Կեսարահայ «վարպետ»ի մը յիշատակին
«Արհեստաւոր» բառը ըստ իս գոհացուցիչ չէր բացատրելու համար Յովնաթան Վահանեանը։ Այս «վարպետ»ը այն արհեստաւորն էր որ՝ աւանդական գործելակերպով յատուկ արտադրութիւններ կ՚ընէր։ Կեսարիայէն հայրենակից, զաւակներով բարեկամ, լուսանկարչութեան առումով գործակից մեր Յովնաթան Վահանեանը յատկանշական կերպարը կը կրէր ինքնուս հայ վարպետի մը։ Իր ժամանակին հանդիպող լուսանկարչական բոլոր նորութիւնները օգտագործած էր։ Միշտ առաջնորդը եղած է Կեսարիոյ շրջանին։ Ափսոս եւ ամօթ ինծի որ այս զրոյցը կատարեցի իր մահէն ետք, զաւակները՝ Արմենակ եւ Կարպիս Վահանեաններու հետ։ Ի յիշատակ բոլոր հայ վարպետներուն։
ՍԵՒԱՆ ԱԹԱՕՂԼՈՒ
Սկսինք ձեր նախնիներուն, յետոյ հայրիկի կենսագրականին մասին։
Սեբաստացի Վահանեանները մօտաւորապէս քսանական թուականներուն վերջերուն եկած հաստատուած է Կեսարիոյ քաղաքը եւ զաւակներուն մեծ մասը այս քաղաքին մէջ ծնած են։ Ութը քոյր եղբայրներէն մին է Յովնաթանը։ Մեծ քոյրը փոքր տարիքին փախցուած է եւ երբեք չէ գտնուած։ Իսկ մեծ եղբայրը՝ նոյնպէս փախցուած եւ վերագտնուած է։ Փոքրիկ Յովնաթանը 8 տարեկանին սկսած է աշխատիլ եւ իր հօրմէն որբ մնացած է 12 տարեկանին։
Դերձակութիւն, աղիւս եւ կղմինտրի շինութիւն, փուրի գործաւորութիւն, ճաշարանի մէջ լուացք եւ սպասարկութիւն եւ այլ տեսակ փոքր արհեստներ, որոնց շնորհիւ իր ընտանիքին կրցած է հաց ապահովել։ Դպրոց չէր կրցած երթալ եւ միշտ ալ ափսոսած է այս պատճառով։
Յետոյ, 15 տարեկան հասակին Պոլիս, Գատըգիւղ եկած եւ յոյնի մը ճաշարանին մէջ աշխատած է ապրելով պանդուխտի կեանք, մինչեւ զինուորական ծառայութեան սկսիլը։ Իր զինուորութիւնը կատարած է երեք տարի տեւողութեամբ եւ լուսանկարչութիւնն ալ հոն սորուած է։ Զինուորութիւնը վերջանալէն ետք վերադարձած է Կեսարիա։
Նախքան խանութ բանալը, մեր հայրիկը փողոցի վրայ վայրկենական (á la minute) լուսանկարներ հանելով իր օրականը ապահոված է. յետոյ, երբ իր գործերը յաջող կերպով յառաջացած են, լուսանկարչութեան իր սեփական խանութը ունեցած է։ Խանութին անունը կոչած է «Փօթօ Փարիզ», ի պատիւ եւ ի յիշատակ, Կեսարիա իրմէ առաջ լուսանկարիչ եղած հայու մը, որուն անունը ափսոս կը պակսի այսօր մեր յիշողութենէն։ Այն հայ վարպետին երազը՝ որ եղած է «Փարիզի պէս» սթիւտիօ մը բանալ, ձեւով մը իրականացած է։
Ձեր հայրը այս փորձառութեամբ եւ շնորհքով միասին, բոլոր Կեսարիոյ տարածքին որոշ համբաւ եւ որակ ունեցած է։ Խանութէն դուրս ալ բաւական գործունէութիւն ունեցած է՝ որուն կարգին լուսանկարչական լրագրութիւն։
Մեր հայրը՝ երբ խօսքը ըլլար «Ես աժանս (ajans) ունէի» կ՚ըսէր։ Այսինքն, Կեսարիոյ տարածքին մէջ պատահած կարեւոր դէպքերու վերաբերեալ նկարները կը ղրկէր թէ ամբողջ երկրի, թէ ալ տեղւոյն լրագիրներուն։ «Հիւրրիյէթ», «Աքշամ» եւ տեղական «Իսթիքլալ» թերթերուն մնայուն պաշտօնական լուսանկարիչը եղած է։ Շնորհիւ իր բծախնդիր եւ որակաւոր աշխատանքին, Կեսարիոյ պետական դասը, այսինքն նահանգապետ, քաղաքապետ, ոստիկանապետ, կուսակցապետ եւլն, միշտ զինք նախընտրած են զանազան տեսակի պաշտօնական լուսանկարչական գործերուն համար։ 1950-էն մինչեւ 1966, վայելած է առանձնաշնորհեալ դիրք մը իր ասպարէզին մէջ։ Դպրոցական, հարսանեկան, ծանուցողական եւ այլ նիւթերով լուսանկարներու հսկայ արխիւ մը ունէր։ Դժբախտաբար այս արխիւը գրեթէ բոլորովին անհետացած է, հրդեհի մը պատճառաւ։
Իր ասպարէզէն նշանակելի դրուագներ ունի՞ք մեզի հետ կիսելու։
Իրեն համար ամենակարեւոր դրուագը, նշանաւոր Ամերիկայոյն շարժանկարիչ Էլիա Գազանի Կեսարիա, իր պապենական հողերուն կատարած այցելութիւնն է։ Բոլոր այցելութեան ընթացքին Էլիա Գազանը լուսանկարելու առիթը միայն ինքը ունեցած է։
Ուրիշ մէկ դրուագ մը՝ ոչ նուազ կարեւոր, պատահած է 50-ական թուականներուն Կեսարիոյ նահանգապետին հետ։ Օր մը մեր հայրը հեռաձայն կը ստանայ նահանգապետին գրասենեակէն եւ իրմէ կը խնդրուի անմիջապէս պատրաստ գտնուիլ իր գործիքներով, երթալու համար Կերմիր գիւղը։ Այս մէկը նաեւ Էլիա Գազանի պապենական գիւղն է։
Նահանգապետը կու գայ իր պաշտօնեաներով, հայրս կը դնեն ինքնաշարժին մէջ եւ ոստիկանական հսկողութեամբ կ՛ուղղուին դէպի այդ գիւղը։ Հոն՝ պատահածը յայտնի կըլլայ։ Գիւղացիները սկսած են գողնալ այդ տեղի հայկական Կարմիր Վանքին պատերուն քարերը իրենց շինութիւններուն համար եւ այս ուղղութեամբ գանգատներ հասած են նահանգապետութեան։ Մեր հօրմէն կ՚ուզեն որ լուսանկարէ վանքին ամեն կողմը։ Նահանգապետը հաւաքելով գիւղացիները, կը յանդիմանէ իրենց եւ կ՚ազդարարէ զիրենք թէ այն գողութիւնները եթէ շարունակուին, ինքը՝ փաստը ունենալով վանքին վերջին վիճակին, խստիւ հաշիւ պիտի պահանջէ իրենցմէ։ Այս ձեւով, այն վանքին կործանումը կրցած է կասեցուիլ տասնեակ մը տարիներ։
Վերջին դրուագ մըն ալ 60-ական թուականներուն «Արդարութեան» կուսակցութեան ատենապետ եւ ապագայ վարչապետ եւ հանրապետութեան նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլին այցելութիւնը։
Ասոնք ներկայիս շատ անկարեւոր դէպքեր են, բայց այդ թուականներուն մանաւանդ գաւառական քաղաքի մը համար արտասովոր եղած են։
Իսկ ի՞նչ պատճառաւ հեռացած է Կեսարիայէն։ Շարունակա՞ծ է արդեօք լուսանկարչութեան։
Իր զաւակներուն մեծնալուն եւ Կեսարիոյ մէջ Հայ վարժարանի չգոյութեան պատճառաւ, բազմաթիւ այլ Հայ ընտանիքներու շարքին, ինքն ալ եկած հաստատուած է Պոլիս ։ Անցեալին արդէն հոս ապրած եւ սիրած ըլլալուն համար, Գատըգիւղ հաստատած է իր ընտանիքին բնակչութիւնը։ Քանի մը տարիներ շարունակած է լուսանկարչութեան, բայց վերջապէս իր ասպարէզը փոխած է՝ հեռանալով իր բուն արհեստէն եւ մօտենալով լուսանկարչական գործիքներու եւ ապրանքներու առեւտուրին։
Եզրափակելու համար այս զրոյցը, ի՞նչ եղած է ձեր հօր յատկանշական կողմերը։
Հայրիկը ըրած գործին հանդէպ խստապահանջ էր։ Իրեն համար լաւ եւ կատարեալ գործը ամենակարեւոր ազդակն էր արհեստի մը մէջ։ Միշտ կը խրատէր՝ թէ մաքուր եւ պարկեշտ գործով է որ յաջողութեան կրնանք հասնիլ։ Կը կարծենք թէ այս սկզբունքներու պահպանումը սերունդէ սերունդ, հայ արհեստաւորներու արժէքն ու համբաւը միշտ բարձր պահած են։