Հրանդ Տինք Հիմնարկի դրամաշնորհի ծրագիրը

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը ֆի­նան­սա­կան օգ­նութիւն կը տրա­մադ­րէ Թուրքիոյ մէջ մար­դու իրա­ւունքնե­րու եւ ժո­ղովրդա­վարու­թեան զար­գացման, ազա­տու­թիւննե­րու պահ­պանման փո­խադարձ հաս­կա­ցողու­թեան եւ երկխօ­սու­թեան մի­ջոցաւ տար­բեր տոհ­միկ, ըն­կե­րային եւ քա­ղաքա­կան խմբակ­նե­րու զար­գա­ցու­մը խրա­խու­սե­լու նպա­տակով։

Այս մա­սին կա­րեւոր աղ­բիւրը կը գո­յանայ Եւ­րո­միու­թեան մաս­նակցու­թեան նա­խօրէին տնտե­սական օժան­դա­կու­թեան ծրա­գիրը։ Օլոֆ Փալ­մէ մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նի եւ Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու կեդ­րո­նի հա­մագոր­ծակցու­թեամբ ըն­թա­ցող նա­խագ­ծին ճիւ­ղե­րէն մէկն ալ հա­սարա­կական հան­րութիւ­նը զար­գացնե­լու ուղղո­ւած դրա­մաշ­նորհի ծրա­գիրն է։

Դրա­մաշ­նորհէն պի­տի կրնան օգ­տո­ւիլ շա­հի ակնկա­լու­թիւն չհե­տապնդող միու­թիւննե­րը, հիմ­նադրամ­նե­րը եւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը։ Դրա­մաշ­նորհի նո­ւազա­գոյն սահ­մա­նու­մը 40 հա­զար, իսկ վե­րին սահ­մանն ալ 120 հա­զար Եւ­րօ ըլ­լա­լով ճշդո­ւած է։ Դի­մու­մի վեր­ջին ժամ­կէտն է 12 Յու­լիս 2019։ Դրա­մաշ­նորհի ծրագ­րի ման­րա­մաս­նութիւննե­րը տե­ղադ­րո­ւած են Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի hrantdink.org կայ­քէ­ջին։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ