«Կղզի՝ ուր երազները չեն ապրիր»։ «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքի հեղինակը Քոնճա Ալթան տիկին Մարիայի յուշերու միջոցաւ կը նկարագրէ երբեմնի յունաբնակ Իմրոզ կղզիի հարիւրամեայ պատմութիւնը։ Այս առթիւ զրուցեցինք ինք ալ այս կղզիի բնակիչ Քոնճա Ալթանի հետ պատմական Իմրոզի եւ մերօրեայ թրքերանացուած անունով Կէօքչէատայի մասին։
ՖԵՐՏԱ ՊԱԼԱՆՃԱՐ
ferda@agos.com.tr
«Զիս նման աշխատութեան մը մղողը տիկին Մարիայի պատմածներու հանդէպ իմ տգիտութեան անդրադառնալը եղաւ։ Այդ կղզիի բնակիչ ըլլալով հանդերձ դոյզն իսկ պատկերացում չունէի լսածներուս մասին։ Աւելին ո՛չ միայն ես, այլ կղզիի բնակչութեան մեծամասնութիւնն ալ անտեղեակ էր այստեղ պատմուածներէն։ Երբ ինծի վստահելով սկսաւ պատմել ես սովորական մեծ մայրիկի մը բերնէն հին հեքեաթներ լսելու հոգեբանութեան մատնուած էի։ Բայց ան քանի կը պատմէր ես ձերբազատուեցայ այդ սխալ կարծիքէն եւ ալ աւելի սրուած ուշադրութեամբ լսեցի զիրեն։ Պատմածները որոշ հերթականութեան մը չէին հետեւեր։ Շատ անգամ օրուայ անցուդարձներով կը ձեւաւորուէր իր վերյիշումները։ Եթէ այդ օր յանկարծակի բարկացած է իր լազ հարեւանին, կը խօսէր լազերուն առաջին անգամ Իմրոզ գալու ոդիսականը պատմելով։ Եթէ հեռուստացոյցի լուրերու հաղորդման պահուն կը յիշուէր Կիպրոսի խնդրի վերաբերեալ որեւէ բանակցութեան լուր մը, իսկոյն կը պատմէր 1974-ի զինուորական գործողութիւններու կղզիի մէջ գոյացուցած անդրադարձները։ Եթէ իրեն Փերայէն քնուած նուէր մը բերած եմ, այդ ատեն ալ կը յիշէր Փերայի վրայ գործող դերձակը։ Առաւօտ մը, երբ զրուցելու համար հերթական անգամ զինք այցելեցի սպիտակ ծածկոցով մը փաթաթուած ծրար մը երկարեց ու ըսաւ որ «Քեզի համար է, բաց տեսնենք»։ Անկողնի ծածկոց մըն էր։ Կղզին արտադրուած մետաքսը մօրը կողմէ գործուած, դարձեալ կղզիի յատուկ բուսական ներկերով ներկուած դերձաններով աշխատուած էր։ Ասոնք պատմելու ժամանակ դպչելու իսկ կը խրտչէր։ Շատ զգացուեցայ եւ իրեն յայտնեցի որ չեմ կրնար նման նուէր մը ընդունիլ, այս իր ընտանիքին պէտք է պատկանի։ Ապա աւելցուց որ չէր կրցած խմշիլ եւ իր ամուսնութեան օրով երբեք չէր գործածած այդ ծածկոցը։ Ապա ըսած էր «Դուն այլեւս իմ աղջիկս կը սեպուիս, հետեւաբար քեզի տալով ընտանիքէս դուրս ելած չի նկատուիր»։ Այդ պահէն ետք կարծես ալ աւելի մօտ դարձանք իրարու։ Մեզ մօտ դարձնողը ձեռքով գործուած անկողինի ծածկոց մը չէր միայն, կար աւելին։ Ես իր մտերմութեան արժանացած էի։
Ամենամեծ դժուարութիւնը պատմուածները ժամանակի մը կարգով գրի անցնել եղաւ։ Ես հետզհետէ սկսած էի անոր առողջութեան մասին հոգեր ունենալ, իսկ ան ինծի սորվեցնելիքներուն մտատանջութեան մէջ էր։ Եւ աւելին իր մտերմութիւնը շահելէ ետք կղզիի այլ յոյն ընտանիքներու դռներն ալ բացուեցան իմ դիմաց։ Եթէ ես Մարիայի բարեկամ էի, ուրեմն ուրիշներ ալ կրնային ինծի վստահիլ։ Արդար չէր որ բոլոր այս լսածներս իմ յիշողութեան հետ սահմանուած մնային։ Այսպէս սկսայ կղզիի մասին գրուած գիրքերը ուսումնասիրել։ Կղզիի պատմութեան, քաղաքական անցուդարձներու մասին տուեալներ հաւաքել։ Օրաթերթերու արխիւներու մէջ հետքեր փնտռեցի անցեալի դէպքերու մասին։ Զրուցեցի զանազան մարդկանց հետ։ Կղզիի մէջ պաշտօնավարող թուրք պաշտօնեաներ, նախկին բանտարկեալներ, գաղթով հոս եկածներ եւ դեռ ահագին մարդ։ Անհետ կորչիլը մղձաւանջ մըն էր Մարիայի համար։ Գիտէր թէ պիտի մեռնինք բոլորս ալ, բայց կը վախնար անհետ կորչելու գաղափարէն։ Լոկ այդ պատճառաւ ամուսնոյն խաչաձեւ շիրմաքարը նորոգեց ամէն անգամ, որ կոտրուեցաւ։ «Պիտի կորչինք երթանք, գոնէ արտօնեցէք որ շիրմաքար մը մնայ մեր ետին» ըսած էր ընդվզելով։ Ուզած էր որ իրմէ վերջ յիշատակը թող ապրի այս կղզիի վրայ։ Ահա այս գիրքը, այդ յիշատակը թողելու համար է որ հրատարակեցի» կ՚ըսէ գիրքի հեղինակը Քոնճա Ալթան։