Արշիլ Կորքիի հաւաքական գործերը առաջին անգամ կը ցուցադրուին Իտալիոյ մէջ։ Վենետիկ քաղաքի Գա Փեզարօ գեղարուեստի դահլիճին մէջ Կորքիի գործերը գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ «Արշիլ Կորքի 1904-1948» խորագիրով։ Այսպէս իտալացի արուեստասէրներ առիթը կ՚ունենան ըմբոշխնելու Կորքիի 80 ստեղծագործութիւններ։ Իրականութեան մէջ այս ցուցահանդէսը Կորքիի առաջին յայտնութիւնը չէ Իտալիոյ մէջ։ Ան նախապէս 1948-ին յետ պատերազմեան այդ սարսափազդու միջավայրին Վենետիկեան առաջին պիենալին ալ գտնուած էր այս քաղաքին մէջ եւ հիացում պատճառած իտալացի հասարակութեան։ Իր կարգ մը գործերը 1962-ին կրկին անգամ ցուցադրուեցան Վենետիկի մէջ։ Իրականութեան մէջ գործերը որքան ալ ծանօթ ըլլան Իտալիայի, Կորքի անձամբ ոտք չէր դրած այս հողերուն, բայց Ամերիկայի մէջ զանազան արուեստաբաններ անոր գործերուն մէջ կը տեսնէին եւրոպական գեղանկարչութեան ազդեցութիւնները։ Չէին կրցած հասկնալ թէ Եւրոպական գեղարուեստի գործերու նկատմամբ իր գիտելիքները կու գային Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի թանգարաններէն։ Արշիլ Կորքի նախքան այս անունով յիշուիլը Ոստանիկ Մանուկ Ատոեանն էր եւ 1915-ին հազիւ 11 կամ 12 տարեկանին մասնակցած էր Վանի պաշտպանութեան կռիւներուն։ Ապա ռուսական զօրքի հետ միասին եկած էր Էջմիածին, ուր գաղթականի անտէրութեան մէջ կորսնցուցած էր նաեւ մայրը։ Չէր կրցած ազատուիլ այդ ողբերգական անցեալէն։ Միացեալ նահանգներ հաստատուելէ ետք ալ շարունակած էր հայրենի երկրի կարօտը նկարելու։ Անոր ստեղծագործութիւններու մէջ յատուկ տեղ ունին իր ծննդավայրի Խորգոմի յիշատակարանները։
Բոլոր այս տպաւորութիւնները կը քաղենք մեր աշխատակից Վիգէն Չըթըրեանի Վենետիկի ցուցահանդէսի տպաւորութիւններէն։
«Կորսուածի տպաւորութիւն տուող այս ցուցահանդէսին կը բացակայէր անոր ամենաշատ աշխատած գործը՝ «Արուեստագէտը եւ Մայրը»։ Կար միայն մատիտով գործ մը, որ կրնար յուշել այդ բացակայ նկարին մասին։ Կորսուածի տպաւորութիւնը Կորքիի այդ բացակայ գործէն աւելի ի՞նչն էր որ կրնար գոյացնել» կը հարցնէ Վիգէն Չըթըրեան։