Գիտելիքի պաշար եւ երաժշտութեան վայելք

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Մեծն Կո­մի­­տա­­­­սի ծննդեան 150-ամեակի ձօ­­­­նուած եր­­­­կօ­­­­­­­­­­­­­­­րեայ մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մը կա­­­­տարո­­­­ւեցաւ մեծ յա­­­­ջողու­­­­թեամբ։ Սե­­­­ւան Աթաօղ­­­­լո­­­­­­­­­­­­­­­ւի նա­­­­խաձեռ­­­­նութեամբ 24-25 Մա­­­­յիս թո­­­­ւական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն Ղա­­­­լաթիոյ եր­­­­բեմնի յու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան նա­­­­խակրթա­­­­րանի մէջ կա­­­­յացող մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մը իր բազ­­­­մաբնոյթ բո­­­­վան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թեամբ մեծ ու­­­­շադրու­­­­թեան ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նացաւ։

Մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մը կը հո­­­­վանա­­­­ւորէր Սուրբ Խաչ Դպրե­­­­վան­­­­քի խնա­­­­մակա­­­­լու­­­­թիւնը։

24 Մա­­­­յիսի երե­­­­կոյեան երաժշտա­­­­գէտ տոց. Պուրճու Եըլ­­­­տը­­­­­­­­­­­­­­­զի բաց­­­­ման ճա­­­­ռը նիւթ կ՚ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նար «Կո­­­­միտաս Վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետը՝ Իբ­­­­րեւ Թուրքիոյ երաժշտա­­­­կան հե­­­­տազօ­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րու պատ­­­­մութեան նա­­­­խաձեռ­­­­նարկ կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րը»։

Այս խո­­­­րագի­­­­րին ներ­­­­քեւ Պուրճու Եըլ­­­­տըզ նախ ամ­­­­փոփ տե­­­­ղեկու­­­­թիւններ փո­­­­խան­­­­ցեց Կո­­­­միտա­­­­սի կեն­­­­սագրու­­­­թեան մա­­­­սին։ Ապա ան ծան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ մեծ երաժշտա­­­­գէտին բա­­­­նահա­­­­ւաք­­­­ման աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րուն վրայ։ «Սխալ եւ չա­­­­փազան­­­­ցեալ է, այն վար­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ծը, ըստ որու Կո­­­­միտաս քայլ առ քայլ շրջած է Արեւմտեան Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի տա­­­­րած­­­­քը եւ հա­­­­ւաքած բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ եր­­­­գեր։ Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետ իր բազ­­­­մազբա­­­­ղու­­­­թեան մէջ, թէ ֆի­­­­զիկա­­­­պէս եւ թէ նիւ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­պէս չու­­­­նէր այդ կա­­­­րողու­­­­թիւնը։ Բայց ու­­­­նէր շատ աւե­­­­լի ձեռնտու առիթ։ Իր ու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նած, ապա ու­­­­սուցչա­­­­գոր­­­­ծած Գէոր­­­­գեան ճե­­­­մարա­­­­նի սա­­­­ները կու գա­­­­յին Արեւմտեան Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի զա­­­­նազան գա­­­­ւառ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն եւ Կո­­­­միտաս մեծ բծախնդրու­­­­թեամբ եւ զգու­­­­շութեամբ կը գրա­­­­ռէր իրենցմէ լսած տար­­­­բեր բնոյ­­­­թի եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը»։

Պուրճու Եըլ­­­­տըզ լայն գի­­­­տելիք­­­­ներ փո­­­­խան­­­­ցեց նաեւ վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի հո­­­­գեւոր երաժշտու­­­­թեան բնա­­­­գաւա­­­­ռէն ներս տա­­­­րած աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­րու մա­­­­սին։ Ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուց վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի «Հայ Ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին Երաժշտու­­­­թիւն» սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­մով երաժշտա­­­­կան ոճ մը բնու­­­­թագրե­­­­լու ջան­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

Ատե­­­­նախօ­­­­սը առանց թաքցնե­­­­լու մեծ վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի նկատ­­­­մամբ իր հա­­­­մակ­­­­րանքը կը պա­­­­հէր երաժշտա­­­­գէտի յա­­­­տուկ զսպո­­­­ւածու­­­­թիւն, որու հե­­­­տեւան­­­­քով աւե­­­­լի գի­­­­տական մեր­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­մով կը մօ­­­­տենար վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի թո­­­­ղած մեծ ժա­­­­ռան­­­­գի նշա­­­­նակու­­­­թեան։ Կ՚ընդգծէր կարգ մը երե­­­­ւոյթներ, որոնք ներ­­­­կայ ժա­­­­մանակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ըն­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­մով բո­­­­լորո­­­­վին տար­­­­բեր կրնան դի­­­­տուիլ, բայց վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի ապ­­­­րած շրջա­­­­նին խիստ այժմէական էին։

«Այ­­­­սօր մենք երաժշտա­­­­կան ոճե­­­­րը ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­մէ աւե­­­­լի կը դի­­­­տենք տա­­­­րածաշրջա­­­­նային յատ­­­­կութիւննե­­­­րով։ Կը խու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­փինք այս կամ այն ոճին ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին պի­­­­տակ մը կպցնե­­­­լէ։ Բայց Ի. դա­­­­րու սկիզբնե­­­­րուն հաս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցողու­­­­թիւննե­­­­րով ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յինի սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­մը շատ աւե­­­­լի կեն­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կան չա­­­­փանիշ էր եւ պէտք էր ընդգծել։

Ատե­­­­նախօ­­­­սը իր այս միտ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւորէր նաեւ ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րաբան Մե­­­­լիսա Պի­­­­լալի հետ կա­­­­տարած ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւննե­­­­րուն վրայ։ Նաեւ կ՚աւե­­­­տէր թէ այդ ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւնը մօտ ապա­­­­գային կը հրա­­­­տարա­­­­կուի Օս­­­­ման Քէօքե­­­­րի «Պիր Զա­­­­ման­­­­լար» Հրա­­­­տարակ­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­տան Մա­­­­տենա­­­­շարէն։

Այս բո­­­­վան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կալից զե­­­­կոյ­­­­ցէն ետք հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ծանօթ կի­­­­թառա­­­­հար եւ երաժշտա­­­­գէտ Արի Հեր­­­­կել եւս միացաւ Պուրճու Եըլ­­­­տը­­­­­­­­­­­­­­­զին եւ անոնք միաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բար ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցին Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի գրա­­­­ռած թրքե­­­­րէն եւ քրտե­­­­րէն եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րու հա­­­­ւաքա­­­­ծոյի պատ­­­­րաստման փու­­­­լը։ Այս մա­­­­սին նշե­­­­ցին Կո­­­­միտա­­­­սի ար­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­ւի վրայ Ռո­­­­պեր Աթա­­­­յանի ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւնով լոյս տե­­­­սած հրա­­­­տարա­­­­կու­­­­թիւննե­­­­րը։

Այստեղ պար­­­­տինք նշել, թէ Ռո­­­­պեր Աթա­­­­յանի Միացեալ Նա­­­­հանգներ գաղ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­լէն ետք նոյն ար­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­ւի վրայ ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւններ, հե­­­­տազօ­­­­տու­­­­թիւններ կա­­­­տարած էր նախ­­­­կին պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայ Տի­­­­րան Լոք­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կէօզեան եւ երե­­­­ւան բե­­­­րած էր բա­­­­ցի թրքե­­­­րէն եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րու ձայ­­­­նագրու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէ, Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէն ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րը։ Սա­­­­յաթ Նո­­­­վա երգչա­­­­խումբի նիւ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան օժան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թեամբ կա­­­­տարո­­­­ւած այդ յայտնա­­­­բերումնե­­­­րը նա­­­­խորդ տա­­­­րի հրա­­­­տարա­­­­կուե­­­­ցան Երե­­­­ւանի մէջ։ Այս առ­­­­թիւ Ծո­­­­վինար Լոք­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կէօզեան «Ակօս»ի մէջ լոյս տե­­­­սած յօ­­­­դուա­­­­ծով կը պատ­­­­մէր թէ Կո­­­­միտա­­­­սի այ­­­­լազգի երաժշտու­­­­թեան ձօ­­­­նուած աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րը ինչպէս ան­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­սուած, նոյ­­­­նիսկ «Աշա­­­­կեր­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կան գործ» անո­­­­ւանե­­­­լով ար­­­­ժեզրկո­­­­ւած էին Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի երաժշտա­­­­գէտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կող­­­­մէ։

Պուրճու Եըլ­­­­տըզ եւ Արի Հեր­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­լի «Եր­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րան» ծրագ­­­­րի մա­­­­սին բա­­­­ցատ­­­­րութիւննե­­­­րը աւար­­­­տին հա­­­­սան սոյն ձայ­­­­նապնա­­­­կէն եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րու կա­­­­տարու­­­­մով։ Այստեղ Ռու­­­­բէն Մել­­­­քի­­­­­­­­­­­­­­­սեթօղ­­­­լու քլա­­­­րինե­­­­թով, Արի Հեր­­­­կել կի­­­­թառով, Էօզ­­­­ճան Կիւլ տու­­­­տուկով ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­ցան Պուրճու Եըլ­­­­տը­­­­­­­­­­­­­­­զի եւ ամուսնոյն Այ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­քին Աթա­­­­շի եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։

«Կո­­­­միտա­­­­սեան Օրեր» ընդհա­­­­նուր խո­­­­րագի­­­­րով ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացող մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մը ու­­­­նէր ակա­­­­դեմա­­­­կան բարձր որակ եւ այդ որա­­­­կին հա­­­­մապա­­­­տաս­­­­խան ունկնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու զան­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւած մը։

Յա­­­­ջորդ օր դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճը դար­­­­ձեալ լե­­­­ցուն էր հե­­­­տաքրքիր զան­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւածով, որոնք այս ան­­­­գամ մեծ ու­­­­շադրու­­­­թեամբ հե­­­­տեւե­­­­ցան Սուրբ Եր­­­­րորդու­­­­թիւն եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ փոխ երաժշտա­­­­պետ Մու­­­­րատ Իչ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­նալ­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­յի «Հայ եկե­­­­ղեցա­­­­կան երաժշտու­­­­թեան մէջ Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի ժա­­­­ռան­­­­գը» խո­­­­րագ­­­­րեալ զե­­­­կոյ­­­­ցին։ Մու­­­­րատ Իչ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­նալ­­­­չա հան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մանօ­­­­րէն նկա­­­­րագ­­­­րեց նա­­­­խակո­­­­միտա­­­­սեան շրջա­­­­նի շա­­­­րակա­­­­նի եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­ցողու­­­­թեան ոճը, ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով անոր կրած փո­­­­փոխու­­­­թիւննե­­­­րը, ժա­­­­մանա­­­­կի երաժշտա­­­­կան ճա­­­­շակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թեան տակ։ Ապա ան իր հետ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալով դպիր­­­­ներ Ար­­­­տա Քա­­­­պատա­­­­յը եւ Մու­­­­րատ Մե­­­­նեք­­­­շեն, եր­­­­գեց Կո­­­­միտա­­­­սեան հո­­­­գեւոր երաժշտու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն նմոյշներ։ Եր­­­­գեց նաեւ Կո­­­­միտա­­­­սի անու­­­­նով հա­­­­մարեա նոյ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցած «Կռունկ» եր­­­­գը, որ իր բնագ­­­­րով կը դա­­­­սուի որ­­­­պէս միջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դարեան հա­­­­յերէն եւ բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ աղ­­­­բիւրնե­­­­րու մէջ կը վե­­­­րագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւի Նա­­­­հապետ Քու­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կի։ Ապա իբ­­­­րեւ ժա­­­­մանա­­­­կի թե­­­­լադ­­­­րանքով կա­­­­տարո­­­­ւած յօ­­­­րինում, դպիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու եռեակը այս ան­­­­գամ կա­­­­տարեց «Ո՜վ մեծ ազ­­­­գանչ դու լե­­­­զու» եր­­­­գը որ, յօ­­­­րինո­­­­ւած էր գի­­­­րերու գիւ­­­­տի 1500-ամեակին։

Այս յա­­­­ջող եւ շա­­­­հեկան զե­­­­կոյ­­­­ցին յա­­­­ջոր­­­­դեց նոյնքան հե­­­­տաքրքրա­­­­կան մի այլ զե­­­­կոյց այս ան­­­­գամ Եք­­­­թան Թիւ­­­­քեըլ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­զի կող­­­­մէ։ «Երաժշտա­­­­կան ձայ­­­­նագրու­­­­թեան մէջ հա­­­­յերը, հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքէն սփիւռք երաժշտա­­­­կան ար­­­­տադրու­­­­թիւնը եւ Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի 1912 թո­­­­ւի Փա­­­­րիզեան ձայ­­­­նագրու­­­­թիւննե­­­­րը» խո­­­­րագ­­­­րի ներ­­­­քեւ Եք­­­­թան Թիւրքեըլ­­­­մազ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ 1903-ին թո­­­­ւար­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւած առա­­­­ջին հա­­­­յերէն ձայ­­­­նագրու­­­­թիւննե­­­­րէն սկսեալ ձայ­­­­նապնակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ոդի­­­­սակա­­­­նին։ Թիւրքեըլ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­զի հա­­­­մաձայն հա­­­­յերէն եր­­­­գապնակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ար­­­­տադրու­­­­թեան մէջ կա­­­­րեւոր նշա­­­­նակու­­­­թիւն ու­­­­նին ամե­­­­րիկեան ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րը։ Հոն բա­­­­ցի հա­­­­յերէն ձայ­­­­նագրու­­­­թիւննե­­­­րէ, հայ եւ յոյն եր­­­­գիչ եւ նո­­­­ւագա­­­­ծու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կա­­­­տարու­­­­մով ձայ­­­­նագրո­­­­ւած է մեծ թի­­­­ւով թրքե­­­­րէն ձայ­­­­նապնակ­­­­ներ եւս։

Պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան բնոյթ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող այս խիստ շա­­­­հեկան զե­­­­կոյ­­­­ցը ափ­­­­սոս, որ զո­­­­հը դար­­­­ձաւ թեխ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­քական դժո­­­­ւարու­­­­թիւննե­­­­րու։ Եք­­­­թան Թիւրքեըլ­­­­մազ մի­­­­ջոցառ­­­­ման կը մաս­­­­նակցէր սքայ­­­­փի դրու­­­­թեամբ Պեռ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­նէն եւ յա­­­­ճախ ապ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ ձայ­­­­նի եւ տե­­­­սագ­­­­րութեան խան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րումներ։ Երեւոյթ մը, որ դժո­­­­ւար հե­­­­տեւե­­­­լի դար­­­­ձուց Եք­­­­թան Թիւ­­­­քեըլ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­զի զե­­­­կոյ­­­­ցը։

Յա­­­­ջոր­­­­դեց այս ան­­­­գամ հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ծանօթ պա­­­­րու­­­­սոյց Յա­­­­կոբ Կիւ­­­­լե­­­­­­­­­­­­­­­չի ելոյ­­­­թը, որ հիմ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի ձայ­­­­նագրած պա­­­­րեղա­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հի­­­­ման վրայ։ Յա­­­­կոբ Կիւ­­­­լեչ բո­­­­վան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կալից տե­­­­ղեկու­­­­թիւններ տո­­­­ւաւ հայ ազ­­­­գագրա­­­­կան պա­­­­րերու մա­­­­սին, անոնք յստա­­­­կօրէն զա­­­­նազա­­­­նելով բե­­­­մայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցուած պա­­­­րային յօ­­­­րինումնե­­­­րէ։ Ապա ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ները հրա­­­­ւիրեց միաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բար շուրջպար բռնե­­­­լու, ուր եւս բա­­­­ցատ­­­­րութիւննե­­­­րով ճո­­­­խացուց պա­­­­րը։

Օրո­­­­ւայ վեր­­­­ջին ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­մը իր տե­­­­սակին մէջ ան­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­խադէպ էր։ Քա­­­­րատե­­­­նիզ Թեք­­­­նիկ հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանի դա­­­­սախօս տոց. Թունճէր Էօն­­­­տէր դա­­­­սական կի­­­­թառի յար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­րեցո­­­­ւած Կո­­­­միտա­­­­սեան եօթը եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րով բե­­­­րաւ իր մաս­­­­նակցու­­­­թիւնը։ Այստեղ ու­­­­շագրաւ էր թէ Թունճէր Էօն­­­­տէր խո­­­­րապէս կը թա­­­­փան­­­­ցէր կո­­­­միտա­­­­սեան եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րու բնաշ­­­­խարհիկ յատ­­­­կութեան։ Ան իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր կա­­­­տարու­­­­մէ առաջ կը փո­­­­խան­­­­ցէր լրա­­­­ցու­­­­ցիչ տե­­­­ղեկու­­­­թիւններ, որոնք եր­­­­բեմն նոր յայտնու­­­­թիւն կրնա­­­­յին դառ­­­­նալ ունկնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հա­­­­մար։ Օրի­­­­նակի հա­­­­մար այս տո­­­­ղերու հե­­­­ղինա­­­­կը միշտ կար­­­­ծած է, թէ «Ալ այ­­­­լուղս» ծա­­­­նօթ եր­­­­գը սի­­­­րոյ զու­­­­գերգ մըն է։ Մինչ Թունճէր Էօն­­­­տէր զայն կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նէր ամու­­­­րի կնոչ մը ող­­­­բերգը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով։ Նմա­­­­նապէս հայ գեղ­­­­ջուկ եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րու շար­­­­քէն նշա­­­­նաւոր «Ել ել»ը իր հրա­­­­շալի դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­մով հմա­­­­յեց բո­­­­լորին։ Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի շատ ան­­­­գամ խմբեր­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին կա­­­­տարումնե­­­­րու կամ մե­­­­նակա­­­­տարումնե­­­­րու հա­­­­մար դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւորած ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րը նա­­­­խապէս լսած էինք լա­­­­րային քա­­­­ռեակի վե­­­­րածո­­­­ւած ձե­­­­ւով։ Իսկ դա­­­­սական կի­­­­թառի յար­­­­մարցո­­­­ւած այս նոր մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թիւննե­­­­րը բո­­­­լորո­­­­վին բա­­­­ցառիկ հո­­­­րիզոն­­­­ներ կը բա­­­­նային մեր դի­­­­մաց։

Սե­­­­ւան Աթաօղ­­­­լու իր առան­­­­ձին ջան­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով գլուխ հա­­­­նած է հսկա­­­­յական գործ մը, թէ իր ակա­­­­դեմա­­­­կան բարձր մա­­­­կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կով եւ թէ Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի հետզհե­­­­տէ դա­­­­սակա­­­­նացած երաժշտա­­­­կան վաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կին նոր երանգ մը տա­­­­լու յատ­­­­կութեամբ։

Մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մի մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, որոնց մէջ կա­­­­րեւոր հա­­­­մեմա­­­­տու­­­­թիւն կը կազ­­­­մէին նաեւ ոչ հա­­­­յեր, յա­­­­գեցու­­­­մի եւ հիացու­­­­մի տպա­­­­ւորու­­­­թիւննե­­­­րով բաժ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցան Ղա­­­­լաթիոյ նախ­­­­կին յու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան նա­­­­խակրթա­­­­րանէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ