Լիբանանահայ «Կարապալա» երաժշտական խումբը մեր ուշադրութեան արժանացաւ YouTube տեղադրած իր ձայնագրութիւններով։
«Աչըք Ռատիօ»ի մեր հաղորդած «Ժիրայրի Ուոլքմենը» ծրագրի շրջանակներով տեսակցեցանք խումբի անդամներէն Հրակ Գարագաշեանի հետ։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Ո՞վ է ձեր «Կարապալան», ի՞նչ ազգականական կապ ունի մեր Կարապալային հետ, որ կանգնած է Աբովեան փողոցի վրայ եւ մեր նախանձը կը գրգռէ երբ սիրուն աղջիկներ թեւանցուկ կը նկարուին իր հետ։ Եթէ նոյն սիրուն աղջիկները ձեզ հետ ալ կը նկարուին, հապա ի՞նչ է ձեր խումբին միանալու պայմանները։
Ներշնչուելով Կարապալայի պատմութենէն, որը կանգնած Աբովեան փողոցի վրայ, որոշեցինք մեր նուագախումբը անուանել Կարապալա։ Ինչպէս որ Կարապալան ծաղիկ տալով ուրախութիւն կը բաժնէր Երեւանի բնակչութեան, մենք ալ մեր կարգին կը փորձենք նոյն ձեւով ուրախացնել հանդիսատեսին երաժշտութիւն հրամցնելով։ Սակայն, տակաւին մեծ թիւով սիրուն աղջիկներ թեւանցուկ չեն նկարուիր մեր հետ ինչպէս կը նկարուին իսկական Կարապալա պապիկին հետ։ Երեւի պէտք է երաժշտութեան հետ վարդ բաժնել եւ կամ Աբովեան երգել։
Կատակը մէկ կողմ, կրնա՞ք պատմել խումբի կազմութեան եւ անձնակազմին մասին։
Կարապալա խումբը հիմնուեցաւ 2011-ին Լիբանանի մէջ եւ այդ ժամանակ խումբը կը բաղկանար միայն չորս անդամներէ։ Տարիներ շարունակ տարբեր բեմերէ նուագելէ եւ որոշ խանդավառութիւն մը ստեղծելէ ետք խումբին միացան այլ երաժիշտներ։ Ներկայիս Կարապալան կը բաղկանայ եօթը անդամներէ, որոնցմէ ոչ մէկը ասպարէզով երաժիշտ են։ Բոլորս ունինք մեր առօրեայ կեանքը եւ գործը, որ երաժշտութեան հետ կապ չունի, իսկ երաժշտութիւնը կը մնայ «հոպի» կամ այսպէս ըսուած՝ լուրջ զբաղումը։ Անդամներն ալ Խաչիկ Տէմիրճեան (ջութակ), Ալին Նագգաշեան (երգ), Սեպուհ Այնթապեան (աքորտիոն), Արամ Փափազեան (թմբուկ), Շահան Քիլակհպեան (տապլ պաս, դաշնամուր), Յակոբ Հարֆօսշեան (ելեկթիրք պաս, սաքսաֆոն) եւ Հրակ Գարագաշեան (կիթառ, երգ)։ Պէտք է ըսել որ վերջին երկու տարուայ ընթացքին խումբէն որոշ անդամներ Լիբանանէ տեղափոխուեցան տարբեր երկիրներ շարունակելու համար իրենց ասպարէզը կամ մասնագիտութիւնը։ Իրարմէ հեռու գտնուիլը բնականաբար կրնայ նոր դժուարութիւններ ստեղծել, սակայն հետաքրքրականը այն է որ խումբը այսպիսով կը ստանայ միջազգային բնոյթ մը, որուն պատճառով կը զարգանայ խումբին երաժշտական գիտութիւնը եւ ճաշակը։
Երբ իմ հեղինակային «Ժիրայրի Ուոլքմենը» ռատիօ հաղորդման համար հայկական նոր երաժշտութեան նմոյշներ կը փնտռէի YouTube-ի էջին վրայ, պատահմամբ ծանօթացայ ձեր կատարումներուն։ Դուք այդ օրերուն հիւրահամերգներով կ՚այցելէիք Միացեալ Նահանգներ։ Ուրիշ երկիրներ ալ այցելա՞ծ էք համերգներու համար։ Եթէ յարմար պայմաններ գոյանան Թուրքիա ալ կու գա՞ք։
Գ) Յուսամ ձեր ռատիօ-հաղորդումը լաւ ձեւով ընթացաւ եւ ուրախ ենք, որ YouTube-ի վրայ զետեղած մեր կատարումները իրենց նպատակին հասան։ Ինչպէս ըսի, Կարապալա խումբը հիմնուած է Լիբանանի մէջ եւ իր ելոյթներուն մեծ մասը բնականաբար տեղի կ՚ունենան Լիբանան։ YouTube-ի վրայ կատարումը որ կը գտնենք, այն ելոյթն է, որուն ընթացքին ցրուեցինք մեր առաջին ձայնասկաւառակները։ Ձայնասկաւառակ ունենալը եւ սոցցանցերու վրայ ներկայութիւն ունենալը նոր դռներ բացին խումբին։ Տարբեր գաղութներ, տարբեր երկիրներէ հետաքրքրութիւն յայտնեցին մեզ հրաւիրելու իրենց քաղաքները ելոյթներ ունենալու։ Ինչպէս դուք արդէն նշեցիք, մօտաւոր մէկ ամիս առաջ Կարապալան Լոս Անճէլս կը գտնուէր իր մասնակցութիւնը բերելու Գալիֆորնիոյ Համալսարանի հայկական բաժնի կազմակերպած «Ինուվէյթ Արմենիա» ձեռնարկին։ Բաւական յաջող ձեռնարկ մըն է՛ր։ Ամերիկայէն բացի կապի մէջ ենք նաեւ այլ գաղութներուն հետ եւ շուտով կը տեղեկացնենք բոլորին մեր ապագայ ճամբորդութիւններու մասին։ Կ՚արժէ նաեւ յիշել որ 2014-ին Կարապալան մասնակցեցաւ «Ծովից Ծով» հայկական երաժշտական մրցանակին, եւ այդ պատճառաւ մեկնեցանք Ռուսիա եւ նուագեցինք Քրեմլինի մէջ։ Բաւական հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր։
Մեզի համար պոլսեցիները շատ մեծ նշանակութիւն ունի հայկական իրականութեան մէջ։ Հետեւաբար շատ կ՚ուզենք եւ պատրաստ ենք Թուրքիոյ մէջ ալ ելոյթ մը ունենալու, երբ յարմար առիթը ստեղծուի։
Առհասարակ կ՚երգէք դասականացած հայ աւանդական երգերը։ Ի՞նչ կը մտածէք նոր յօրինումներ պատրաստելու մասին։
Այո, մեր երգացանկին մեծ մասը կը բաղկանայ հայկական դասական, աւանդական երգերէ, որոնք վերամշակած ենք մեր ոճով։ Այս տարի ունեցանք մեր առաջին յօրինումը։ Երգին անունն էր «Նոր Հայաստան», որը կրնաք գտնել YouTube-ի մեր էջին վրայ։ Երգը կ՚անդրադառնայ վերջերս տեղի ունեցած հայկական յեղափոխութեան, որ նոր յոյս ներշնչեց Հայաստանի բնակչութեան եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայութեան աշխարհով մէկ։ Յոյսով ենք որ յեղափոխութիւնը իրմէ սպասուած նպատակին կը հասնի, եւ այդ մէկը իրականացնելը մեր բոլորին պարտականութիւնն է։ «Նոր Հայաստան» երգէն զատ ուրիշ յօրինումներ կատարելու ցանկութիւնը կայ եւ աշխատանքները արդէն սկսած են։
Ի՞նչ կ՚ուզէիք որ հարցնէի, բայց չեմ հարցուցած։ Ուրեմն ձեր ազատ բեմն է յօդուածը, աւարտենք ձեր խօսքերով։
Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի Վարդան եւ «Ակօս» թերթին։ Հաճելի զրոյց մըն էր։ Յոյսով ենք որ առիթը կը ստեղծուի պոլսահայութեան համար ալ ելոյթ մը ունենալու եւ մեր զրոյցը շարունակելու բաժակ մը խմիչքի շնորհիւ։
Կրկին շնորհակալութիւն, սիրով։