Ատեանը հաստատեց կրօնքի եւ խղճի ազատութեան խախտումը

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

 

2008 թո­ւակա­նին Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քի հի­ւան­դա­նալէն ետք հայ հա­մայնքը իշ­խա­նու­թիւննե­րուն ուղղեալ դի­մումներ կա­տարած էր պատ­րիար­քի ընտրու­թեան թոյլտո­ւու­թիւն պա­հան­ջե­լով։ Իս­թանպու­լի կու­սա­կալու­թիւնը մեր­ժած էր այդ դի­մումնե­րը, պնդե­լով թէ պատ­րիարքներ ան­ժամկէտ կը պաշ­տօ­նակո­չուին եւ հե­տեւա­բար իրենց կեն­դա­նու­թեան օրօք կա­րելի չէ նոր պատ­րիար­քի ընտրու­թիւն ընել։

Դար­ձեալ կու­սա­կալու­թեան թե­լադ­րանքով Կրօ­նական ժո­ղովը փո­խանորդ նշա­նակեց Արամ Արք. Աթէ­շեանը։ Պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան նա­խաձեռ­նարկ մար­մի­նը առար­կած էր այս ան­նա­խադէպ գոր­ծադրու­թեան դի­մաց եւ դի­մած էր դա­տարան, ընտրու­թեան իրա­ւունքը պաշտպա­նելու հա­մար։ Երբ դա­տարա­նը մեր­ժած էր այս պա­հան­ջը խնդի­րը փո­խադ­րո­ւեցաւ Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեան։

Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանը 22 Մա­յիս չո­րեք­շաբթի օրո­ւայ իր նիս­տով յայտնեց, թէ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան խա­փանու­մը խաղ­տում մըն է կրօն­քի եւ խիղ­ճը ազա­տու­թեան։ Ան­շուշտ պար­տինք նշել, թէ այս հանգրո­ւանին լուրջ նշա­նակու­թիւն մը չի ներ­կա­յաց­ներ Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանի այս վճի­ռը, քա­նի որ ար­դէն իսկ մեկ­նարկման հանգրո­ւանին մէջ է պատ­րիար­քի ընտրու­թեան գործընթացը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ