ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Առաջին անգամ Յակոբ Այվազի հրատարակած «Քուլիս» թատերական պարբերաթերթի էջերուն հանդիպած եմ Ժագ Իհմալեան նկարիչի անունին։ Հոն լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ հալէպահայ անուանի մտաւորական Թորոս Թորանեան կը պատմէր պոլսահայ նկարիչի հետ իր պատահական հանդիպումը Մոսկուայի լայն փողոցներէն մէկուն վրայ։
Երկու համայնավար ընկերներ կարօտով զիրար գրկած, ապա միասնաբար այցելած էին Նազըմ Հիքմեթի շիրիմը։ Փոխ առ փոխ արտասանած էին Հիքմեթի բանաստեղծութիւններէն նմոյշներ։
Պատկերալից էր բժիշկ Թորանեանի պատմելաոճը։ Պահը կը կենդանանար աչքերուս առջեւ։ Այդ պահուն չէի կրնար երեւակայել թէ այս յօդուածը կարդալէս տասնամեակներ անց, ես ալ նոյն ապրումը պիտի ունենամ Թորոս Թորանեանի հետ, եւ Երեւանի, այժմ Կարեն Տեմիրճեանի անունով յիշուած մարզահամերգային համալիրի աստիճաններուն վրայ փոխ առ փոխ պիտի արտասանենք այս անգամ Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններէն քառեակներ։
Ժագ Իհմալեան նկարիչի հետ իմ երկրորդ հանդիպումը դարձեալ յօդուածի մը միջոցաւ իրականացաւ։ Այս անգամ Թիւրքքայա Աթաէօվ կը դրուատէր Իհմալեանի նկարչական վաստակը, որու առանցքը կը կազմէր ծննդավայրի նկատմամբ կարօտը։
Արդարեւ Ժագ Իհմալեանի որդին Վաչէ Իհմալեան եւս կը հաստատէ հօր հայրենաբաղձութիւնը, որ կը ներկայանար անոր պաստառներուն վրայ։ «Հայրս Մոսկուա ապրելով միշտ Պոլիսը նկարեց» կ՚ըսէր Վաչէն։ Այս լսելով ակամայ կը յիշեմ մեր մեծ գիւղագիրը՝ Յակոբ Մնձուրին, որ կեանքի շատ երկար հատուածը Պոլիս անցուցած ըլլալով հանդերձ միշտ գրած էր հայրենի երկիրը՝ Արմըտանը։
15 Մայիսին Շիշլի, Նազըմ Հիքմեթի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացուեցաւ Ժագ Իհմալեանի անհատական ցուցահանդէսը, որ կարելի է այցելել մինչեւ 15 Յունիս։ Ան շարունակութիւնն է Ապրիլ ամսուն, Պուրսա, Նիլիւֆեր աւանի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կայացող ցուցահանդէսին։
Մայտա Սարիսի նախաձեռնութեամբ 2013-ին Փերա, յունաց դեսպանատան դահլիճին մէջ կայացող ցուցահանդէսէն ետք պոլսեցի արուեստասէրները երկրորդ անգամ առիթը կ՚ունենան հաղորդուելու Ժագ Իհմալեանի արուեստին։
Այս առթիւ քաղաքս ժամանած էր Վաչէ Իհմալեան, որ վերջերս բոլորովին նուիրուած է իր հօր գործերու ծանօթացման գործին։ Իր հետ մեր կատարած հարցազրոյցը կը ներկայացնենք ստորեւ, Պերճ Արապեանի լուսանկարներու ընկերակցութեամբ։
Ի՞նչ տպաւորութիւններ կը փոխանցէք Պուրսայի եւ Իսթանպուլի ցուցահանդէսներէն։
Նախորդ տարի Նազըմ Հիքմեթի մահուան 55-րդ տարելիցի առթիւ Մոսկուա ժամանած էր Կիւնէյ Էօզքըլըճ, որ կը պաշտօնավարէր Նիլիւֆերի քաղաքապետարանի մշակոյթի բաժնին մէջ։ Այդ օրերուն կը ցուցադրուէր նաեւ հօրս գործերը։ Այցելեց ցուցասրահը եւ առաջարկեց նման կազմակերպութիւն մը իրականացնել Պուրսայի մէջ։ Ընդառաջեցի այս հրաւէրին եւ եկայ Թուրքիա։ Լաւ կազմակերպուած էր եւ մանաւանդ աշակերտական խումբեր այցելեցին ցուցահանդէսը։
Իսկ ինչպէ՞ս կ՚անցնի Իսթանպուլի ցուցադրութիւնը։
Այդ մասին կանուխ է բան մը ըսել, քանի որ դեռ շատ նոր է։ Բայց կը յիշեմ Մայտա Սարիսի կազմակերպած նախորդ ցուցահանդէսը, որ շատ մեծ թիւով այցելուներ ունեցանք։ Անշուշտ պէտք է նշեմ որ ան շատ աւելի կեդրոնական թաղի մը մէջ էր։
Որքան գիտեմ նախապէս ալ զանազան ցուցահանդէսներ կազմակերպած էք։
Ճիշդ է, Հայաստան եւ Ֆրանսա եւս ցուցահանդէսներ կատարուեցան։ Այժմ կ՚աշխատիմ Գերմանիոյ մէջ նման ներկայացում մը իրականացնելու։ Գերմանիան կը կարեւորեմ, որովհետեւ հոն բաւական մեծ թիւով թուրքիացիներ կան։ Գիտէք թէ հօրս նկարները մեծաւ մասամբ Մոսկուա արտադրուելով հանդերձ առհասարակ Թուրքիոյ ապրումները կը ցոլացնեն։ Հայրս շատ տառապած էր հայրենիքի կարօտէն։ Անգամ մը Ապիտին Տինոյի հետ Մոսկուայի փողոցներուն զբօսնելու պահուն երազած են օր մը Պոլիս ըլլալ եւ ծովեզրին նկարելու մասին։ Տինօ աւելի վերջ գրի առած յօդուածին մէջ այս երազին ակնարկելով կ՚ըսէ. «Այդ պահուն նկատեցի թէ Ժագի շրթունքը սկսած էր դողդղալ»։ Շատ մեծ կարօտ քաշեց հայրս։
Մոսկուայի բարեկամները ընդհանրապէս թուրքիացինե՞ր էին։
Ոչ, այդ տարիներուն թուրքիացիներ շատ չկային։ Այդ երթեւեկութիւնը Խորհրդային շրջանէն ետք սկսաւ։ Նոյնիսկ շատեր ամուսնացան ռուս կանանց հետ։ Յաճախ Թուրքիայէն այցելուներ կ՚ունենար։ Անոնցմէ մէկն էր երգիծաբան Ազիզ Նեսին։ Յետոյ Եաշար Քեմալ կամ Օրհան Քեմալը կը յիշեմ։ Երբ որ Մոսկուա գան, կամ մեր տան մէջ, կամ ալ աշխատանոցը անպայման կը հանդիպէին հօրս։ Արա Կիւլերն ալ եկած էր եւ աշխատանոցին մէջ լուսանկարած էր հայրս։ Բոլոր այդ տուեալները հետս են։ Ես մտադիր եմ այդ փաստաթուղթերը իրենց փոխանցելու։ Օրինակի համար Ազիզ Նեսինի հօրս գրած նամակները յանձնեցի իր որդոյն, Ալի Նեսինի։ Օրհան Քեմալի որդին Ըշըքի հետ ալ հանդիպեցայ, հօրը մակագրած գիրքը յանձնեցի։ Գիտեմ որ իր անունով թանգարան մը կայ։
Ժագ Իհմալեանի նկարչական ժառանգը բաւական մեծ ըլլալու է։
Շատ է՛ հայրս շատ կ՚արտադրէր։ Սկսած գործը նոյն օրուայ մէջ կ՚աւարտէր։ մականունը չէր արդարացներ այսինքն։ Բաւական մեծ քանակութեամբ գործեր ունի։ Կտաւի, թուղթի, փայտի կամ մետաղի վրայ աշխատուած գործեր...Անշուշտ բոլորն ալ նոյն յաջողութիւնը չունին։ Եթէ թանգարաններ պահանջեն, սիրով կը նուիրեմ այդ լաւ գործերը։ Գիտեմ որ հայրս կը փափաքէր իր գործերուն թանգարանի մէջ ցուցադրուիլը։ Իր այդ փափաքը զիս պարտական կը դարձնէ։ Երեւանի նկարչական թանգարանի մէջ հօրս հինգ գործերը կան, որոնցմէ մէկը միշտ կը ցուցադրուի։
Իսկ Իսթանպուլի թանգարաններուն մէջ Ժագ Իհմալեանի գործեր կա՞ն։
1993-ին երբ եկայ, ուզեցի որ քաղաքի թանգարաններուն տամ, բայց իրենք շատ ալ հետաքրքիր չեղան։ Անցեալին նման դժկամութիւն ցուցաբերած էին Ֆիքրեթ Մուալլայի դէմ։ Միայն Իսթանպուլի Նկարի եւ Քանդակի Թանգարանին մէջ Նազըմ Հիքմեթի դիմանկար մը կայ։ Այդ գործը հայրս նուիրած էր Զեքերիա Սերթելին եւ ապա դուստրը Եըլտըզ Սերթել նուիրեց թանգարանին։
Պոլիս կամ Մոսկուա հայկական կեդրոններ կան, որոնք եւս թանգարանի բնոյթ ունին։ Օրինակի համար Պոլսոյ պատրիարքարանի մէջ երեք Այւազովսկիներու կողքին կան բազմաթիւ գործեր։ Կը յիշեմ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցը կամ Կեդրոնական վարժարանը եւ նման հաստատութիւններ։ Անոնք արդեօք ունի՞ն Իհմալեանի գործեր։
1980 թուականին Էջմիածին քաղաքի մէջ Մայրավանքի մօտակայ սրահի մը մէջ ցուցահանդէս մը սարքած էինք։ Այդ ցուցահանդէսը այցելեց նաեւ Վեհափառ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս։ Հինգ գործեր ընտրեց վեհարանի համար։ Կէսին գումարը վճարեց եւ կէսն ալ մենք նուիրեցինք։ Մայրս Կեդրոնականի շրջանաւարտ է։ Եթէ նման ցանկութիւն ըլլայ, սիրով կը նուիրեմ իրենց։ Նոյնը կ՚ըսեմ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի համար։ Կրնան գալ եւ ընտրել։ Նոյնիսկ տեղի անբաւարարութեան պատճառաւ չցուցադրուած գործեր կան, անոնցմէ ալ կրնան ընտրել։
Կ՚ուզեմ որ քիչ մըն ալ պատմէք ձեր ծնողաց եւ հօրեղբօր Վարդան Իհմալեանի քաղաքական կեանքի մասին։ Բոլորն ալ Թուրքիոյ ընդհատակեայ Կոմունիստ Կուսակցութեան մէջ կարեւոր պաշտօններ ստանձնած են. Ի՞նչ յուշեր ունիք։
Հօրեղբօրս Վարդան Իհմալեանի յուշերը հրատարակուեցան թրքերէնով։ Երկրորդ տպագրութիւն մըն ալ եղաւ։ Ես նոյնիսկ չէի ծնած երբ հայրս Թուրքիայէն հեռացաւ։ Հազիւ ութը տարեկան էի եւ նախակրթարանի երկրորդ դասարան կը յաճախէի երբ Մոսկուա փոխադրուեցանք։ Նախապէս կը գտնուէինք Չինաստան՝ ուր եկած էինք Լեհաստանէն։
Այդ տարիներուն Խորհրդային Միութեան եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները որքան որ գիտեմ, լարուած չէ եղած։
Այո, մենք արդէն յարաբերութիւններու սրուելով է որ հեռացանք Չինաստանէն։ Եթէ չսկսէր «մշակոյթի յեղափոխութիւնը», կը շարունակէինք Չինաստան մնալու՛ քանի մայրս հոն կ՚աշխատէր իբրեւ ռատիօ կայանի խօսնակ։ Լեհաստան եւ Ռուսիոյ մէջ ալ նոյն պաշտօնը կատարեց։ Արդէն մեր տեղափոխութիւնը Չինաստանէն Մոսկուա, կազմակերպուեցաւ Կոմունիստ Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ։
Ի դէմ այս բոլորին կ՚ուզեմ նշել, թէ ծնողներս կուսակցական ըլլալով հանդերձ, մեր ընտանեկան ապրումներու մէջ, իմ եւ ծնողներուս յարաբերութեան միջեւ քաղաքականութեան վերաբերեալ նիւթերը առհասարակ տեղ չեն ունեցած։ Նոյնիսկ հայրս չէր ուզեր որ ես կուսակցութեան անդամ դառնամ։
Շնորհակալութիւն այս տեսակցութեան համար։
Ես շնորհակալ ե