Մաթիլտ Մանուկեանի ժառանգը դատական խնդրի վերածուեցաւ

Մաթիլտ Մանուկեան Թուրքիոյ ամենահարուստ անձերէն մէկը եղած էր եւ այդ հարստութիւնը իր մահէն ետք դատական խնդրի վերածուեցաւ ժառանգէն բաժին պահանջողներու միջեւ։ Մանուկեան մահացաւ 2001 թուին, իր ետին թողելով հսկայ հարստութիւն մը։ Այժմ 16 անձեր դիմում կատարած են դատարան, որպէսզի ճշդուի Մաթիլտ Մանուկեանի հետ իրենց ազգականական կապը։ «Առաջին հերթին դատարանը ընդունեց մեր պահանջած կանխազգուշացման դրութիւնը» ըսաւ ժառանգի վրայ իրաւունք պահանջող Պահչըվան ընտանիքի իրաւապաշտպանը։

Դատական խնդրի մէջ պարզուեցաւ, թէ Մանուկեանի ժառանգին մաս կը կազմեն 486 անշարժ գոյքեր, Իսթանպուլի մէջ գործող 220 թաքսիի համարանիշեր, պաշտօնականացուած եւ օրինականացուած հանրատուն մը եւ մեծ գումարներու արժէք ունեցող բաժնետոմսեր։

Մաթիլտ Մանուկեան ծնած էր 1913 թուին Մուշ քաղաքի մէջ։ Ան դուստրն էր Կոմիտաս վարդապետի սաներու կարգին յիշուող Արմենակ Շահմուրատեանի։ Շահմուրատեանի քոյրը ցեղասպանութենէ ետք մնացած էր Մուշի մէջ եւ այժմ ժառանգէն բաժին պահանջողներն ալ այդ քրոջ շառաւիղներն են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ