22-23 Մայիս թուականներուն Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանի մէջ կայացաւ Սիմ Արեւշատեանի նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը։ Սոյն ժողովին Իսթանպուլէն կը մասնակցէր ակադեմական եւ «Նոր Զարթօնք» շարժումի գործիչներէն Ճան Էրզուրումլուօղլու։ Քաղաքիս Կալաթասարայ համալսարանը ներկայացնող Էրզրումլուօղլու, Կիւլպենկեան հիմնադրամի աջակցութեամբ մասնակցած գիտաժողովին Եղիա Տէմիրճիպաշեանի փիլիսոփայական ներդրումը ցոլացնող իր ելոյթով ուշադրութեան արժանացաւ Հայաստանի մտաւորական շրջանակներու մէջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ճան Էրզուրումլուօղլուի ելոյթին ամփոփ յատուածը։
ՃԱՆ ԷՐԶՈՒՐՈՒՄԼՈՒՕՂԼՈՒ
Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Արեւմտեան փիլիսոփայութեան հոսանքներու թափանցումը եւ տարածումը կը զուգադիպի յետ-բարեփոխեցրու Թանզիմաթեան շրջանին երբ Օսմանեան թուրք մտաւորականութիւնը ծանօթացաւ արեւմտեան գաղափարներուն, յատկապէս երբ սկսան ուսանիլ արեւմտեան լեզուները, ինչ որ պատճառ դարձաւ նաեւ փիլիսոփայական աշխատասիրութիւններու հանդէպ հետաքրքրութեան։
Այս հետաքրքրութեան տուն տուող պատճառը այն համոզումն էր, որ կայսրութեան հասարակական եւ զինուորական խնդիրներու լուծումը կարելի էր որոնել Եւրոպայի փիլիսոփայական մտածելակերպի ընդմէջէն։ Այս պատճառով, առաջին ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած էին քաղաքական, իրաւաբանական փիլիսոփայութեան եւ ֆրանսացի զարթօնքի շրջանի ջահակիրներու վրայ։
Օսմանեան կայսրութեան ներքեւ վերացական փիլիսոփայութեան առաջին քայլերը կը տեսնենք 1885 ական թուականներուն։ Քանթ, Լայպնից, Հեկելի նման փիլիսոփաներու աշխատասիրութիւնները հազիւ սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք, այսինքն 1908-էն վերջը միայն Օսմանեան թուրք մտաւորականութեան ուշադրութիւնը պիտի գրաւէին։
Այս շրջանի փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններու մէջ կ՛ընդգծուի գիտական մտքի կարեւորութիւնը եւ Եւրոպական ոճի գիտական հաստատութիւններ հանդէս կու գան։ Հայ դրապաշտ փիլիսոփայ՝Եղիա Տէմիրճիպաշեան այդ շրջանին գրի առած է իր փիլիսոփայական աշխատութիւնները։
Սոյն ուսումնասիրութեան մէջ, օգտուեցանք իր զանազան օրաթերթերու մէջ հրատարակուած յօդուածներուն կողքին, 1879 եւ 1880-ին գրած փիլիսոփայական բառարաններէն, որ Վոլթերը օրինակ առած է եւ 1883-1888 թուականներու միջեւ, դրական փիլիսոփայութիւնը հայերու մէջ տարածելու ձգտումով առանձին հրատարակած է «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում» եւ գիտական բնոյթ ունեցող «Երկրագունդ» թերթը, որուն 1884-1888-ի միջեւ խմբագիրը եղած էր։
Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին թրքերէնով առաջին փիլիսոփայական հանդէսը լոյս տեսած է 1912 թուականին, իսկ երկրորդական վարժարաններէն ներս առաջին փիլիսոփայական դասաւանդութիւնը սկսած է 1914-ին սեփական վարժարանի մը մէջ։ Ի տարբերութիւն Տէմիրճիպաշեանը որ արդէն 80-ական թուականներէն սկսեալ կը դասախօսէր հայկական վարժարաններէն ներս փիլիսոփայութեան նիւթը։
Տէմիրճիպաշեանը, որ կը մտածէր թէ փիլիսոփայութիւնը պէտք է հիմք ունենայ գիտութիւնը, իր փիլիսոփայական յօդուածներուն մէջ պաշտպանեց նիւթապաշտ եւ բարեշրջական աշխարհայեացքը ու այլ հայ մտաւորականներու հետ կարեւոր դեր խաղաց արեւմտեան մտքի տարածման՝ Օսմանեան շրջանակներուն մէջ։
Այս ուսումնասիրութեան նպատակն է, ոչ միայն իր պատմական նշանակութիւն ունեցող փիլիսոփայական գործունէութիւնը արժեւորել, այլ նաեւ որպէս դրապաշտ հայ փիլիսոփայ իր դերը հաստատել եւ բնորոշել Օսմանեան փիլիսոփայութեան պատմագրութեան մէջ։