ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՄԱՏՆ

Վերելակի պղնձեայ դռնե­­րը կը բա­­ցուին ու չորս աշա­­կերտ կը յայտնո­­ւի հիւ­­րա­­­նոցի ըն­­դունա­­րանին մէջ։ Բո­­լորն ալ պատ­­րաստ կ՚երե­­ւին- լու­­սանկա­­րի մե­­քենայ, գլխարկ եւ հան­­գիստ կօ­­շիկ...

- Պա­­րոն մին­­չեւ նա­­խաճաշ կը վե­­րադառ­­նա՞նք։

- Աւօ, կա­­խում ու­­նի ձեր քա­­լելու արա­­գու­­թե­­­նէն։

- Երէկ, պա­­րոն, անանկ հա­­մով ձո­ւածեղ կար, մատ­­ներս կե­­րայ։

Նախ կ՚ուղղո­­ւինք Կա­­րապի լիճ։ Դա­­տարկ են Սա­­յաթ-Նո­­վայի մայ­­թե­­­րը։ Մեր առա­­ջին «բա­­րի լոյս»ը նար­­տի խա­­ղացող վա­­րորդնե­­րուն կու տանք- «...Ձեզ էլ բա­­րի լոյս։ Է՞սօր ուր էք գնում...»։

Այ­­սօր, որո­­շած ենք եր­­կու ար­­ձան այ­­ցե­­­լել ու եր­­կու մեծ հա­­յու բա­­րեւ տալ։ Տէ­­րեանէն ձախ, եւ ահա մեր առ­­ջեւն է Կա­­րապի լի­­ճը ու անոր եզ­­րին տե­­ղադ­­րո­­­ւած Առ­­նօ Պա­­պաճա­­նեանը։ Փա­­թիլը եւ Պեր­­ճուհին կը սկսին զայն ան­­մի­­­ջապէս լու­­սանկա­­րել։ Իսկ Ժի­­րայրն ու Աւօն զար­­մանքով կը նկա­­տեն անոր մատ­­նե­­­րը- խո­­շոր, չա­­փազան­­ցո­­­ւած։ Երբ ար­­ձա­­­նագոր­­ծի խօս­­քե­­­րով կը մա­­տու­­ցեմ այդ մատ­­նե­­­րու մեկ­­նութիւ­­նը, «մատ» բա­­ռի ման­­րա­­­պատումն ալ դուրս կ՚ել­­լէ պատ­­մութեան գրպան­­նե­­­րէն։ Մեր ամե­­նէն գոր­­ծունեայ եւ բազ­­մա­­­տաղանդ բա­­ռերէն մէկն է ան, ինչպէս հայ­­կա­­­կան դար­­ձո­­­ւած­­քը կ՚ըսէ, «Տա­­սը մա­­տին տա­­սը մա­­տանի»։ Ան մագլցեր է գրա­­կան բար­­ձունքներ, հպեր է հո­­գեւոր բա­­նաս­­տեղծու­­թեան եւ զար­­կեր է հայ­­կա­­­կան քնա­­րի լա­­րերուն։ Բո­­լորը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, դուք քիչ վերջ կը կար­­դաք, բայց հի­­մա վե­­րադառ­­նանք Պա­­պաճա­­նեանի մատ­­նե­­­րուն։

- Հա­­ւաքո­­ւեցէք վայրկեան մը...։ Աշա­­կերտնե՛ր, Դա­­ւիթ Բե­­ջանեանի կար­­ծի­­­քով, այս մատ­­նե­­­րը ընդգծո­­ւած պէտք է, որ ըլ­­լա­­­յին։ Ըստ անոր, երա­­ժիշ­­տի մատ­­նե­­­րը բա­­նուո­­րի կամ հա­­սարակ քա­­ղաքա­­ցիի մատ­­ներ չեն։ Անոնք կա­­խար­­դա­­­կան մատ­­ներ են... Շա­­րու­­նա­­­կեցէք լու­­սանկա­­րել, յե­­տոյ կ՚եր­­թանք Պան­­թէոն եւ բա­­րեւ մըն ալ կու տանք Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետին։

Բնա­­կան է, որ առա­­ջին ան­­գամ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի էջե­­րուն մէջ սկսած ըլ­­լան «մատ» բա­­ռի մատ­­նա­­­ծայ­­րե­­­րէն լոյ­­սեր ծո­­րիլ։ Անոր 480 գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը նկա­­տի ու­­նիմ։ (Կաս­­կած չկայ, թէ Աս­­տուծոյ մա­­տը կար այդ գոր­­ծին մէջ)։ Այն ժա­­մանակ բա­­ռը «մատն» էր, մատ մը աւե­­լի եր­­կար՝ աշ­­խարհա­­բար «մատ»-էն։ Առա­­ւելա­­բար, հոն առեր է դա­­ւաճա­­նու­­թեան երեք ձեւ- մատ­­նել, մատ­­նիչ, մատ­­նութիւն։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, Սուրբ Գիր­­քի մէջ «մատն» բա­­ռի յի­­սուն գոր­­ծա­­­ծու­­թեան դի­­մաց, «մատ­­նել» բա­­յը կը յայտնո­­ւի 418 ան­­գամ։ Բայց, պէտք է նաեւ յի­­շել, թէ ան շատ ան­­գամ որ­­պէս սուրբի ճկոյթ, դար­­ձաւ վան­­քի անուն։ Ամե­­նահի­­նը Ար­­ցա­­­խի մէջ է, Ծի­­ծեռ­­նա­­­վանք, կամ Մատ­­նե­­­վանք։ Այդպէս է կո­­չուած, երբ մե­­լիք Թու­­մա­­­նը հոն ամ­­փո­­­փեր է Պետ­­րոս առա­­քեալի ճկոյ­­թը՝ այ­­սինքն ծի­­ծեռ­­նը։ Աւե­­լի մե­­ծը Սա­­սու­­նի մէջ էր, Ս. Պետ­­րոս Առա­­քեալի վան­­քը, յայտնի՝ որ­­պէս նաեւ Մատ­­նե­­­վանք, Մա­­տին Առա­­քեալ կամ՝ Ճկու­­թի Սուրբ Պետ­­րո­­­սի, որով­­հե­­­տեւ, ըստ Սի­­մէոն Լե­­հացիի «...ուր կայ Պետ­­րոս առա­­քելոյն մատն»։ Մէկ այլ Մատ­­նե­­­վանք կայ Վա­­նայ լի­­ճի հիւ­­սի­­­սային կող­­մը, Խլաթ քա­­ղաքէն մէկ ժամ հե­­ռու։ Ձո­­րամի­­ջի վի­­մափոր վանք է, հիմ­­նո­­­ւած՝ Թա­­դէոս առա­­քեալի կող­­մէ ու այդպէս է կո­­չուած, երբ Հայր Աս­­տո­­­ւած իր մա­­տով ցոյց տո­ւեր է վան­­քի շի­­նու­­թեան տե­­ղը։

«Մատ»-ը ու­­նե­­­ցաւ նաեւ փո­­խաբե­­րական իմաստներ, ինչպէս՝ փոքր քա­­նակու­­թիւն, փոք­­րա­­­հասակ, աննշան, չնչին եւ մի­­ջամ­­տութիւն (Ինչպէս՝ «Աս­­տուծոյ մա­­տը»)։ Ուստի մեր մայ­­րե­­­նին հարստա­­ցաւ «մա­­տի չափ երե­­խայ», «մատ մը հա­­ցով կշտա­­նալ», «նա­­խախ­­նա­­­մու­­թեան մա­­տը», «մա­­տի չափ ար­­ժէք չու­­նե­­­նալ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը։ Իսկ մեր լեռ­­նաշխար­­հի մէջ մատ­­նանշե­­ցինք «լեռ­­նա­­­մատ­­ներ», այ­­սինքն՝ լե­­րան ճիւ­­ղա­­­ւորումներ։ Ու­­նե­­­ցանք նաեւ խիստ պատ­­կե­­­րալից դար­­ձո­­­ւածքներ- «վաս­­տա­­­կել մա­­տամբք» ար­­հեստով դրամ վաստկիլ, «մո­­ռաց­­կո­­­տաց զմատն կա­­պել» խոս­­տում տալ, «դնել մա­­տունս ի վե­­րայ բե­­րանոյ» լուռ մնալ, «մատն լի­­նել իւ­­րեանց ար­­ծա­­­թոյն» մսխել, «մատ թափ տա­­լէ սպառ­­նալ, «մա­­տունք նո­­ւագա­­րանաց» ստեղ­­նա­­­շար, «մատ­­նե­­­րու վրայ խա­­ղաց­­նել» ճար­­պի­­­կօրէն խա­­բել, մո­­լորեց­­նել, «մա­­տը հո­­տուը­­տալ» գու­­շա­­­կել։ Իսկ ո՛չ մէկ մարդ պի­­տի ու­­զէր, որ իր արարքնե­­րը հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մար «մա­­տի փաթ­­թոց» դառ­­նա­­­յին...։ Դուք կը հա­­ւատա­­յի՞ք, որ մա­­տի չափ միավան­­կի մատ­­նա­­­ծայ­­րէն հո­­սէր յի­­սուն բառ։ Խար­­խա­­­փենք ձեռ­­քի մը մատ­­նե­­­րուն չափ բառ. հարսնա­­մատ, մատ­­նադրոշմ, մատ­­նա­­­շուրթն, մատ­­նա­­­չափ, մատ­­նա­­­ցոյց, շա­­լակա­­մատն, սանդղա­­մատն, վար­­դա­­­մատն, տի­­րամատ­­նիչ, քա­­ջամատն։ Իսկ, ե՞րբ է, որ նրբա­­ցան մեր մատ­­նե­­­րը, չէ՞, որ լեռ­­նաշխար­­հի լեռ­­նա­­­մար­­մին ժո­­ղովուրդի հո­­ղամ­­շակ մատ­­նե­­­րը կոշտ կ՚ըլ­­լան։ Սրբա­­մատն, քնա­­րամատն եւ հնա­­րամատն հայ քեր­­թողնե­­րու շնոր­­հիւ է, ան­­կասկած (…յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող,այս երեք բար­­դութիւննե­­րը գո­­յու­­թիւն չու­­նէին մեր լե­­զուի մէջ, ուստի յօ­­դուա­­ծի հա­­մար պէտք եղաւ հնա­­րել), որ ան դար­­ձաւ բա­­նաս­­տեղծա­­կան։ (Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, վեր­­ջին երեք բար­­դութիւննե­­րը յօ­­դուա­­ծի հա­­մար պէտք էր որ հնա­­րէի)։ Առա­­ջինը Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին էր։ Անոր մատ­­նա­­­հետ­­քե­­­րը կը գտնենք «Մա­­տեան ող­­բերգու­­թեան» ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան մէջ. «նա­­խախ­­նա­­­մող մատ», «Առ բժշկու­­թիւն անող­­ջա­­­նալի խո­­ցուա­­ծոյս՝ մատն քո», «մատն ամե­­նամերձ», «մատն չա­­րի» եւ «զհո­­ղանիւթ մա­­տունս ան­­մա­­­քուր ձե­­ռացս»։ Հա­­զար տա­­րի անց, Ռա­­ֆայէլ Պատ­­կա­­­նեանի գրի­­չին տակ, մա­­տը դար­­ձաւ ազա­­տագ­­րա­­­կան գա­­ղափա­­րի շար­­ժի­­­չը.

Գու­­սա՛ն, ձեռքդ առ քու մունջ փան­­դի­­­ռը,

Տա­­սը լա­­րերի վրայ մատ­­ներդ տա՛ր, բե՛ր.

Շար­­ժէ թշնա­­մու դէմ մեր գրգի­­ռը,

Իսկ դէմ հա­­յերիս շար­­ժէ գութ ու սէր։

Իսկ Ռու­­բէն Սե­­ւակի հա­­մար սփո­­փանք էին սի­­րակա­­նի մատ­­նե­­­րը.

Մօ­­տեցուր մանր մատ­­ներդ ման­­կա­­­կան

Տաք կո­­պերուս, տաք կո­­պերուս դժոխ­­քին։

Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի «Իրի­­կուն է, քո՛յր, - աչ­­քերդ փա­­կի՛ր…» քեր­­թո­­­ւածին մէջ սրբա­­ցան անոնք. «Դիր մատ­­ներդ կոյս՝ աչ­­քե­­­րիս վրայ... Դի՜ր մատ­­ներդ լոյս- աչ­­քե­­­րիս վրայ… Մա­­հու պէս քնքուշ դի՜ր մատ­­ներդ սուրբ»։ Մինչ, Վա­­հան Թէ­­քէեանի հա­­մար ան գաղտնա­­բար ետ դար­­ձող յի­­շատակ էր. «Երե­­սէս ալ կ՚անցնին կար­­ծես մատ­­ներդ ան­­տես»։ Իսկ օր մը, Վա­­հագն Դաւ­­թեանին թո­­ւաց, թէ քա­­միներ կու գան ու ճա­­կատին վրայ քնքու­­շօ­­­րէն կը դնեն սի­­րու­­հիի «բա­­րալիկ ու զով մատ­­նե­­­րի հրաշ­­քը տխուր»։ Մատ­­նե­­­րը ո՞րքան կրնան սփռուիլ։ Պա­­տաս­­խա­­­նը եկաւ Յով­­հաննէս Շի­­րազէն. «Բաւ է հա­­յեր ցրո­­ւած մնաք մատ­­նե­­­րիս պէս»։

Թաք­­սի մը կը կեց­­նենք. «Բա­­րեւ, Պան­­թէոն կ՚ու­­զենք եր­­թալ։ Հինգ հո­­գի կրնա՞նք նստիլ»։ Վա­­րոր­­դը կը տես­­նէ, թէ մեր աշա­­կերտնե­­րը մա­­տի չափ են՝ ձեռ­­քով մեզ ներս կը հրա­­ւիրէ։ Ոս­­կե­­­մատ մա­­հար­­ձան մը, ճար­­տա­­­րապետ Գրի­­գոր Աղա­­բաբեանի եւ քան­­դա­­­կագործ Արա Յա­­րու­­թիւնեանի հրա­­շագործն է, որ մեզ կը գրա­­ւէ։ Ահա կը մօ­­տենանք անոր- բրոն­­զի վե­­րածո­­ւած Կո­­միտաս։ Կը յի­­շէ՞ք, վար­­դա­­­պետի մշա­­կած հար­­սա­­­նեկան եր­­գե­­­րէն մէ­­կը նո­­ւիրո­­ւած էր հարսնցու Սա­­թենի­­կին եւ անոր մատ­­նե­­­րուն. «Բա­­րակ, նա­­զուկ մատ­­ներդ, իս­­տակ սպի­­տակ մար­­մար են»։ Ըստ երե­­ւոյ­­թին Պա­­րոյր Սե­­ւակն ալ երկրպա­­գուն էր վար­­դա­­­պետի՚ մատ­­նե­­­րուն։ Ան բա­­նահիւ­­սեր է հե­­տեւեալ միտ­­քե­­­րը.

Մատ­­ներդ էին նո­­ւագում։

Քո մատ­­նե՜րը…

Քո մատ­­նե­­­րը՝ տա­­ղաս­­տեղծ։

Քո մատ­­նե­­­րը՝ եր­­գա­­­հանէ։

Աշա­­կերտնե­­րը կը բռնեն անոր մատ­­նե­­­րը, կը ստա­­նան օրհնու­­թիւն, ապա հրա­­ժեշտ կու տանք։

– Բա­­րեւ, ձեզ հինգ հո­­գի կրնա՞նք նստիլ...։ Շատ շնոր­­հա­­­կալ ենք… Աւօ, տե՛ս, նա­­խաճա­­շին պի­­տի հաս­­նինք։

– Երէկ, պա­­րոն, անանկ հա­­մով ձո­ւածեղ կար, մատ­­ներս կե­­րայ։

Թաք­­սիի մէջ կը լսո­­ւի Ռու­­բէն Հախ­­վերդեանի «Բա­­րի լուս տի­­կին Արուս»-ը, ուր տան­­տի­­­կինը ու­­նէր գոր­­ծունեայ մատ­­ներ.

Բա­­րի լուս, տի­­կին Արուս,

Քո լո­­ւաց­­քը չո­­րացել է...

Իսկ մատ­­ներդ շա­­րու­­նակ

Փորփրում են քո ձա­­ւարը։