Իսլամ աստուածաբան փրոֆեսոր Նիհատ Հաթիպօղլուի նախորդ շաբաթ օր տեղի տուած գայթակղութիւնը կը շարունակէ հակազդեցութիւններու ալիք ստեղծելու։ Ինչպէս պիտի յիշուի Հաթիպօղլու հեռուստաէկրաններու դիմաց 13 ամեայ հայ պատանիի մը կրօնափոխ ըլլալու երեւոյթը ներկայացուցած էր մեծ հպարտութեամբ։ Շուտով պարզուեցաւ, որ միամիտ երախան զոհը դարձած է համբաւաւոր մարդու մը հետ զրուցելու եւ հանրածանօթ դառնալու ցանկութեան։
Դէպքի լսուելէն անմիջապէս ետք մայրը բոլոր միջոցներով հերքեց կատարուածը, մանաւանդ ալ իր յօժարութեան մասին պնդումները։
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան բողոք ներկայացուց ռատիոյի եւ հեռուստակայաններու հաղորդումները քննող խորհուրդին մօտ, պահանջելով անչափահաս մանուկի շահագործումին դէմ պատժամիջոցի կիրարկումը։
Նոյն կուսակցութեան պատգամաւորներէն Հիւտա Քայա խնդիրը փոխադրեց խորհրդարանի օրակարգին։ Ան նման գայթակղութեան մասին հարցումներ ուղղեց Հանրապետութեան նախագահի տեղակալ Ֆուաթ Օքթային։
Բացի այդ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Խտրականութեան դէմ յանձնախումբը եւ Տիարպէքիրի Փաստաբաններու Կաճառը դատական բողոք ներկայացուցին Հաթիպօղլուի եւ հաղորդումը հրատարակող հեռուստակայանի դէմ։