Ատելութեան դրդումով գործուած յարձակումի մը զոհը դարձող հայաստանցի զոյգը որոշած է վերադառնալ Հայաստան։ 31 Մայիս ուրբաթ օր առաւօտուան ժամերուն հայաստանցի Արփինէ Թ. ամուսնոյն աշխատանքի համար տունէն ելլելէն ետք դրան զանգի ձայնը լսելով բացած է տան դուռը եւ այդ պահուն ալ ենթարկուած է դիմակաւոր անծանօթներու յարձակումին։ Յարձակողները վիրաւորած են Արփինէ Թ.-ն եւ փախուստի պահուն ալ կոչած են ըսելով թէ «Այս յարձակումը տակաւին սկիզբ մըն է»։ Օգնութեան փութացած են հարեւանները եւ վիրաւորեալ կինը փոխադրած են հիւանդանոց։ Ան հիւանդանոցին մէջ բուժօգնութիւն ստանալէ ետք ղրկուած է տուն, բայց Արփինէ եւ ամուսինը տան մէջ իրենք զիրենք ապահով չզգալով փոխադրուած են բարեկամի մը բնակարանը։
Աւելի ետք պարզուեցաւ թէ հայաստանցի ամուսիններու բնակած տունը դէպքէն երկու ամիս առաջ նշանակու
ած էր։
Պատահարէն ետք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը դիմում կատարեց Իսթանպուլի Ապահովութեան Տնօրէնութեան, պահանջելով դէպքին լուսաբանուիլը։
Արամ Արք. Աթէշեան իրենց բնակարանին մէջ այցելեց տուժած ընտանիքը եւ աղօթեց իրենց համար։ Արփինէ Թ. «Ակօս»ին յայտնեց Հայաստան վերադառնալու որոշումին մասին, բայց յիշեցուց որ պիտի սպասեն հարցաքննութեան որոշ յառաջընթացը։
Երեսփոխան Կարօ Փայլան դէպքէն ետք ամուսինները այցելող առաջին անուններէն էր եւ խնդիրը փոխանցեց Ներքին Գործոց Նախարարութեան, հարցում ուղղելով կատարուածին գետին պատրաստող ատելութեան մթնոլորտին մասին։ Նոյն բնոյթով դիմում մըն ալ ներկայացուց Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան պատգամաւորներէն Հիւտա Քայա, որ եւս խիստ լեզուով քննադատեց կատարու
ածը եւ պատասխանատուութիւն բեռցուց իրենց ատելութեան պատգամներով նման յարձակումներու գետին պատրաստող քաղաքական գործիչներուն։ Միւս կողմէ Մարդու իրաւունքներու միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղէն իրաւապաշտպան Էրեն Քեսքին եւս այցելեց յարձակման ենթարկուած ամուսինները եւ ստանձնեց անոնց պաշտպանութիւնը։ Էրեն Քեսքին այս մասին ըրաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ան այս դէպքը նմանեցուց անցեալին նման յարձակումի մը զոհը դարձած Մարիցա Քիւչիւքի խնդրին հետ։ Նմանութիւններ բերաւ երկու դէպքերու միջեւ եւ ըսաւ թէ բծախնդրութեամբ պիտի հետեւի դէպքի զարգացումներուն։