Ներման Միջազգային Կազմակերպութիւնը կը բողոքէ Սահմանադրական ատեանին հանրածանօթ հասարակական գործիչ Օսման Քաւալայի դատարանին կատարած դիմումը մերժելուն պատճառաւ։
Ներման Միջազգային Կազմակերպութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Միլենա Պիւյիւմ այս մասին ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնները. «Այսօր Թուրքիոյ Դատական Բարձրագոյն Ատեանը հրապարակեց որոշում մը, որ աղ կը լեցնէ կոտտացող վէրքերուն վրայ։ Բռնաբարուած են Օսման Քաւալայի իրաւունքները եւ ան 600 օրերէ ի վեր կը մնայ բանտարկութեան մէջ։ Մինչդեռ ներկայացուած մեղադրանքները մէկ օր իսկ բանտարկութիւնը անտեղի ու անիմաստ կը դարձնէ։ Իրեն դէմ ուղղուած մեղադրանքները կարծես կը փորձեն պատմութիւնը շրջել եւ վերստին գրել։ Այս վճիռը կը միտի Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները լռեցնելու»։
Սահմանադրական Ատեանը նախապէս ալ մերժած էր լրագրողներ Ահմետ Ալթան եւ Նազլը Ըլըճաքի դիմումները։ Միլենա Պիւյիւմ իր խօսքերը աւարտեց ըսելով թէ այժմ բոլորին հայեացքը ուղղուած է Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի որոշումին։ «ԵՄԻԱ պէտք է շուտափոյթ կերպով վերջ տայ այս անարդարութեան»։
Օսման Քաւալա կը մեղադրուի «Կէզի» զբօսայգիի դէպքերը կազմակերպելով։ Այդ առումով ալ իր դէմ կը պահանջուի ցկեանս բանտարկութիւն։
Դատավարութեան առաջին նիստը պիտի կայանայ 24 Յունիսին Սիլիվրիի բանտին մէջ։