Հայաստանը վերջին շաբաթներուն կը ոգեւորուի մարզական յաղթանակներով։ Ազգային հաւաքականը Լիխրենշթայնէն ետք Յունաստանն ալ պարտութեան մատնեց 2020-ի Եւրոպայի բաժակի զտման մրցումներուն մէջ։ Այսպէսով Հայաստան իր մրցած «J» խմբակին մէջ ապահոված է վեց նիշեր։ Միւս կողմէ ազատ ոճի ըմբշամարտերը Եւրոպայի առաջնութիւնէն ետք մեծ ոգեւորութեամբ եւ ակնկալիքներով կը պատրաստուին աշխարհի առաջնութեան։ «Արմենպրես»ի մամուլի սրահին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին 61 քկ. Քաշային Հրաչեայ Մարգարեանը նշեց որ ուրախ է իր այս անդրանիկ մասնակցութեան ոսկէ մետալով պարգեւատրուելուն համար։ 70 քկ. Քաշային Արման Անդրէասեանը եւ 79 քկ. Քաշային Արման Աւագեանը ուրախ են իրենց նուաճած բրոնզէ մետալներով։
Հայաստանի ըմբշամարտի ազատ ոճի հաւաքականը այժմ կը պատրաստուի 12-18 Օգոստոսին Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ կայանալիք աշխարհի երիտասարդներու մրցումներուն։