ արե­­­ւել­­­քէն, այլ այս ան­­­գամ արեւ­­­մուտքէն ծա­­­գած էր։ Եր­­­ջանկա­­­յիշա­­­տակ Գա­­­րեգին պատ­­­րիարք Խա­­­չատու­­­րեան հա­­­յու բե­­­կոր­­­նե­­­­­­­րը Իս­­­թանպու­­­լի մէջ հիմ­­­նած դպրո­­­ցին մի­­­ջոցաւ ի մի հա­­­ւաքեց եւ փրկեց հա­­­ւանա­­­կան լու­­­ծէն։ Այդ արե­­­գակը կը կո­­­չուէր Ս. Խաչ Դպրե­­­վանք եւ Հայկ Նշան Սուրբ Խաչ Դպրե­­­վան­­­քի տնօ­­­րէնի պաշ­­­տօ­­­­­­­նը կա­­­տարեց ու­­­ղիղ 34 տա­­­րիներ։

Նշենք որ Հայկ Նշա­­­նի պաշ­­­տօ­­­­­­­նավա­­­րած տա­­­րինե­­­րը երկրի ծանր ճգնա­­­ժամա­­­յին պայ­­­մաններ յաղ­­­թա­­­­­­­հարած տա­­­րիներն էին նաեւ եւ Հայկ Նշան յա­­­ջողե­­­ցաւ իր թիավա­­­րած նա­­­ւը խա­­­ղաղ ծո­­­վեր հասցնել այդ փո­­­թոր­­­կոտ ծո­­­վու մէ­­­ջէն։ Սա պա­­­հուս ամ­­­բողջ էու­­­թեամբ կը խո­­­նար­­­հինք իր յի­­­շատա­­­կին առ­­­ջեւ գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­լով որ անոր ցա­­­նած հունտե­­­րը դեռ պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն լու­­­սա­­­­­­­ւորել մեր ազ­­­գի ապա­­­գան։

Փրոֆ. Թո­­­րոս Ալ­­­ճան

Ատե­­­նապետ Սուրբ Խաչ Դպրե­­­վան­­­քի խնա­­­մակա­­­լու­­­թեան

 

*

 

Ու­­­սուցիչ, ման­­­կա­­­­­­­վարժ Հայկ Նշան 1948-ին ծնաւ Տիար­­­պէ­­­­­­­քիր Ղու­­­կաս Պե­­­տերեանի եւ աւե­­­լի ծա­­­նօթ անու­­­նով Տիգ­­­րան Նշան կամ Պիլ­­­լուրճի Նշո­­­յի եւ Պայ­­­ծա­­­­­­­ռի տան մէջ։ Նա­­­խակրթա­­­րանը աւար­­­տեց Գա­­­րակէօզեան որ­­­բա­­­­­­­նոցը, որ­­­մէ ետք յա­­­ճախեց Ս. Խաչ Դպրե­­­վանք։ Իս­­­թանպու­­­լի Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի գի­­­տու­­­թեան բաժ­­­նի բնա­­­գիտու­­­թեան եւ ու­­­սո­­­­­­­ղու­­­թեան մա­­­սը աւար­­­տեց եւ տա­­­կաւին աշա­­­կեր­­­տութեան տա­­­րինե­­­րուն պաշ­­­տօ­­­­­­­նավա­­­րեց Դպրե­­­վան­­­քի մէջ իբ­­­րեւ հսկիչ։ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանը աւար­­­տե­­­­­­­լէ ետք ու­­­սուցչա­­­գոր­­­ծեց Անա­­­րատ Յղու­­­թիւն, Սա­­­հակեան Նու­­­նեան, Արա­­­մեան Ունճեան եւ Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի Մե­­­րամէթ­­­ճեան վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րուն մէջ։

Իր պաշ­­­տօ­­­­­­­նավա­­­րու­­­թեան շրջա­­­նին ու­­­սա­­­­­­­նած աշա­­­կերտներ, այ­­­սօր աշ­­­խարհի տար­­­բեր ծա­­­գերուն կը պաշ­­­տօ­­­­­­­նավա­­­րեն Դպրե­­­վան­­­քի նստա­­­րան­­­նե­­­­­­­րէն ժա­­­ռան­­­գած կրթու­­­թեան հի­­­ման վրայ։

Հայկ Նշան բա­­­ցի տնօ­­­րէնի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու պաշ­­­տօ­­­­­­­նէն բա­­­ցի հար­­­կադրու­­­թիւննե­­­րու բեր­­­մամբ ստանձնեց նաեւ խնա­­­մակա­­­լու­­­թեան ան­­­դա­­­­­­­մի եւ հիմ­­­նա­­­­­­­դիրի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցի­­­­­­­չի պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւննե­­­րը եւս։ Ես երախ­­­տի­­­­­­­քով կը գնա­­­հատենք մեր սի­­­րելի «Պա­­­րոն»ի նո­­­ւիրեալ վաս­­­տա­­­­­­­կը։ Յար­­­գանքով ու կա­­­րօտով կը յի­­­շենք զինք։

Վար­­­չութիւն Ս. Խաչ Դպրե­­­վան­­­քի

 

*

 

Պա­­­րոն Հայկ Նշան, կամ ալ յա­­­ճախ Հայկ աղ­­­բա­­­­­­­րիկ։ Ան մի­­­նակ ու­­­սուցիչ կամ վա­­­րիչ, տնօ­­­րէն չէր մերթ աւագ եղ­­­բայր, մերթ ալ հայ­­­րիկ մըն էր։ Դպրո­­­ցի մատ­­­նո­­­­­­­ւած ամե­­­նադ­­­ժո­­­­­­­ւար վար­­­չա­­­­­­­կան կամ տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամե­­­րուն իսկ կը խնա­­­յէր բո­­­լոր մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը եւ չէր ար­­­տօ­­­­­­­ներ թէ մեր սնան­­­ման կամ կեն­­­սա­­­­­­­կան պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ թե­­­րացում մը գո­­­յանայ։

Դպրո­­­ցի մանր նո­­­րոգ­­­ման աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րուն հա­­­մար կը դի­­­մէր սե­­­փական ու ան­­­մի­­­­­­­ջական մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րուն։ Դպրո­­­ցը բաց պա­­­հելու հա­­­մար տա­­­րած ջան­­­քե­­­­­­­րուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ հար­­­ցաքննու­­­թեան իսկ մատ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ։ Բայց եր­­­բեք չվհա­­­տեցաւ։ Յաղ­­­թա­­­­­­­հարեց ամէն տե­­­սակ դժո­­­ւարու­­­թիւն։ Դժո­­­ւար է իր ներդրու­­­մը բա­­­ռերով բնու­­­թագրել։ Ու­­­րախ ենք որ վա­­­յելե­­­ցինք զինք։ Այժմ խա­­­ղաղու­­­թիւն կը մաղ­­­թենք իր հոգ­­­նա­­­­­­­տանչ մարմնին եւ մխի­­­թարու­­­թիւն բո­­­լոր հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րուն։

Վարդգէս Հեր­­­կել 1982-83-ի շրջա­­­նաւարտ

*

Վշտա­­­հար ենք,

Ծանր է մեր մատ­­­նո­­­­­­­ւած վիշ­­­տը։ Ման­­­կութեան ըն­­­կե­­­­­­­րոջ մը հա­­­մաքա­­­ղաքա­­­ցիի մը ըն­­­տա­­­­­­­նեկան բա­­­րեկա­­­մի մը կո­­­րուստէն աւե­­­լի ծանր կը կշռէ մեր ժո­­­ղովուրդի ապ­­­րած կո­­­րուստը, կորսնցնե­­­լով այսքան կա­­­րեւոր կրթա­­­կան մշակ մը։ Ան մեր բո­­­լոր ուսման հա­­­մակար­­­գի սի­­­րելի «Հայկ Աղ­­­բա­­­­­­­րիկ»ն էր։ Ոչ միայն Դպրե­­­վան­­­քի շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն, այլ բո­­­լորիս կեան­­­քին մէջ խո­­­րունկ հետ­­­քեր թո­­­ղած ես։ Քու շնոր­­­հիւ իմա­­­ցանք ուսման տար­­­բեր հո­­­րիզոն­­­նե­­­­­­­րէ նա­­­յելու կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը։ Ու­­­սուցա­­­նող եղար միշտ։ Նոր հո­­­րիզոն­­­ներ բա­­­ցիր մեր առ­­­ջեւ։ Մերթ ընդ մերթ դե­­­ղերդ ստա­­­նալու հա­­­մար կը հան­­­դի­­­­­­­պէիր դե­­­ղարա­­­նը կը յի­­­շեմ թէ ինչպէս կը փա­­­ռաբա­­­նէիր դպրե­­­վանքցի­­­ները։ Ինչ լաւ կ՚ար­­­տա­­­­­­­սանէիր այդ աս­­­մունքներդ տա­­­կաւին կը հնչեն ականջնե­­­րուս մէջ։ Միշտ սի­­­րով պի­­­տի յի­­­շուիս մեր կող­­­մէ։ Լոյ­­­սե­­­­­­­րու մէջ հնչէ սի­­­րելի եղ­­­բայր։

Կա­­­րապետ Քա­­­լայ­­­ճեան 
1964-65 տա­­­րեշրջան

 

*

 

Մեր բա­­­րեկամ, ըն­­­կեր, տնօ­­­րէն, հա­­­մաքա­­­ղաքա­­­ցի Հայկ Նշան։

Ան­­­ժա­­­­­­­մանակ մա­­­հովդ թէ մեր խոր սու­­­գի մատ­­­նե­­­­­­­ցիր եւ թէ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ կեան­­­քի մէջ մեծ պա­­­րապու­­­թեան մը տե­­­ղի տո­­­ւիր։ Աս­­­տուծոյ ողոր­­­մութիւ­­­նը թող քու վրայ ըլ­­­լայ։ Կեն­­­դա­­­­­­­նու­­­թեան օրով սփռած լոյսդ թող լու­­­սա­­­­­­­ւորէ քու ան­­­դե­­­­­­­նակա­­­նի ճա­­­նապար­­­հը եւս։

Եւ­­­րո­­­­­­­պայի Դպրե­­­վանքցի­­­ներու 
Փա­­­րիզեան Կեդ­­­րոն

 

*

 

Սուրբ Խաչ Դպրե­­­վան­­­քի գի­­­շերօ­­­թիկ ուսման դրու­­­թիւնը մե­­­զի պար­­­գե­­­­­­­ւեց եղ­­­բայրա­­­կան մթնո­­­լորտ մը։ Այդ մթնո­­­լոր­­­տի շնոր­­­հիւ այ­­­սօր բո­­­լորս մեծ ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մը ան­­­դամնե­­­րը դար­­­ձած ենք։ Քա­­­նի մը օր առաջ մարմնա­­­պէս մեզ­­­մէ հրա­­­ժեշտ առ­­­նող Հայկ Նշան այդ ըն­­­տա­­­­­­­նիքի նո­­­ւիրեալ ան­­­դամնե­­­րէն մէկն էր։ 1978-էն այս կողմ ստանձնած է դպրո­­­ցի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնը յանձն առ­­­նե­­­­­­­լով անոր վար­­­չա­­­­­­­կան կամ տնտե­­­սական բազ­­­մաբնոյթ հո­­­գերը։ Ես ան­­­ձամբ պա­­­տիւը ու­­­նե­­­­­­­ցած եմ իր հետ խնա­­­մակա­­­լու­­­թեան ատե­­­նապե­­­տի, վար­­­ժա­­­­­­­րանի հիմ­­­նադրի ներ­­­կա­­­­­­­յացուցչու­­­թեան պաշ­­­տօննե­­­րով աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցե­­­­­­­լու։ Քա­­­ջաբար կը գի­­­տակ­­­ցիմ Հայկ Նշա­­­նի դպրո­­­ցի օրի­­­նական իրա­­­վիճա­­­կը հաս­­­տա­­­­­­­տելու հա­­­մար տա­­­րած ջան­­­քե­­­­­­­րուն։

Սի­­­րելի եղ­­­բայրս Հայկ յի­­­շատակդ ան­­­թա­­­­­­­ռամ պի­­­տի մնայ մեր մօտ։

Անդրա­­­նիկ Մու­­­րատ Ճին­­­կէօզ

Նիւ Եոր­­­քաբնակ բո­­­լոր դպրե­­­վանքցի­­­ներու անու­­­նով

 

*

 

Տխուր յի­­­շատակ մըն է Հայկ Նշա­­­նի հետ իմ առա­­­ջին ծա­­­նօթու­­­թիւնը։ Ցե­­­րեկո­­­ւայ ար­­­ձա­­­­­­­կուրդին դպրո­­­ցի պար­­­տէ­­­­­­­զին մէջ իր դա­­­սըն­­­կերնե­­­րուն հետ ֆութպոլ կը խա­­­ղար։ Ֆութպո­­­լի գնդակ մը չէր հա­­­րուա­­­ծած­­­նին, այլ փոք­­­րիկ դե­­­նիսի գնդակ մը։ Ես ճա­­­շարա­­­նի պա­­­տին կրթնած իրենց խա­­­ղին կը հե­­­տեւէի։ Յան­­­կարծ այդ գնդա­­­կը գլո­­­րեցաւ եկաւ բա­­­խաւ իմ ոտ­­­քին եւ ապա դար­­­պա­­­­­­­սէն ներս։ Զայ­­­րա­­­­­­­ցած վրաս խու­­­ժեց եւ ապ­­­տա­­­­­­­կեց։ Ապ­­­տա­­­­­­­կը ցա­­­ւէն աւե­­­լի ար­­­ժա­­­­­­­նապա­­­տուու­­­թիւնս վի­­­րաւո­­­րած էր։ Այդ հո­­­գեբա­­­նու­­­թեան մէջ սկսած էի հեծկլտա­­­լով լալ։ Աւագ դա­­­սարա­­­նի բո­­­լոր աշա­­­կեր­­­տութիւ­­­նը զիս մխի­­­թարե­­­լու կը ջա­­­նային։ Մինչ այդ Հայկ Նշան մօ­­­տեցաւ գրկեց զիս եւ նե­­­րողու­­­թիւն խնդրեց։ Մրցու­­­մի լա­­­րուա­­­ծու­­­թեան մէջ թոյլ տո­­­ւած անի­­­րաւու­­­թեան հա­­­մար։Անցնող ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին դպրո­­­ցի մէջ միշտ պա­­­հապան հրեշ­­­տակս էր Հայկ Նշան։ Այսպէս 56 տա­­­րի տե­­­ւեց մեր բա­­­րեկա­­­մու­­­թիւնը, մին­­­չեւ որ այս չար հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը զինք խլեց մեզ­­­մէ։ Վստահ եմ որ հետ այ­­­սու լոյ­­­սե­­­­­­­րու մէջ պի­­­տի ննջէ։

Յա­­­կոբ Մու­­­րատ Էք­­­մեքճիօղ­­­լու, 
1969-ի շրջանաւարտ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ