«Անորոշութիւններով լեցուն շրջան մը կ՚ապրինք»

Կը շարունակուի Թուրքիոյ տնտեսութեան մատնուած ալեկոծումը։ Գործազրկութիւնը պաշտօնական տուեալներով հասած է 15 տոկոսի։ Անդին կայ տակաւին ազգային դրամի արժեզրկումը, որ դարձեալ հասած է 20 տոկոսի սահմաններուն։ Միջազգային տեղեկագիրներ յոյս չեն ներշնչեր տիրող ընդհանուր պատկերին նկատմամբ։ Այս բոլորին վրայ աւելցած է քաղաքական ճգնաժամ մը, քանի որ երկրի մէջ վիճելի դարձած է օրէնքի գերակայութիւնը։ Այս բոլորի մասին կարծիքը շօշափեցինք հանրածանօթ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուի։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

 

Մեր կող­­մէ ուղղո­­­ւած «ի՞նչ տե­­­սակ ապա­­­գայ մը կը պար­­­զէ Թուրքիոյ տնտե­­­սու­­­թիւնը» հար­­­ցումին Աճե­­­մօղ­­­լու եւս տո­­­ւաւ մտա­­­հոգու­­­թիւն պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող պա­­­տաս­­­խաններ։ Ան ըսաւ, թէ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին հա­­­սարա­­­կու­­­թեան վրայ ցնցիչ ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն գոր­­­ծած է Իս­­­թանպու­­­լի քա­­­ղաքա­­­պետա­­­կան ընտրու­­­թեան չե­­­ղեալ հա­­­մարու­­­մը։ «Մի­­­ջոցէ մը ի վեր Թուրքիոյ զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րը որոշ հան­­­դուրժո­­­ղակա­­­նու­­­թեան դի­­­տող» հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին ներդրող­­­նե­­­­­­­րու շու­­­կան հի­­­մա դար­­­ձեալ իրա­­­տեսու­­­թեան կը մատ­­­նէ Թուրքիոյ նկատ­­­մամբ իր դիր­­­քո­­­­­­­րոշու­­­մը։ Խնդի­­­րը սահ­­­մա­­­­­­­նուած չէ ներդրող­­­նե­­­­­­­րու մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մով։ Հիմ­­­նա­­­­­­­կանօ­­­րէն ամուր տնտե­­­սական հա­­­մակար­­­գեր կրնայ գո­­­յանալ օրէն­­­քի գե­­­րակա­­­յու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րուն տակ։ Թուրքիա իր պատ­­­մութեան մէջ եր­­­բեք օրէն­­­քի տի­­­րապե­­­տած եր­­­կիր մը չէ եղած։ Բայց վեր­­­ջին տա­­­սը տա­­­րինե­­­րուն մի­­­ջավայ­­­րը շատ աւե­­­լի մտա­­­հոգիչ երե­­­ւոյթ կը պար­­­զէ։ Եր­­­կի­­­­­­­րը վեր­­­ջին հինգ տար­­­նե­­­­­­­րուն գերզգա­­­յուն տնտե­­­սական երե­­­ւոյթ մը ու­­­նի։ Պե­­­տական ծախ­­­սե­­­­­­­րը եւ վար­­­կե­­­­­­­րը տնտե­­­սու­­­թեան տա­­­րողու­­­թե­­­­­­­նէն վեր ընդլայ­­­նե­­­­­­­լու ձգտում ու­­­նին։ Այդ հե­­­տեւան­­­քով ալ, թէ երկրի տնտե­­­սական եկա­­­մու­­­տի հա­­­ւասա­­­րակշռու­­­թիւնը խան­­­գա­­­­­­­րուած է եւ թէ լի­­­րան ար­­­ժեզրկո­­­ւած։ Ամէն ինչ կ՚ըն­­­դա­­­­­­­նայ խիստ վտան­­­գա­­­­­­­ւոր հու­­­նի մը մէջ։ Եւ նոյ­­­նիսկ կա­­­րելի է պնդել թէ տա­­­կաւին չենք հա­­­սած ամե­­­նամ­­­տա­­­­­­­հոգիչ հանգրուանին։ Շրջա­­­նային վար­­­չութիւննե­­­րու ընտրու­­­թեան ըն­­­դա­­­­­­­ռաջ պե­­­տու­­­թիւնը շատ մեծ գու­­­մարներ սպա­­­ռեց։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս կանգ պի­­­տի առ­­­նէ այդ ընդլայ­­­նումը եւ այն ատեն դէմ­­­յանդի­­­ման պի­­­տի մնանք շատ աւե­­­լի մեծ տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամի մը հետ։ Մա­­­նաւանդ պի­­­տի տես­­­նենք, թէ որ­­­քան ծանր օրեր կը սպառ­­­նան շի­­­նարա­­­րական աս­­­պա­­­­­­­րէզին։ Թե­­­րեւս կա­­­րելի ըլ­­­լար մի­­­ջին ծան­­­րութիւ­­­նով խնդի­­­րի մը հետ գլուխ ել­­­լել, բայց երբ հի­­­մա Թուրքիոյ քա­­­ղաքա­­­կան եւ տնտե­­­սական հա­­­մակար­­­գը ծանր սնան­­­կա­­­­­­­ցում մը կ՚ապ­­­րի, այդ հա­­­ւանա­­­կանու­­­թիւնն ալ իրա­­­ւացի չի թո­­­ւիր։ Թէ քա­­­ղաքա­­­կան եւ թէ տնտե­­­սական առու­­­մով անո­­­րոշու­­­թեան շրջան մը կը բո­­­լորենք։

Շատ խնդրա­­­յարոյց են ԱՄՆ նա­­­խագա­­­հի վա­­­րած ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւննե­­­րը։ Անոր Մի­­­ջին Արե­­­ւել­­­քի եւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս Պարսկաս­­­տա­­­­­­­նի դէմ որ­­­դեգրած յար­­­ձա­­­­­­­կողա­­­կան ոճը նոր վտանգնե­­­րու ազ­­­դանշա­­­նը կրնայ հա­­­մարո­­­ւիլ։ Միւս կող­­­մէ լուրջ խնդիր­­­ներ կ՚ըն­­­դա­­­­­­­նան Չի­­­նաս­­­տան-Միացեալ Նա­­­հանգներ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու մէջ։ Հա­­­մարեա 20 տա­­­րուայ ան­­­ցեալ ու­­­նե­­­­­­­ցող այս խնդրին մէջ նա­­­խորդ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը եւս լուրջ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւն ու­­­նին։ Թէեւ Թրամ­­­բի չա­­­փազան­­­ցո­­­­­­­ւած եւ տգէտ ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւննե­­­րը ինքնին կա­­­րեւոր գոր­­­ծօն մըն են, բայց խնդի­­­րը ու­­­նի աւե­­­լի ծանր երե­­­սակ­­­ներ։ Չի­­­նաս­­­տան եր­­­կար ժա­­­մանա­­­կէ ի վեր կը դի­­­մէ Եւ­­­րո­­­­­­­պայի եւ Միացեալ նա­­­հանգնե­­­րու ճար­­­տա­­­­­­­րագի­­­տական ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րը կեղ­­­ծե­­­­­­­լու ճա­­­նապար­­­հին։ Եւ Չի­­­նաս­­­տան չի կրնար հրա­­­ժարիլ բա­­­նագո­­­ղու­­­թեան այս ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թե­­­­­­­նէն։ Նոյ­­­նիսկ կա­­­րելի է ըսել այժմ իր տնտե­­­սու­­­թիւնը կեր­­­տած է նման ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թեան մը վրայ։ Թէեւ Չի­­­նացի­­­ներ հսկայ գու­­­մարներ կը յատ­­­կացնեն նոր գիւ­­­տեր զար­­­գացնե­­­լու հա­­­մար, բայց իրենց այժմու գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րու պա­­­շառը ան­­­բա­­­­­­­ւարար կը մնայ։ Եւ ահա­­­ւասիկ Չի­­­նաս­­­տան այդ բա­­­ցը հա­­­ւասա­­­րակշռել կը փոր­­­ձէ բա­­­նագո­­­ղու­­­թեան մի­­­ջոցաւ։ Բա­­­նագո­­­ղու­­­թե­­­­­­­նէ հրա­­­ժարի­­­լը բա­­­ւակա­­­նին սուղ պի­­­տի ար­­­ժէ Չի­­­նաս­­­տա­­­­­­­նին։ Իսկ նոյն ըն­­­թացքին մէջ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելն ալ խո­­­չըն­­­դոտ պի­­­տի գո­­­յաց­­­նէ ԱՄՆ-Չի­­­նաս­­­տան յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու մէջ։ Սա­­­կայն այս խնդի­­­րը շատ աւե­­­լի մեծ սպառ­­­նա­­­­­­­լիք մը կը դառ­­­նայ Թուրքիոյ նման եր­­­կիրնե­­­րու հաշ­­­ւոյն։ Անո­­­րոշու­­­թեան օրեր է, որ կը բո­­­լորենք եւ այդ օրե­­­րը կրնան նոր լա­­­րուա­­­ծու­­­թիւննե­­­րու տե­­­ղի տալ»։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ