Դատարանը լսեց Մուամմէր Կիւլերի յայտը

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

 

Հրանդ Տինքի սպանութեան գոր­­ծով շա­­րու­­նա­­­կուող դա­­տավա­­րու­­թեան 12 Յու­­նի­­­սի նիս­­տին մաս­­նակցե­­ցաւ ձեր­­բա­­­կալո­­ւած եւ ազատ կարգ մը մե­­ղադ­­րեալ­­ներ։ Անոնց մէջ ու­­շագրաւ էր Իս­­թանպու­­լի նախ­­կին կու­­սա­­­կալ­­նե­­­րէն Մո­­ւամ­­մէր Կիւ­­լե­­­րի բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը։ Ան նախ­­քան իր յայ­­տը ներ­­կա­­­յաց­­նել յի­­շեցուց որ այս ոճի­­րին հետ առնչո­­ւած նա­­խապէս ալ թէ Խորհրդա­­րանի հար­­ցաքննիչ յանձնա­­խումբին եւ թէ այլ հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու բա­­ցատ­­րութիւններ փո­­խան­­ցած է։ Ինչպէս ծա­­նօթ է Հրանդ Տինք 24 Փետ­­րո­­­ւար 2004-ին Սա­­պիհա Կէօք­­չե­­­նի մա­­սին լու­­րը հրա­­տարա­­կելէ ետք հրա­­ւիրո­­ւ
ած էր Իս­­թանպու­­լի կու­­սա­­­կալու­­թիւն եւ այնտեղ զգու­­շա­­­ցուած էր յար­­մար լե­­զուով մը։ Հրանդ Տինք այս զգու­­շա­­­ցու­­մը ըն­­կա­­­լած էր իբ­­րեւ սպառ­­նա­­­լիք։ Այս մա­­սին Մո­­ւամ­­մէր Կիւ­­լեր դի­­տել կու տայ թէ ոճի­­րը գոր­­ծո­­­ւած է այն հան­­դի­­­պու­­մէն եր­­կու տա­­րի տա­­սը ամիս եւ 25 օր վերջ։ «Սա­­կայն որով­­հե­­­տեւ Հրանդ Տինք այս մա­­սին գրած էր սպա­­նու­­թե­­­նէն ան­­մի­­­ջապէս առաջ, այնպի­­սի տպա­­ւորու­­թիւն մը գո­­յացաւ թէ ոճի­­րը կա­­յացած է այդ հան­­դի­­­պու­­մի պատ­­ճա­­­ռաւ։ Հան­­դի­­­պու­­մի գլխա­­ւոր նպա­­տակն էր այդ լրա­­տուու­­թեան մա­­սին իր­­մէ լրա­­ցու­­ցիչ տե­­ղեկու­­թիւններ լսել եւ մա­­նաւանդ ալ լրա­­տուու­­թեան աղ­­բիւրը իմա­­նալ։ Հրան­­դին հետ խօ­­սողը կու­­սա­­­կալու­­թեան փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րէ պա­­տաս­­խա­­­նատու պաշ­­տօ­­­նեան էր։ Այդ հան­­դիպման մէջ ոչ սպառ­­նա­­­լիք կար, ոչ ալ որե­­ւէ ճնշում։ Ար­­դէն հան­­դի­­­պու­­մի պա­­հանջն ալ եկած էր այդ պաշ­­տօ­­­նեայէն, քա­­նի որ լրա­­տուու­­թիւնը դժգո­­հու­­թեան ալիք մը ստեղ­­ծած էր եւ ու­­զած էինք հա­­սարա­­կու­­թիւնը լու­­սա­­­բանել։ Տինք անցնող ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին կրնար այս մա­­սին գրել, բայց ան լռու­­թիւն պա­­հեց մին­­չեւ ոճի­­րի նա­­խոր­­դող օրը։ Նշա­­նակու­­թիւն չու­­նի թէ ով հրա­­հան­­գած է նման տե­­սու­­թեան մը իրա­­կանա­­ցու­­մը։ Կա­­րեւո­­րը նոյն ինքն հան­­դի­­­պու­­մի կա­­յացումն է։ Այդ մա­­սին ալ իմ տե­­ղակա­­լը ար­­դէն տե­­ղեկա­­ցու­­ցած է զիս»։

Այս բա­­ցատ­­րութիւննե­­րէ ետք Հրանդ Տին­­քի իրա­­ւապաշտպան Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լու հար­­ցուց թէ նման սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու թի­­րախ դար­­ձած վի­­պագիր Օր­­հան Փա­­մուք առանց իր կող­­մէ պա­­հանջ մը ներ­­կա­­­յացո­­ւելու պաշտպա­­նուած էր թիկ­­նա­­­պահ մը տրա­­մադ­­րե­­­լով։ Ին­­չո՞ւ հա­­մար նման մի­­ջոց մը չէ գոր­­ծադրո­­ւած Տին­­քի պա­­րագա­­յին։ Այս մա­­սին ալ Մո­­ւամ­­մէր Կիւ­­լեր տո­­ւաւ հե­­տեւեալ բա­­ցատ­­րութիւ­­նը։ «Ինք նման պա­­հանջ մը չէր ներ­­կա­­­յացու­­ցած։ Այս մա­­սին կա­­նոնագ­­րութիւ­­նը յստակ է։ Ըստ կա­­նոնագ­­րութեան Լրա­­քաղու­­թեան բա­­ժին­­ներն են որ թիկ­­նա­­­պահի պաշտպա­­նու­­թիւն կը պա­­հան­­ջեն։ Տին­­քի հա­­մար այսպի­­սի պա­­հանջ մը չէր կա­­տարո­­ւած։ Հե­­տեւա­­բար գոր­­ծընթացն ալ չէր մեկ­­նարկած։ Մնաց որ ին­­ծի տե­­ղեկա­­ցու­­ցած էին թէ Հրանդ Տինք նման պա­­հանջ մը չու­­նի։ Նոյն ժա­­մանակ­­նե­­­րուն Պատ­­րիարք Մու­­թա­­­ֆեան պաշտպա­­նու­­թեան հա­­մար դի­­մում կա­­տարած էր եւ այդ դի­­մումն ալ ար­­ժա­­­նի կեր­­պով գնա­­հատո­­ւած պե­­տու­­թեան կող­­մէ»։

Այս ան­­գամ յայտ ներ­­կա­­­յաց­­նո­­­ղը ոճի­­րի ժա­­մանակ Տրա­­պիզո­­նի ոս­­տի­­­կան զօ­­րաց պաշ­­տօ­­­նեայ Ատեմ Փո­­լաթն էր։ Փո­­լաթ իր յայտնի մէջ նշեց թէ ոճի­­րէն մէկ օր առաջ Սա­­թըլ­­մըշ Շա­­հին Իս­­թանպուլ Էսէն­­լեր աւ­­տո­­­կայա­­րանին մէջ տե­­սակ­­ցած է ոս­­տի­­­կանի մը հետ։ «Փա­­խած զի­­նուոր մը իր զօ­­րամա­­սին յանձնե­­լու հա­­մար գա­­ցած էինք Էսէն­­լե­­­րի աւ­­տո­­­կայա­­րանը։ Հոն ոս­­տի­­­կան Սա­­թըլ­­մըշ Շա­­հին իր ոս­­տի­­­կան մէկ բա­­րեկա­­մին հետ խօ­­սեցաւ»։ Նոյնպէս Տրա­­պիզո­­նի ոս­­տի­­­կան զօ­­րաց հրա­­մանատ­­րութեան մէջ պաշ­­տօ­­­նավա­­րող Ռե­­ճեփ Գոչ­­փը­­­նար ալ յայտնեց թէ Տրա­­պիզո­­նի Փե­­լիթ­­լի գա­­ւառին մէջ Սա­­թըլ­­մըշ Շա­­հին պա­­տահ­­մամբ տե­­սած էր Օկիւն Սա­­մաս­­թը եւ որ­­պի­­­սու­­թիւն հար­­ցուցած։ Ակա­­նատես­­նե­­­րու մէջ էին նաեւ ոճի­­րի ժա­­մանակ Ալ­­փե­­­րեն Օճախ­­նե­­­րու նա­­խագահ Մուսթա­­ֆա Էօզ­­թիւրքի հետ նոյն տու­­նը բնա­­կող Մու­­ամմէտ Քըր­­մա­­­ճը եւ Տրա­­պիզո­­նի Ահա­­բեկ­­չութեան բաժ­­նի ոս­­տի­­­կան Մուսթա­­ֆա Քու­­լէ­­­թաշ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ