ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Քիւրտ բանուորական կուսակցութեան պետ Ապտուլլահ Էօճալանի մեկուսացման դէմ բողոքելու համար երեսփոխան Լէյլա Կիւվեն 8 Նոյեմբեր 2018-ին հացադուլ հռչակած էր բանտարկութեան պայմաններու տակ։ Ապա ան ազատ արձակուեցաւ, բայց հացադուլը շարունակեց բնակարանին մէջ եւս։ Սակայն կարճ ժամանակ անց Լէյլա Կիւվէնին օրինակին հետեւեցան բազմաթիւ քաղբանտարկեալներ։ Հետզհետէ բարձրացաւ հացադուլի դիմող բանտարկեալներու թիւը եւ հասարակութեան մօտ ծաւալեցաւ անոնց կեանքը կորսնցնելու հաւանականութեան պատճառած մտահոգութիւնը։ Այս անգամ բանտարկեալներու մերձաւորները յատկապէս մայրերը սկսան բանտերու շրջակայքին մէջ բողոքի ցոյցերով հանդէս գալ եւ կառավարութեան ուժերէն պահանջել լուծման միջոցի մը յայտնաբերումը։ Երկար ժամանակ մայրերու բողոքները ճնշուեցան ոստիկանական բռնութեամբ, բայց վերջին հաշուով կառավարութիւնը երկար ընդհատումէ ետք արտօնեց Ապտուլլահ Էօճալանի իր փաստաբաններու հետ հանդիպումը։ 2 եւ 22 Մայիս թուականներուն փաստաբաններ այցելեցին իրենց պաշտպանեալը Իմրալը կղզիին մէջ եւ ապա փոխանցեցին անոր պատգամները։ Էօճալան առաջին հերթին կոչ կ՚ընէր հացադուլի դիմածներուն, յայտնելով թէ նպատակին հասած է անոնց դիմադրութիւնը եւ պէտք է դադրեցնեն հացադուլը։ Այս յայտարարութենէն ետք բանտարկեալներ վերջ տուին հացադուլի գործադրութեան եւ սկսաւ անոնց համար բժշկական օգնութիւնը։
Թէեւ այստեղ մերթընդմերթ նկատուեցան կամայական դժկամութիւններ, քանի որ կարգ մը առողջապահական աշխատակիցներ կը մերժէին քաղբանտարկեալներու բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու։
Էօճալանի պատգամները կը թելադրէին Սուրիոյ խնդրին մէջ խաղաղ լուծման եղանակներ։ Ան Սուրիոյ ժողովրդական շարքերուն կը թելադրէր նկատի ունենալ Թուրքիոյ ռազմավարութեան դիւրիմացութիւնները եւ զգոյշ ըլլալ այս նիւթերը գրգռելու մէջ։
Էօճալանի այս խօսքերը կը յիշեցնէին անոր 2013 Նէվրոզին փոխանցած պատգամները։ Էօճեալան նաեւ ընդգծեց թէ իր յայտարարութիւնները պէտք չէ ընկալել, որպէս բանակցութիւն։ «Այս հանգրուանին սխալ է բանակցութեան մասին խօսիլը»։
Քրտական հարցի մասին վերլուծումներով ծանօթ ակադեմիկոս Վահապ Ճոշկուն «Ակօս»ի համար մեկնաբանեց Էօճալանի խօսքերու նշանակութիւնը։ Ան նշեց, որ Էօճալանի հետ բանակցելու ետին կայ Սուրիոյ զարգացումները։ «Թուրքիան ստիպուած է վերատեսութեան մատնել իր Սուրիոյ ռազմավարութիւնը։ Այս հանդիպումները կարեւոր հետեւանքներ պիտի ունենան Թուրքիոյ նոր ռազմավարութիւնները ձեւաւորելու գործին մէջ։ Այժմ շատ կանուխ է յստակեցնելու համար թէ այս հանդիպումները բանակցութեան մը բնոյթ պիտի ստանան, թէ ոչ։ Բայց կայ երկու կարեւոր յատկանիշներ, Էօճալան Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կը յանձնարարէ Թուրքիոյ կանխակարծիքները նկատի ունենալ։ Երկրորդ կարեւոր շեշտը կը վերաբերի 2013 թուականին։ Էօճալան յատկապէս կը շեշտէ այդ թուականը յիշեցնելով, թէ ինք կը պահէ 2013-ին իր յայտարարած կեցուածքը»։
Յիշենք որ 2013 Նէվրոզին Էօճալան մերժած էր զինեալ դիմադրութիւնը եւ առաջարկած խնդիրները բանակցութիւնով լուծել։ Ան նաեւ նշած էր Թուրքիոյ հողային ամբողջութիւնը։ Այս մէկը խիստ կարեւոր է, քանի որ Թուրքիոյ ազգայնական շրջանակները խնդիրը յարատեւօրէն կը դիտեն երկիրը տարանչատելու վարկածի մը վրայ։