Հնչակեան 20 կախաղաններու ոդիսականը հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ ունի իր ողբերգական հետքը։ Շատերս լսած ենք 20 կախաղաններու մասին։ Սակայն հազիւ վերջերս է, որ հնչակեան գործիչներու պայքարը եւ նահատակութիւնը գիտակցութեան եկաւ Թուրքիոյ ձախակողմեան շրջանակներու մէջ։ Այս յայտնաբերման իր հեղինակած «Հայ յեղափոխականի մը դիմանկարը՝ Փարամազ» անուն գիրքով կարեւոր նպաստ բերած է Քատիր Աքըն։ Աքըն Փարամազի կեանքը եւ գաղափարները ուսումնասիրելու համար այցելած է Երեւան, Պէյրութ եւ Փարիզ։ Հաւաքած նիւթերով պատրաստած է ուշագրաւ մենագրութիւն մը։ Աքըն աւելի ետք ձեռնարկեց գիրքի բովանդակութիւնը հիմք առնող վաւերականի մը նկարահանման։ «Ռետ» (Մերժում) անուն վաւերագրականը կը ցուցադրուի Վաքըֆլըգիւղի հայրենակցական միութեան մէջ 20 Յունիս հինգշաբթի ժամը 20.30-ին։ Ազատ մուտքի այս ցուցադրման ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ֆիլմի հեղինակը եւ պիտի պատասխանէ հարցումներուն։