Կը շարունակուի ատելութեան դրդումով գործուած ոճիրները

Եր­բեմնի ամ­բողջո­վին յոյ­նե­րով բնա­կեցո­ւած Իմ­րոզ (Կէօք­չեատա) կղզիին մէջ ոճի­րի մը զոհ գա­ցած էր 86-ամեայ Զա­ֆիրիս Փի­նարիս։ Ոճի­րը լայն ար­ձա­գանգ գտաւ տե­ղական մա­մու­լի մէջ։ Չա­նաք­քա­լէի դա­տախա­զու­թիւնը կը յայտնէ թէ ոս­տի­կանու­թեան հե­տաքննու­թիւնով բեր­ման են­թարկո­ւած են վեց ան­ձեր։ Կա­տարուած խու­զարկումնե­րով յայտնա­բերո­ւած է տա­րադ­րամ, որ կ՚են­թադրո­ւի թէ յափշտա­կուած է զո­հուա­ծէն։ Դրամ­նե­րու կող­քին գտնո­ւած է նաեւ ձեռ­նա­կապեր, որոնց նմանը գոր­ծա­ծուած էր ոճի­րի ըն­թացքին։

Փի­նարի­սի թաղ­ման ներ­կայ գտնո­ւեցան Յու­նաստա­նի Իս­թանպու­լի հիւ­պա­տոսը եւ կղզեբ­նակ զան­գո­ւած մը։ Նշենք որ կղզե­ցիներ ոճի­րի օրէն սկսեալ մո­մավա­ռու­թիւն կը կա­տարեն պա­հան­ջե­լով ոճ­րա­գոր­ծի շու­տա­փոյթ կեր­պով յայտնա­բերու­մը։

Միւս կող­մէ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան ասո­րի պատ­գա­մաւոր Թու­մա Չե­լիք խնդի­րը փո­խան­ցած է Խորհրդա­րանի օրա­կար­գին եւ այս մա­սին հար­ցումներ ուղղած Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարա­րին։

Չե­լիք ոճի­րը կը դի­տէ, որ­պէս ատե­լու­թեան դրդումնե­րով գոր­ծադրո­ւած մար­դասպա­նու­թիւն եւ հարց կու տայ թէ ար­դեօք կա­ռավա­րու­թիւնը ի՞նչ մի­ջոց­նե­րու կը դի­մէ նման դի­մումնե­րը կան­խե­լու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ