Կը վերսկսին Հրանդ Տինք Հիմնարկի հայերէնի դասընթացքները

10Յու­լի­սին կը վերսկսի Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի նա­խաձեռ­նած ամառ­նա­յին դա­սըն­թացքնե­րը։ Ինչպէս ծա­նօթ է հիմ­նարկը վեր­ջին տա­րինե­րուն խտա­ցեալ դա­սըն­թացքներ կը սար­քէ դի­մագ­րա­ւելու հա­մար արեւմտա­հայե­րէնի ու­սուցման հան­դէպ, մա­նաւանդ ակա­դեմա­կան շրջա­նակ­նե­րու պա­հան­ջը։

Խտա­ցեալ դա­սըն­թացքնե­րը պի­տի տե­ւեն հինգ շա­բաթ, ամե­նօրեայ հեր­թա­կանու­թեամբ։ Մաս­նա­կից­ներ դա­սերուն պի­տի հե­տեւին ամէն օր 10.00-13.00 ժա­մերու մի­ջեւ Անա­րատ Յղու­թիւն Դպրո­ցի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ։

Բա­ցի այդ կը նա­խատե­սուի նաեւ ըն­թերցման աշ­խա­տանո­ցի եր­րորդ շրջա­նը։ Այստեղ մաս­նա­կից­նե­րէն կը պա­հան­ջո­ւի հա­յերէն տա­ռերու գրա­ճանաչ ըլ­լալ եւ կա­րենալ հասկնալ պարզ նա­խադա­սու­թիւննե­րը։

Աշ­խա­տանո­ցի շրջագ­ծով պի­տի ու­սումնա­սիրո­ւի պոլ­սա­հայ հե­ղինակ­նե­րու գրա­կան գոր­ծե­րը ար­ձակ, թէ չա­փածոյ։ Դա­սըն­թացքնե­րու հա­մար լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թիւններ եւ գի­տելիք­նե­րու մա­կար­դա­կի ստուգման հա­մար կը պա­հան­ջո­ւի կապ հաս­տա­տել Հրանդ Տինք հիմ­նարկի պա­տաս­խա­նատու­նե­րուն հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ